Հոգեգալստեան Տօնին Առիթով Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 20 Մայիս 2018-ին, Հոգեգալստեան տօնին առիթով, Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ իր անդրանիկ Ս. Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան ու սարկաւագաց դասը։ Ս. Պատարագին ներկայ էին շրջանի երեսփոխաններ ու եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ, միութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը։

Քարոզէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազանը փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ՝ այս գեղեցիկ ու հոգեպարար արարողութեան համար, ապա ողջունեց Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը եւ փոխանցեց իր օրհնութիւնները։ Ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ Հոգեգալստեան այս տօնին, առաքեալներու օրինակով Ս. Հոգիին իմաստութեամբ ու շնորհքներով վերանորոգէ ու հարստացնէ բոլորին կեանքը։

Յիշեցնելով, որ 30 տարի առաջ, Օրէնճ Քաունթիի ծուխը այս օրերուն էր որ մեծ խանդավառութեամբ եւ սիրով կը պատրաստուէր Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ օծման, որ տեղի ունեցաւ Տօն Կաթուղիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Էջմիածնի օրը, ձեռամբ Երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին (ապա, Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս) եւ այս համայնքի զաւակները հոգեւոր ու ազգային արթնութեամբ ու պայծառ գործունէութեամբ տարիներ շարունակ իրենց ծառայութիւնը մատուցին այս եկեղեցւոյ, ուստի Առաջնորդ Սրբազանը մաղթեց, որ եկեղեցւոյ ծխականներն ու համայնքի զաւակները շարունակեն իրենց ծառայութիւնը վերանորոգ հաւատքով ու հոգիով, անկեղծութեամբ ու փոխադարձ սիրով՝ մեր եկեղեցւոյ ու ազգին շինութեան ու բարգաւաճման համար։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս շնորհաւորեց նորաօծ Թորգոմ Եպիսկոպոսը եւ յաջողութիւն, ոյժ եւ կորով մաղթեց անոր, ապա, գնահատեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը, երեսփոխանները, հոգաբարձութեան, տիկնանց միութեան ու դպրաց դասի անդամներն ու բոլոր նուիրեալները։

Իր պատգամի սկզբնաւորութեան, Թորգոմ Սրբազան առաջին հերթին փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, ապա, ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանը, մաղթելով կանաչ ու երկար տարիներ Տիրոջ ծառայական այգիին մէջ։ Ան նաեւ ողջունեց Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, մաղթելով ուժ ու կարողութիւն իրենց նուիրեալ, աստուածահաճոյ ու ազգաշէն առաքելութեան մէջ։

Անդրադառնալով օրուան խորհուրդին՝ Ս. Հոգւոյ գալստեան տօնին, Թորգոմ Սրբազան նշեց, որ առաքեալները թէեւ իրենց հաւատքին մէջ տոկուն էին, սակայն վախի զգացում մը կար անոնց մէջ, բան մը կը պակսէր անոնց հոգւոյն մէջ. այդ պակսող ճշմարտութիւնը Ս. Հոգիին հզօրացնող, գօտեպնդող, նորոգող ներկայութիւնն էր։ Ահա թէ ինչու, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի Համբարձումէն տասը օր ետք, Ս. Հոգին կրակէ լեզուի կերպարանքով երկինքէն երկիր կ’իջնէր, մաքրելով եւ սրբելով առաքեալները, ու անոնց տալով անբացատրելի ուժ, կամք, խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն։

Ս. Հոգին այսօր եւս կը շարժէ կեանքերը այն մարդոց, որոնք իրենց սիրտերը բացած են Աստուծոյ առջեւ եւ պատրաստ են ընդունելու զԻնք։ Աստուածաշունչին մէջ, Ս. Հոգին զանազան կերպարանքներով յայտնուած է մարդոց. անոր յայտնութիւնը ներշնչում եղած է բոլորին։

