Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Օծման 30-ամեակի Տօնակատարութիւն եւ Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ

– ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԵՒ ԵՌԱԳՈՅՆ ԴՐՕՇԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ 27-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

– ՄԵԿՆԱՐԿ ՀԱՅ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՀԱՆԳԱՆԱԿԱՅԻՆ ԱՐՇԱՒԻՆ

Կիրակի, 23 Սեպտեմբեր 2018-ին, Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական համայնքը Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով եւ պաշտօնական ճաշկերոյթով մը տօնեց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 30-րդ տարեդարձը։ Նոյն օրը, յընթացս Ս. Պատարագի, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք՝ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումի 27-րդ տարեդարձին առիթով, իսկ Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Հայ-Ամերիկեան թանգարանի վարչական խորհուրդը մեկնարկեց ի նպաստ այս ծրագիրին՝ իր հանգանակային արշաւը։

Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագը մատուցեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, կատարեց Եռագոյն դրօշի օրհնութիւնը եւ ուղղեց օրուան խորհուրդները վեր առնող պատգամ մը։ Ս. Պատարագին մասնակից էր Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան։ Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան եւ անդամներ, եկեղեցւոյ ժողովականութեան, Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի եւ շրջանի միութեանց ներկայացուցիչներ։

Քարոզէն առաջ, կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանքի արարողութիւնը։ Դպրաց դասին կողմէ «Ուրախ լեր» շարականին երգեցողութեամբ, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Աշոտ Երկաթ» ուխտի անդամներ Հայկական Եռագոյնը թափօրով բերին Ս. Խորանին առջեւ։ Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց հայկական դրօշը եւ ապա, ուղղեց իր պատգամը։

Իր պատգամին սկիզբը, Առաջնորդ Սրբազանը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ 30 տարիներ առաջ այս ծխական համայնքը ունեցաւ իր սեփական եկեղեցին, որ օծուեցաւ ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ (ապա՝ Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց)։ Ան յիշատակներով վերադարձաւ այն օրերուն, երբ կը վարէր այս եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչի առաքելութիւնը եւ նշեց, որ այսօր ալ նոյն խանդավառութեամբ հոգեկան բերկրանք կ’ապրի։ Ան երախտագիտութեամբ յիշատակեց Քէօյլեան, Ղուկասեան, Մինասեան եւ Յովնանեան ընտանիքները, որոնց առատաձեռն նուիրատուութիւններով մարմնաւորուեցան եկեղեցին, սրահը, դպրոցն ու զանոնք պարփակող համալիրը, իսկ աւելի ուշ, Պարսամեան ընտանիքը եղաւ համանուն հայ կեդրոնի բարերարը։ Ան օրհնեց յիշատակը հանգուցեալ հիմնադիրներուն ու բարերարներուն, ապա նաեւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ շրջանի բոլոր կազմակերպութեանց ու միաւորներուն մասին, որոնք եկեղեցւոյ հետ միացնելով ձեռքերը՝ կը գործեն գաղութի բարօրութեան, եկեղեցւոյ պայծառացման եւ ազգին շինութեան համար։ Ան շնորհաւորեց նուիրատուները, նուիրեալ ծառայողները, կնքահայրները եւ բարերարները։

Խօսելով Հայաստանի անկախութեան վերականգնումի տարեդարձին մասին, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ «մեր աղօթքները բարձրացուցինք առ Աստուած, որպէսզի օրհնէ մեր հայրենիքը եւ Արցախը, օրհնէ Եռագոյն դրօշը, իմաստութիւն եւ շնորհք պարգեւէ հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին եւ բոլոր նուիրեալ ծառայողներուն»։ Ան յիշեցուց, որ 27 տարի առաջ վերածնած անկախութիւնը մարմնաւորեց Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան աւանդները, այսօր, մեր հայրենիքը կը քալէ իր սեփական ուղիով, տէրն է իր ճակատագիրին ու ժառանգութեանց, որոնք մեզի հասած են անդրանիկ հանրապետութենէն։ Ան նկատեց, որ վերջին ամիսներուն, մեր հայրենիքը վերածնունդ մը ապրեցաւ, նոր Հայաստան մը կերտելու ուղիին մէջ է, եւ մենք այսօր կ’աղօթենք, որ արդարութեան, հեզութեան ու խոնարհութեան ոգիով եւ իմաստութեամբ՝ Հայաստանի պետութիւնը մեր ժողովուրդը առաջնորդէ դէպի նորանոր բարձրունքներ։

