Երեքշաբթի, 29 Ապրիլ 2014ին, Կլենտէյլի Քաղաքապետարանի Խորհուրդի թեկնածու Վարդան Կարապետեան քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Ազգ. Առաջնորդարան։ Ան եկած էր Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի օրհնութիւնը ստանալու։ Հանդիպումին ներկայ էր Ազգ. Վարչութեան անդամ Տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան։ Յարգելի հիւրին կþընկերանար Կլենտէյլի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ատենապետ Տիար Պերճ Կարապետեան։
Տիար Վարդան Կարապետեան երկար տարիներու ծառայութիւն ունի մեր գաղութէն ներս։ Ան իր թեկնածութիւնը դրած է Խորհուրդի նախկին անդամ եւ ներկայիս Գանձապահ Ռաֆֆի Մանուկեանին թափուր աթոռին։ Յայտնենք որ ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 3 Յունիս 2014ին։
Առաջնորդ Սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց Տիար Կարապետեանին ապագայ աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն։