Հինգշաբթի, 5 Մայիս 2016ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնին առիթով, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ապա տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին կազմակերպած Համբարձման տօնի աւանդական ճաշկերոյթը:
Ս. Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, որ կանգ առաւ Համբարձման խորհուրդին վրայ եւ անդրադարձաւ քրիստոնեայի կեանքին մէջ անոր ներգործութեան:
Ս. Պատարագէն ետք, Տ. Օ. Մարմինին նախաձեռնութեամբ, Համբարձման աւանդական ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Metropol» ճաշասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Սրբազանին կþընկերանային Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. քհնյ. Վասիլեանն ու Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փէհլիվանեան։
Ձեռնարկին ներկայ էին շուրջ 250 հիւրեր. հիւրընկալն էր Ազգային Առաջնորդարանի նուիրատուներէն՝ Տէր եւ Տիկին Ներսէս եւ Մարուշա Արթան ամոլը։
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Տ. Օ. Մարմինի ատենապետուհին՝ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան, իսկ հանդիսավարութիւնը կատարեց Մարմինի փոխ-ատենապետուհին՝ Տիկին Վարդուկ Աւետիքեան։ Համբարձման տօնի կրօնական ու ազգային աւանդներուն մասին խօսեցաւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան։
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական հաճելի յայտագիր մը, մասնակցութեամբ արուեստագէտ երգիչ Գագիկ Պատալեանի. հայկական պարերով ելոյթ ունեցան »Patille Dance Studio«էն՝ Փաթիլ եւ Սինթիա Ալպարեան քոյրերը։ Ներկաները երգեցին Համբարձման երգեր, տեղի ունեցաւ աւանդական վիճակաձգութիւնը։ Ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտին մէջ, եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
Առաջնորդ Սրբազանը արտասանեց գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքը: Ան գնահատեց Տ. Օ. Մարմինի անդամները, որոնք շաբաթներու վրայ երկարող հետեւողական աշխատանքով յաջողութեամբ պսակեցին այս ձեռնարկը: Ան բարձր գնահատեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հիւրընկալներ Տէր եւ Տիկին Ներսէս եւ Մարուշա Արթանին, եւ իբրեւ գործնական արտայայտութիւն անոնց փոխանցեց գնահատանքի յուշատախտակ մը։ Իսկ Տ. Օ. Մարմինի կողմէ, Տիկին Մարուշային յանձնուեցաւ գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ յատուկ գնահատանք եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ բարերարներուն, նուիրատուներուն, ՀՕՄ-ի անդամուհիներուն եւ Թեմի եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեանց, իրենց քաջալերանքին եւ զօրակցութեան համար։