Իր պատգամին յաջորդ բաժինով, Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ Արեւմտեան մեր թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ այսօր պաշտօնապէս կը յայտարարենք Հայ-Ամերիկեան թանգարանի ծրագիրի ի նպաստ հանգանակային աշխատանքներուն սկզբնաւորումը, հրաւէր կ’ուղղուի մեր ժողովուրդին, որպէսզի հաւաքաբար մասնակցինք թանգարանի իրականացման աշխատանքներուն։ «Այսօր իմ ձայնս կը միացնեմ հայկական յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդներու կոչին, եւ յանուն թանգարանի խորհուրդին՝ բոլորդ կը հրաւիրեմ նուիրաբերումի ոգիով մասնակցութիւն բերելու այս նպատակով սկսող հանգանակային աշխատանքներուն։ Թանգարանը պիտի կառուցենք միասնաբար, այն գիտակցութեամբ, որ անիկա կոչուած է բարերար դեր կատարելու ի նպաստ հայութեան՝ մեր եկեղեցիներուն, վարժարաններուն եւ պատմութիւն կերտած բազմաթիւ միաւորներուն կողքին», շեշտեց ան։

Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզին բնաբան ընտրած էր Մատթէոսի աւետարանի 7։24 համարը, որ կ’ըսէ. «Ով որ իմ այս խօսքերս կը լսէ եւ կը գործադրէ զանոնք, պիտի նմանի այն իմաստուն մարդուն, որ իր տունը ժայռի վրայ կը շինէ»։ Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ այս համարը ընտրած է, որովհետեւ 30 տարի առաջ, երջանկայիշատակ Տ. Տ. Գարեգին Բ. վեհափառը նոյն համարը ընտրած էր իբրեւ բնաբան իր օրուան պատգամին։ Ան յայտնեց, որ երբ Քրիստոս իր լերան քարոզով սկսաւ իր ուսուցումներուն, այդ քարոզին ընդմէջէն օրէնքի եւ բարոյական հասկացողութեան բոլոր թելադրութիւնները տուաւ իր աշակերտներուն, սորվեցնելով, թէ ինչպէս պէտք է աղօթել, ողորմածութիւն ընել, նաեւ յստակ ուղղութիւն տուաւ, թէ մեր գանձերը ուր պէտք է դիզենք եւ մանաւանդ՝ մեր հաւատքի լոյսը ինչ պէտք է ըլլայ մեր կեանքին մէջ։ «Իմաստունը իր տունը կը շինէ ժայռի վրայ, իսկ իմաստութենէ զուրկ մարդը՝ աւազի վրայ։ Իմաստունը այն մարդն է, որ կը լսէ Յիսուսի խօսքերը եւ կը գործադրէ զանոնք, իսկ իմաստութենէ զուրկ մարդը ան է, որ կը լսէ Յիսուսի խօսքերը, սակայն չի գործադրեր», ընդգծեց ան եւ նշեց, որ Քրիստոսի խօսքերը այսօր եւս պէտք է բոլորիս լսելի ըլլան։ «Այսօր 30-ամեակի այս Ս. Պատարագին, անգամ մը եւս կոչ կ’ուղղեմ բոլորիդ, որ ամէն բանէ առաջ մնաք Քրիստոսի աշակերտները, ոչ միայն լսէք անոր խօսքերը, այլ գործադրէք զանոնք։ Այսօր, պէտք է վերանորոգենք մեր հաւատքի ուխտը եւ այս եկեղեցին իբրեւ ժայռի վրայ հաստատուած հաւատքի տուն՝ առաւել եւս ծաղկեցնենք, որովհետեւ բոլորս ալ կը դաւանինք, որ եկեղեցին հայկական մեր հոգիներուն ծննդավայրն է», յորդորեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ մաղթեց, որ շէն ու պայծառ պահենք այս եկեղեցին, իբրեւ հաւատաւոր զաւակները Աստուծոյ, հաւատարիմ աշակերտները Քրիստոսի՝ երթանք դէպի յառաջ, հաւատքով ծաղկած, ազգային զգացումներով շէնցած եւ քրիստոնէական առաքինութիւններով տոգորուած, խոնարհ հոգիով, արդար սրտով եւ պարկեշտ ծառայութեամբ կատարենք մեր առաքելութիւնը, միասնաբար փառք տանք Աստուծոյ եւ խնդրենք Իրմէ, որ իմաստութեամբ առաջնորդէ մեզ, որպէսզի մեր եկեղեցին եւ ազգային հաստատութիւնները ժայռի վրայ ամուր եւ հաստատ պահենք, եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պահուն, յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ եկեղեցւոյ վախճանեալ առաջին հոգեւոր հովիւ Տ. Աշոտ Աւ. Քհնյ. Գոչեանի, բարերարներէն Մանուէլ եւ Վերոնիքա Քէօյլեանի, Հայկ եւ Վարդուհի Ղուկասեանի, Կիրակոս եւ Արի Մինասեանի, ինչպէս նաեւ հանգուցեալ հիմնադիրներուն, Ազգ. Երեսփոխաններուն, հոգաբարձուներուն, Տիկնանց միութեան անդամներուն, սարկաւագներուն, դպրաց դասի անդամներուն, բարերարներուն եւ ծառայողներուն յիշատակին։

