Սրբոց Ղեւոնդեանց Տօնին Առթիւ Հոգեւորականաց Համագումար եւ Երեկոյեան Ժամերգութիւն


Ս. Ղեւոնդեանց տօնը, հայ հոգեւորականութեան տօնն ըլլալով, ամէն տարի առիթ կ’ընծայէ հոգեւոր խորհրդածութեանց եւ յատուկ արարողութեանց, ինչպէս նաեւ հոգեւորականաց համագումարի կազմակերպութեան։

Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի, Երեքշաբթի, 10 Փետրուար 2015ին, տեղի ունեցաւ տարեկան Ս. Ղեւոնդեանց համագումարը, հիւրընկալութեամբ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ։

Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի ատենապետութեամբ համագումարը բացուեցաւ աղօթքով: Նշենք, որ Առաջնորդ Սրբազանը Անթիլիաս կը գտնուէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան ժողովներու առիթով: Առաջնորդ Սրբազան Հօր թելադրանքով, այս տարուան համագումարին օրակարգի գլխաւոր նիւթն էր հոգեւորականներու ներքին ուղեցոյցի սերտողութիւնը։ Քննարկումնը վարեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան: Հոգեւորականներուն առիթ տրուեցաւ իրենց ներդրումը ունենալու ու գործնական թելադրանքներ կատարելու։ Համագումարը վերջ գտաւ “Աշակերտք Քրիստոսի” շարականի երգեցողութեամբ։

Համագումարէն ետք, հոգեւորականները ուղղուեցան եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից հոգեպարար արարողութիւնը։ Արարողութեան աւարտին, Կրօնական ժողովի փոխ-ատենապետ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ շնորհաւորեց ժողովուրդի զաւակներն ու բոլոր եկեղեցականները Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առիթով, որմէ ետք հրաւիրեց Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանը, որպէսզի օրուան պատգամը փոխանցէ։ Տէր Հայրը շեշտեց որ Ս. Ղեւոնդեանց նահատակութեան պատգամը այժմէական է նաեւ մեր դարուն, որպէսզի բոլոր քրիստոնեաները զինուին նոյն հաւատքի քաջութեամբ ու զօրութեամբ։ Ապա, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն կատարուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ պաշտօնավարած ննջեցեալ հոգեւորականներու հոգւոց խաղաղութեան համար։

Ժամերգութենէն ետք, ներկաները անցան եկեղեցւոյ սրահը, ուր տեղի ունեցաւ հաւաքական ընթրիք։ Ներկայ էին հոգաբարձութեան, երեսփոխաններու ու Տիկնանց Միութեան անդամներ եւ այլ ներկայացուցիչներ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022