Ս. Պատարագ եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Աւանդական Ճաշկերոյթը Համբարձման Տօնին Առիթով

Հինգշաբթի, 30 Մայիս 2019ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը նշուեցաւ Ս. Պատարագով եւ ճաշկերոյթով։

Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն։ Պատարագեց եւ քարոզեց Նորթ Հոլիվուտի Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան, որ կանգ առաւ Համբարձման խորհուրդին վրայ եւ անդրադարձաւ քրիստոնեայի կեանքին մէջ անոր ներգործութեան:

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ

Ս. Պատարագէն ետք, Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին կազմակերպած Համբարձման աւանդական ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Brandview» ճաշասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որուն կ’ընկերանային Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փէհլիվանեան եւ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան։

Ճաշկերոյթի հիւրընկալներն էին Տիկին Արսինէ ֆիլիփս եւ մայրը՝ Տիկին Արուսեակ Պետրոսեան, ի յիշատակ իրենց հօր եւ ամուսնոյն Յովակիմ Պետրոսեանի։ Ներկայ էին Թեմիս եկեղեցիներու Տիկնանց Միութեանց, ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ մասնաճիւղերու անդամուհիներ, բարերարներ ու բարեկամներ։

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամուհի՝ Տիկին Վանիա Պապիկեան, որ նաեւ բացատրութիւններ տուաւ Համբարձման տօնի աւանդներուն մասին։

Հոգեւոր հայրերը կատարեցին սեղաններու օրհնութիւնը, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազանը արտասանեց իր խօսքը:

Ան նախ գնահատեց Տ. Օ. Մարմինի անդամները, որոնք տարուան ընթացքին յաջողութեամբ կ՛իրականացնեն նման ձեռնարկներ, շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հիւրընկալներուն ինչպէս նաեւ բոլոր ներկաներուն իրենց զօրակցութեան համար։ Ապա, ան խօսեցաւ Համբարձման խորհուրդին եւ անոր մեր կեանքին վրայ ունեցած ներգործութիւնը, շեշտելով որ Համբարձմամբ ազդանշան տրուեցաւ մեր Տիրոջ երկրային առաքելութեան աւարտին եւ Իր երկնային փառքին վերադարձին, որ առիթ ընծայեց Քրիստոսի, մեզի համար երկինքի մէջ տեղ պատրաստելու եւ Իր երկրորդ գալստեան հիմքը դնելու։

Սրտի խօսք արտասանեց Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի ատենապետուհին՝ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հովանաւորներուն իրենց առատաձեռն նուիրատուութեան եւ բոլոր անոնց, որոնց ներկայութեան եւ քաջալերանքին շնորհիւ նման ձեռնարկներ կը կազմակերպուին վառ պահելով մեր ժողովուրդին մէջ մեր ազգային աւանդոյթները։

Առաջնորդ Սրբազանը իբրեւ գործնական արտայատութիւն, հիւրընկալներուն փոխանցեց գնահատանքի յուշատախտակներ։ Իսկ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին կողմէ յանձնուեցան գեղեցիկ ծաղկեփունջեր։ Խօսք առաւ Տիկin Արսինէ Ֆիլիփս, որ շնոհաւորեց Ազգ. Առաջնորդարանի նուիրական առաքելութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ցուցաբերուած յատուկ գնահատանքին առթիւ։

Ճաշի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական հաճելի յայտագիր մը, մասնակցութեամբ արուեստագէտ երգիչ Վարանդի, երաժշտական ընկերակցութեամբ Սարմէնի։ Հայկական պարով ելոյթ ունեցաւ Լիլիթ Սարգսեան։ Ներկաները երգեցին Համբարձման երգեր, տեղի ունեցաւ աւանդական վիճակաձգութիւնը։ Ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտին մէջ, եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022