«Ս. Հոգին կը նորոգէ, կը վերածնցնէ եւ սեփականութիւնը կը դարձնէ Աստուծոյ։ Ան իր շնորհքներով, կարողութիւններով, իմաստութեամբ, երկնային պտուղներով կը լեցնէ մարդոց կեանքը եւ կը հարստացնէ մարդոց սիրտը», նշեց Թորգոմ Սրբազան եւ շեշտելով վերանորոգութեան կարեւորութիւնը՝ ըսաւ, որ «Ս. Հոգին առաջին հերթին կը նորոգէ մարդ տաճարը՝ քրիստոնեայ անհատը, անոր ընդմէջէն նորոգելով հաւաքականութիւնը՝ ընտանիքը, ծուխը, համայնքը, ազգը ու ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհը»։

Իր քարոզը եզրափակելով, պատարագիչ սրբազանը աղօթք բարձրացուց, որ Ս. Հոգին ներգործէ մարդոց կեանքերուն մէջ, նորոգէ բոլորին միտքը, հոգին, սիրտն ու կեանքը, նորոգէ նոր սերունդին ճամբաները, որպէսզի ճիշդ ուղղութեամբ առաջնորդուին. նորոգէ կեանքը մեր ազգին, մեր ժողովուրդին, ամբողջ տիեզերքին, եւ մաղթեց, որ Ս. Հոգին զօրացնէ բոլորս եւ մեր քայլերը աւելի հաստատուն կերպով առաջնորդէ դէպի աղբիւրը լոյսին։

Յանուն ծխական համայնքին, եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ Առաջնորդական Փոխանորդ Սրբազանին եւ փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները։

ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
Ս. Պատարագէն ետք, «Յարութ Պարսամեան» Հայ Կեդրոնի «Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին հաւատացեալ ժողովուրդը առիթ ունեցաւ հանդիպելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր, շնորհաւորելու նորաօծ Սրբազանը եւ ստանալու անոնց օրհնութիւնը։

Խօսք առին Հոգեւոր Հովիւն ու հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Հրայր Ճերմակեանը. անոնք բարի գալուստ մաղթեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու Առաջնորդական Փոխանորդին՝ այս իւրայատուկ օրուան առթիւ, եւ շնորհաւորեցին նօրաօծ Սրբազանը, մաղթելով արեւշատ օրեր եւ բեղուն ծառայութիւն։

Թորգոմ Սրբազան գոհունակութիւն յայտնեց այս առիթին ու Օրէնճ Քաունթիի գաղութին հետ ըլլալուն համար, կոչ ուղղելով իրարու հանդէպ առատ սէր ունենալ ու զայն ի գործ դնել ամէնօրեայ կեանքի մէջ։

Օրհնութեան իր խօսքը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանը։ Ան նշեց, որ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս. խորանը մեծ խորհուրդ ու նշանակութիւն ունեցած է իր կեանքին մէջ, ուր տարիներ շարունակ Ս. Պատարագ մատուցած է։ Ան անգամ մը եւս յիշեցուց, որ 30 տարի առաջ մեծ խանդավառութեամբ ու ոգեւորութեամբ կառուցուեցաւ այս եկեղեցին, ուստի, Առաջնորդ Սրբազանը Աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի Ս. Հոգիին հաւատքով, յոյսով ու սիրով վերանորոգէ բոլորին սիրտերն ու հոգիները, որպէսզի առաւել պատասխանատու քայլերով՝ անկեղծութեամբ, փոխադարձ սիրով, յարգանքով ու հաղորդակցութեամբ գործեն յանուն ծխական համայնքի առաւել պայծառացման ու բարգաւաճման։ Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս իր շնորհաւորական մաղթանքները փոխանցեց Առաջնորդական Փոխանորդին։

Հոգեւոր հովիւին ծննդեան տարեդարձին առիթով, հոգաբարձութիւնն ու տիկնանց միութիւնը անակնկալ մը ըրին, հատելով կարկանդակ մը։

«Կիլիկիա» մաղթերգով վերջ գտաւ օրուան հանդիսութիւնը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022