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ
Արարողութենէն ետք, «Ղուկասեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 30-ամեակի տօնական ճաշկերոյթը, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան, 30-ամեակի յանձնախումբին, եւ հիւրընկալութեամբ Տէր եւ Տիկին Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեան բարերար ամոլին։

Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Առաջնորդական փոխանորդ Սրբազանը։ Բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավարուհին՝ Տիկին Գոհար Զահըր, որ նշեց, թէ մեր ժողովուրդին համար, Հայ Եկեղեցին, քրիստոնէական դաստիարակութիւն եւ հոգեկան սնունդ տալու կողքին, եղած է այն վայրը, ուր մեր հայկական ինքնութիւնը կ’ամրապնդուի մեր նախնիներու հաւատքով ու աւանդութիւններով կը զօրանանք։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին՝ այս յոբելենական հանդիսութեան ներկայութեան առիթով, եւ կոչ ուղղեց համայնքի զաւակներուն՝ սատար կանգնելու մեր եկեղեցւոյ։ Սրտի խօսք արտասանեց շրջանի «Արմէն Գարօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Կարօ Քիլէճեան, որ 30 տարի առաջ հիմնուած եկեղեցին նկատեց մեր հաւատքին ու ազգային արժէքներուն մէկ աղբիւրը, շնորհաւորեց ծխական համայնքը, միաժամանակ նշելով, որ այս օրերուն կը տօնենք նաեւ Հայաստանի վերանկախացման ու Արցախի անկախութեան տարեդարձները։

Ճաշի պահուն, ներկաները վայելեցին գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն մասնակցութիւն բերաւ երգիչ Յովհաննէս Պալեան. շարականներով ու ասմունքով հանդէս եկան Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները։ Ցուցադրուեցաւ եկեղեցւոյ պատմութենէն քաղուած ժապաւէն մը։ Եկեղեցւոյ երիտասարդականի անդամները ներկայացուցին «Սիսէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ» խորագրեալ պատկեր մը, որ նուիրուած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ Ս. Աթոռոյս հովանաւորութիւնը վայելող թեմերու 60-ամեակին ու մեր Թեմի 45-ամեակին։ Ապա իր գրած բանաստեղծութիւններէն ասմունքեց երէցկին Սեւան Պետուրեան։

