Հովուական Անդրանիկ Այցելութիւն Ի Լաս Վեկաս – «Տէր Արցախը՝ Ի Պատիւ Հայ Արցախին», Ըսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը

Շաբաթ, 23 Յունուար 2021ի առաւօտեան Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան մեկնեցաւ Լաս Վեկաս, ընկերակցութեամբ Կրօնական ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի եւ անդամներ՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեանի, Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի, Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեանի, Ազգային վարչութեան անդամներ Բարշ. Պերճ Սրկ. Աբգարեանի (Հ.Հ. Պատուոյ հիւպատոս Ֆրեզնոյի մէջ), Տիկ. Ծովիկ Զէյթլեանի եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիար Կայծակ Զէյթլեանի: Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 5ին, Սրբազան Հայրը նախագահեց Լաս Վեկասի Հայց. Առաք. Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Կիրակնամուտի Ժամերգութեան եւ կատարեց քահանայական կոչման արարո-ղութիւնը Բարշ. Սեւակ Սրկ. Պատոյեանի։ Սեւակ սարկաւագ՝ խարտաւիլակ հայր սուրբեր Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի եւ Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեանի առաջնորդութեամբ՝ եկեղեցւոյ մուտքէն ծնրադիր ուղղուեցաւ դաս եւ նզովեց բոլոր հերետիկոսներն ու եկեղեցւոյ ճշմարիտ դաւանանքին խոտոր հանդիսացող վարդապետութիւնները, ապա հաստատեց Հայ Եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանանքին ու սրբազան հայրապետներու հաստատած կանոններուն նկատմամբ իր հաւատարմութիւնը:

Յետ արարողութեան, Սրբազան Հայրը հանդիպում-ընթրիք մը ունեցաւ շրջանի հոգեւոր հովիւին, Ազգային երեսփոխաններուն, եկեղեցւոյ Հոգաբարձական կազմին եւ համայնքի բարերարներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լաս Վեկասի ծխական կեանքը յուզող հարցեր: Սրբազան Հայրը իր զրուցակիցներուն հետ բաժնեց մտածումներ՝ ի խնդիր շրջանի հայութեան հոգեւոր եւ ազգային կեանքի առաւել պայծառացման եւ բարձր գնահատեց անոնց ազգակերտ ու եկեղեցաշէն գործունէութիւնը Լաս Վեկասի հայութեան կեանքին մէջ:

Կիրակի, 24 Յունուար 2021ի առաւօտեան ժամը 10ին, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով Սրբազան Հայրը կատարեց Առաջնորդական Անդրանիկ Ս. եւ Անմահ Պատարագ: «Զի ողորմած» աղօթքէն ետք Ընծայեալը խարտաւիլակ հայր սուրբերուն առաջնորդութեամբ ծնրադիր բարձրացաւ Ս. Խորան, ուր աստուածաշնչական ընթերցումներու եւ հոգեթով աղօթքներու ճամբով ան հրաւիրուեցաւ Քրիստոսի «քաղցր լուծը» կրելու խորհուրդի պատասխանատուութեան: Ձեռնադրութենէն ետք, «Կենդանարար» շարականի երգեցողութեան պահուն, խարտաւիլակ Հայր Սուրբը Միւռոնաթափ Աղաւնին թափօրով բարձրացուց Ս. Խորան եւ յանձնեց ձեռնադրիչ Սրբազան Հօր, որ Ս. Հոգին խորհրդանշող Սրբալոյս Միւռոնը հեղեց եւ ապա օծեց Ընծայեալին ճակատը, ձեռքերը եւ շքեղ հանդիսութեամբ մը Բարշ. Սեւակ Սրկ. Պատոյեանը վերակոչեց Տ. Արցախ Քահանայ, ի հետեւումն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.
buy bupropion generic https://rxxbuynoprescriptiononline.com/bupropion.html over the counter

Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կողմէ 2021 տարեշրջանը «Արցախի Տարի» հռչակման եւ ի պատիւ Հայ Արցախին:

Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան, քահանայական օծման եւ իբրեւ Արեւմտեան Թեմի նորընտիր Առաջնորդ շրջան իր առաջին այցելութեան առիթով արտասանած իր առաջնորդական անդրանիկ քարոզին մէջ հովուական ողջոյնի խօսք ուղղեց արարողութեան ներկայ քրիստոնեայ այլ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, տեղւոյն հայ համայնքի պատասխանատու մարմիններու, միութիւններու եւ ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ բարերարներու, նուիրատուներու եւ նուիրեալներու, նշելով, որ հոգեկան անսահման ուրախութիւն մը լեցուցած է բոլորին սրտերը, եւ այդ ուրախութիւնը չի գար այս աշխարհէն, այլ կը ճառագայթէ երկինքէն, Աստուծմէ, որովհետեւ ամէն անգամ որ հաւատացեալներ ներկայ կ՛ըլլան Ս. Պատարագի, քահանայական ձեռնադրման եւ օծման արարողութեանց, կ՛արժանանան երկնքի ուշադրութեան եւ աստուածային օրհնութիւններու ու այս է պատճառը, որ այդ պահուն բոլորին սրտերը կը բաբախեն տարբեր կշռոյթով մը, որ մեր Արարիչին՝ Աստուծոյ հետ եւ մեր Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ միութիւն եւ մէկութիւն կազմելու ուրախութիւնն է, որով կը դառնանք տաճար՝ Ս. Հոգիին:

Խօսելով «Արցախի Տարի» խորհուրդին մասին, Քարոզիչ Սրբազանը ըսաւ. «Երբ Արամ Ա. Կաթողիկոս 2021 տարին կը հռչակէ Արցախի տարի, նոր յոյս մը կը ծագի մեր կեանքին մէջ, եւ աստուածային լոյսը տարբեր ուժով կը ճառագայթէ մեր հոգիին մէջ: Ահա թէ ինչո՛ւ մենք կը հրաւիրուինք չյուսահատելու, այլ՝ ընդհակառակն, յոյսի աչքերով նայելու կեանքին, այն հաւատքով ու համոզումով, որ Աստուած մեր կողքին է: Եւ եթէ Տէր ընդ մեզ է, ո՞վ կրնայ մեզի դէմ ըլլալ»: Ան միաժամանակ ընդգծեց, որ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանէն յատուկ պատուիրակութեամբ Լաս Վեկաս հասած է գլխաւորելու համար քահանայական այս ձեռնադրութիւնը, որ Ամերիկայի Նեւատա նահանգին մէջ առաջին անգամն է, որ տեղի կ՛ունենայ: Ապա խօսքը ուղղելով Ընծայեալին՝ ըսաւ. «Նորօծ քահանան կը հրաւիրուի իր կեանքին ամէնէն կարեւոր օրը նկատելու այս օրը, որովհետեւ ան այսօր, այս պահուն կ՛արժանանայ աստուածային ուշադրութեան եւ Ս. Հոգւոյ ներգործութեամբ նոր մարդ կը դառնայ, մէկ նպատակ ունենալով իր կեանքին մէջ, որ եկեղեցւոյ ճամբով քրիստոսաւանդ ծառայութիւնն է՝ առ մեր ազգի թանկագին զաւակները»: Հուսկ, Սրբազան Հայրը հաւատացեալները հրաւիրեց յոտնկայս երգելու «Ողջոյն»ը՝ որպէս արձագանգ օրուան խորհուրդին, որ Ս. Կարապետ եկեղեցիէն պիտի հասնի մինչեւ Մայր Հայաստան եւ Արցախ:

Արարողութեան աւարտին, Գերշ. Առաջնորդ Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, նորօծ Տէր Արցախ Քահանայ Պատոյեան, կնքամայրը՝ Տիկին Արտա Եմենիճեան եւ կնքահայրը՝ տիար Յակոբ Քուճաքեան ընդունեցին շնորհաւորութիւնները ներկաներուն: Այս առիթով եղան անկեղծ ու սրտաբուխ մաղթանքներ:

Յայտնենք, որ Սրբազան Հօր Լաս Վեկաս այցելութեան եւ առաջնորդական անդրանիկ Պատարագի առիթով, տեղւոյն ազգայիններէն Լաս Վեկասի մէջ Հ.Հ. պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեան եւ ազնուափայլ Տիկինը՝ Նորան, ինչպէս նաեւ Նորային մայրը՝ Տիկ. Արփի Գութնույեան, իրենց սրտագին բարեմաղթութիւնները յայտնեցին Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի եւ կատարեցին 10 հազար ($10,000) տոլարի նուիրատուութիւն մը (5 հազար տոլար՝ Ազգային Առաջնորդարանին, 5 հազար տոլար՝ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծրագիրներուն):

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022