Ս. Յարութեան Տօնը Արեւմտեան Ամերիկայի Թեմէն Ներս Հոգեզուարճ Բերկրութեամբ Լեցուց Բազմահազար Սրտեր

Կիրակի, 17 Ապրիլ 2022-ին, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս Ս. Յարութեան տօնը նշուեցաւ հանդիսաւորապէս եւ մեծապէս նպաստեց բազմահազար հայորդւոց հոգեւոր կեանքի ծաղկման եւ ցնծութեամբ լիացման, զի մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, այդ օր, գերեզմանը արհամարհելով Յարութիւն առաւ եւ յաւիտենական կեանքի յոյսով լեցուց մինչեւ իսկ մեղքի տիղմին մէջ թաթխուածները:

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով Եպիսկոպոսական Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց եւ սրտառուչ քարոզ տուաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իր խօսքը սկսելով այսպէս.
buy cialis professional generic https://yourcialisrx.com/cialis_professional.html over the counter

«Բոլոր ժամանակներու ամէնէն ուժեղ լուրն է, որ կը հնչէ այսօր մեր կեանքէն ու կու գայ արձագանգելու մեր կեանքին մէջ: Լուր մը, որ չի հիննար, որ ժամանակավրէպ չի դառնար, որ բազմաթիւ հարիւրամեակներ հնչելէ ետք եւս նոյն թարմութեամբ ու գեղեցկութեամբ եւ Տիրոջ կողմէ մեզի տրուած հոգեւոր նոյն խնդութեամբ, ուրախութեամբ, ցնծութեամբ ու աստուածապարգեւ գեղեցիկ ժպիտով, այլեւ Աստուծոյ՝ մարդուն շնորհած բարի համբոյրով, անգամ մը եւս կը հնչէ, թէ՝ «Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց»: Եկեղեցին լեցուցած հազարէ աւելի հայորդիք, ի պատասխան Սրբազան Հօր խօսքերուն, մէկ մարդու պէս «Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի» պատասխանեցին եւ ականջալուր եղան անոր հոգեւոր պատգամին, որուն առանցքը հանդիսացաւ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան պարգեւած յոյսը հայ մարդու անհատական, հաւաքական, ինչպէս նաեւ հայոց ազգի ու հայրենիքի կեանքին մէջ:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ նաեւ թելադրեց բոլոր ներկաներուն՝ իրենց ամէնէն վատ պահերուն իսկ բարի ու յուսալից նայուածք նետելու դէպի երկինք եւ անդադար աղօթելով՝ դիմանալու, տոկալու ու տեւելու ուժ ու կարողութիւն խնդրելու Արարիչէն, ապա պարզ, բայց կառուցողական իմաստ ունեցող՝ «ես կը հաւատամ Աստուծոյ, Յիսուս իմ յոյսս է, կը սիրեմ բոլոր հայերը» բառերը կրկնելու հրաւէր ուղղեց բոլորին:

Յայտնենք, որ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ խորանին սպասարկեցին քահանայ հայրեր, սարկաւագներ եւ դպիրներ:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022