Ամավերջի Հանդէսներ

Ուսումնական 2017-18 տարեշրջանը կը հասնի իր աւարտին ու կրթական հաստատութիւններ կը կազմակերպեն տարեվերջի աւանդական հանդէսները։ Վերջին շաբաթներուն, Ազգ. Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող CASPS յանձնախումբը կազմակերպեց երկու հանդէսներ, գնահատելու համար հանրային վարժարաններ յաճախող ու յաջողութեամբ շրջանաւարտ եղած հայ աշակերտներ, ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին ու զինք ներկայացնող հոգեւոր հայրերու։ Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրեր յառաջիկայ օրերուն ներկայ պիտի ըլլան Ազգ. Վարժարաններու եւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու ամավերջի հանդէսներուն ու պիտի փոխանցեն իրենա օրհնութիւններն ու շնորհաւորական խօսքերը։

Դաւթեան-Մարիամեան Կրթական Հաստատութիւնը եւս կազմակերպած էր ամավերջի հանդէսներ, գնահատելու համար հանրային վարժարաններու մէջ իր կազմակերպած դասընթացքներուն հետեւող հայ աշակերտները։ Իսկ Ուրբաթ, 25 Մայիսին, հաստատութեան աւարտահանդէսը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի R.D. White նախակրթարանին մէջ։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան, փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնները եւ գնահատեց աշակերտներն ու հաստատութեան պատասխանատուները, գլխաւորութեամբ Տիար Վահիկ Ծատուրեանի։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022