Հոգաբարձութեան անունով ողջոյնի ու սրտի խօսք արտասանեց ատենապետը՝ Տիար Հրայր Ճերմակեան, որ դրուատիքով խօսեցաւ եկեղեցւոյ ու ազգին համար նուիրաբերողներուն մասին։ Յուշանուէր մը յանձնուեցաւ եկեղեցւոյ հիմնադիրներէն՝ Քէօյլեան ընտանիքի անդամ եւ բազմամեայ ծառայող Տիար Վաղարշ Քէօյլեանի, որ շնորհակալութիւն յայտնելով այս պատիւին համար՝ կոչ ուղղեց գուրգուրալ մեր եկեղեցական ու ազգային արժէքներուն վրայ։ Հետեւեցաւ տարեդարձի կարկանդակի հատումի արարողութիւնը։

Յանուն Ազգային Վարչութեան՝ շնորհաւորանքի եւ նորանոր նուաճումներու մաղթանքի խօսք մը արտասանեց ատենապետը՝ Տիար Կարօ Էշկիեան։ Ան նշեց, որ առանց անցեալի ներկայ չկայ, 30-ամեակը պարզապէս թիւ մը չէ, այլ նաեւ պատմութիւն է եւ աշխատանքի ու նոր իրագործումներու խոստումի խորհրդանիշ։

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը։ Ան նշեց, թէ հիմնական պատգամը այսօր այն է, որ մենք ըլլանք Աստուծոյ խօսքին հետեւող ու գործադրող՝ եկեղեցւոյ եւ ազգի զաւակները, եւ իբրեւ հաւատարիմ ժառանգորդներ՝ հաւատքով հետեւինք եւ գործենք եկեղեցւոյ շինութեան եւ պայծառութեան համար։ 30 տարի առաջ այս խոստումը կատարած ենք Վեհափառ հօր, եւ այսօր կը վերահաստատենք մեր խոստումը, որպէսզի եկեղեցւոյ օծման այդ պահը վերապրի բոլորիս կեանքին մէջ։ Կը խոստանանք նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին հովանին պահպանել ու նոր իրագործումներու մղիչ ուժի վերածել։ Վերջապէս, կը խոստանանք սփիւռքի ներկայ պայմաններուն մէջ թափով շարունակել հայապահպանումի եւ հայակերտումի երթը։ «Այսօր իմ աղօթքս ու մաղթանքս է, որ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի խօսքերուն համաձայն ցանենք, ցանենք եւ ցանենք յանուն ազգի սեղանին, յանուն թշուառին, յանուն տիրոջ նշխարին, ցանել նոյնիսկ հեռու սահմանէն, աստղերու պէս ալիքներու պէս ցանել։ Այս բառերուն մէջ, զոհողութիւն, ողորմածութեան ոգի, ծառայութիւն, հաւատք, անսահման նուիրում, սէր, անվերապահ եւ անսպառ կերպով», ընդգծեց ան, գնահատեց եւ օրհնեց անոնք, «որոնք յաճախ դժուար պայմաններու մէջ այս եկեղեցւոյ կառուցման օրերը ապրեցան, ապա աշխատեցան կանգուն պահել, ուրիշներ միացան ծառայական ոգիով շարունակելու հիմնադիրներու գործը։ Այսօր կոչ կ’ուղղեմ բոլորիդ, որ գուրգուրանք մեր եկեղեցւոյ, վարժարանին, համայնքային կեդրոններուն վրայ, եւ մեր աչքերու լոյսին պէս փայլուն եւ պայծառ պահենք», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը։ Տօնակատարութիւնը աւարտին հասաւ «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա»ի երգեցողութեամբ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022