Տեառնընդառաջի Նախատօնակ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ


Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Քառասնօրեայ Տաճար գալստեան՝ Տեառնընդառաջի տօնին առթիւ, եւ պահպանելով տարիներու բարի աւանդութիւնը, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Շաբաթ, 13 Փետրուարի երեկոյեան նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ նախատօնակի արարողութեան, որուն մասնակցեցան հոգեւորականաց դասու անդամներ. աւարտին, եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ խարոյկի հրավառման արարողութիւնը: Ներկայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը:

Նախատօնակի հոգեպարար արարողութիւնը սկսաւ հաւաքական Տէրունական աղօթքով: Հոգեւոր մթնոլորտը շատ խրախուսիչ եւ տպաւորիչ էր: Նախատօնակի պահուն, Սրբազան Հայրը թափօրով շրջելով եկեղեցւոյ մէջ, խաչի օրհնութեամբ բարեպաշտ ժողովուրդին փոխանցեց Քրիստոսի սէրն ու Աստուածային զօրութիւնը:

Օրուան խորհուրդը վեր առնող իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իբրեւ բնաբան ունենալով տօնին նուիրուած շարականին բառերը, «Կենարարը այսօր տաճար եկաւ եւ Սիմէոնի գիրկին մէջ գգուեցաւ, Երուսաղէմը խնդութեամբ ընդունեց զայն», բացատրեց Տեառնընդառաջի տօնին կրօնական եւ ազգային իմաստը, շեշտելով Աստուծոյ ընծայուելու հրաւէրը: Ան հակիրճ կերպով կանգ առաւ պատմական դէպքերուն առջեւ, երբ Յիսուս Մանուկի երկրաւոր ծնողները, համաձայն աւանդութեան, զայն Տաճար տարին Աստուծոյ ընծայաբերելու համար: Յիսուս Մանուկը դիմաւորեցին Սիմէոն Ծերունին եւ Աննա Մարգարէուհին. առաջինը քաջածանօթ էր մարգարէութեանց, որուն Ս. Հոգիէն խոստացուած էր եւ խոր հաւատքով կը սպասէր արժանանալու մարդացեալ Աստուածորդւոյն տեսութեան. ան սուրբ հոգիէն մղուած տաճար եկած էր, եւ երբ Աստուածամայրն ու Հայր Յովսէփ Յիսուս Մանուկը բերին, Սիմէոն Ծերունին զայն իր գիրկը առաւ, փառք տուաւ Աստուծոյ եւ գոհունակութեամբ խնդրեց որ Ան արձակէ զինք, որովհետեւ իր աչքերը տեսած էին Փրկիչը, որ եկած է իբրեւ լոյս աշխարհի:

Այս տօնը, շարունակեց Առաջնորդ Սրբազանը, Աստուծոյ ընդառաջ երթալու խորհուրդը կը փոխանցէ մեզի, ու մենք կոչուած են Աստուծոյ հրաւէրին ընդառաջելու ծառայութեան ոգիով, վերանորոգելով մեր ուխտը, մանաւանդ, որ Վեհափառ Հայրապետը 2016 տարին հռչակած է Ծառայութեան Տարի: Ան շեշտեց, որ ուխտի վերանորոգութեան առաջին տեղը ընտանիքն է, որ պարտի պահպանել մեր եկեղեցական ու ազգային աւանդութիւնները, հոգածու ըլլալ նոր սերունդներուն քրիստոնէական ու ազգային դաստիարակութեան: «Այս տօնը մեզի համար ունի հիմնական պատգամ մը, որ կը թելադրէ հաւաքաբար ընծայուիլ Աստուծոյ, հաւաքական նուիրաբերում ցուցաբերել եկեղեցւոյ եւ Ազգին»:

Այս մտածումներով, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց ներկայ հաւատացեալները, մաղթելով, որ անոնց կեանքը լուսաւորուի եւ ուխտը վերանորոգուի Քրիստոսի լոյսով: Ան օրհնութեան յատուկ խօսք ուղղեց ներկայ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն եւ զանոնք յորդորեց այս ոգիով ծառայելու մեր եկեղեցւոյ ու ազգին, աշխատելով գերազանցել զիրար:

«Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ Ինչպէս ծանօթ է, Տեառնընդառաջի այս արարողութեան առիթով, գեղեցիկ աւանդութեան վերածուած է ներկայութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներու, առաջնորդութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներու եւ ընկերակցութեամբ խմբապետական կազմին ու վարչական պատասխանատուներու: Այս տարի, Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու ներկայութիւնը զգեցաւ տարբեր իմաստ, որովհետեւ ներկաներէն 28 հոգի վերջին ամիսներուն հետեւած էին «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» սկաուտական կրօնական շքանշանին յատուկ դասընթացքներուն եւ ստացած էին եկեղեցական ու ազգային յատուկ գիտելիքներ: Առաջնորդ Սրբազանը հոգեւոր հայրերուն աղօթակցութեամբ օրհնեց շքանշանները եւ զանոնք յանձնեց արժանաւորներուն:

Արարողութեան աւարտին, հաւատացեալները իրենց մոմերը վառեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ խորանէն վառուած մոմէն, ապա, «Քրիստոս Փառաց» շարականին երգեցողութեամբ, եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւները ծնողներու կողմէ իրենց մատուցուած երեխաները տաճար ընծայեցին, հետեւողութեամբ մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման: Այնուհետեւ, դպրաց դասի առաջնորդութեամբ եւ շարականներու երգեցողութեամբ, հոգեւորականաց դասը առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ բակը, ուր խորանէն բերուած մոմով՝ Սրբազան Հայրը վառեց խարոյկը, որուն շուրջ սկաուտներ ձեռք ձեռքի բռնած՝ լայն շրջանակ մը կազմած էին: Խորհրդաւոր մթնոլորտի մէջ, ազգային հայրենասիրական յատուկ երգեր երգուեցան խմբովին, իսկ սկաուտներ ու մասնակիցներ ցատկեցին կրակին վրայէն: Աւարտին, ներկայ ժողովուրդէն բաղկացած պարախումբը ծաղկեցուց մթնոլորտը՝ գաւառական եւ ժողովրդական պարերով եւ երաժշտութեամբ:

ԸՆԹՐԻՔ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ Արարողութիւններէն ու հրավառութենէն ետք, եւ յաջորդաբար 15րդ տարին ըլլալով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատասխանատուներ ու սկաուտներ եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ համախմբուեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու հոգեւորականներուն շուրջ, աւանդական ընթրիքի երեկոյին համար: Առաջնորդ Սրբազանին նախաձեռնութեամբ սկզբնաւորուած այս հանդիպումը կը հիւրընկալուի եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կողմէ, ներկաները կը ճաշակեն պահքի յատուկ ճաշեր:

Ընթրիքի աւարտին, կիրարկուեցաւ պատշաճ ու կոկիկ յայտագիր մը. խօսք առին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան, որ վարեց յայտագիրը: Շնորհակալութեան յաւուր պատշաճի խօսք ուղղեց նաեւ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչը: Եզրափակիչ իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրուած սկաուտները եւ զանոնք յորդորեց պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ ծառայելու ազգին, եկեղեցիին եւ հայրենիքին: Ապա, յիշատակի նուէրներ յանձնեց բոլոր ներկաներուն եւ օրհնութեան խօսքով ու աղօթքով փակեց Տեառնընդառաջի երեկոյեան հանդիսութիւնը: Աւարտին, հաւաքաբար երգուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Յառաջ Նահատակ» քայլերգը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022