Ազգային «Ռ. Եւ Ա. Փիլիպոս» Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսին՝ «Ազգային Առաջնորդարանը Հպարտ Է Իր Հայկական Վարժարաններով», Շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Կիրակի, 13 Յունիս 2021-ի յետմիջօրէին նախագահեց Ազգ. «Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս» վարժարանի երկրորդական կարգի հանդէսին եւ վկայականաց բաշխման, որուն ընթացքին շրջանաւարտ 78 աշակերտ-աշակերտուհիներ ստացան աւարտական կարգի վկայականներ:

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ վարժարանին «Ներսէս Թաշճեան» մարզասրահին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին ներկայ էին Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, Ազգային վարչութեան ատենադպիր եւ Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինի մօտ նոյն վարչութեան ներկայացուցիչ տիար Ճորճ Չորպաճեան, ազգայիններ, բարերարներ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ հարազատներ: Ազգային Խնամակալ մարմինի անունով հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Թամար Թիւֆէնքճեան, ապա դրուատական արտայայտութիւններով հանդէս եկան ուսուցիչներ, որոնք ներկայացուցին 2020-2021 տարեշրջանին կրթութեան զանազան ոլորտներու մէջ փայլուն արդիւնքներ ձեռք ձգած մրցանակակիր շրջանաւարտները եւ բոլորին ի սրտէ մաղթեցին յաջողութիւն՝ համալսարանական բարձրագոյն կրթութիւններու եւ իրենց ընտրած կեանքի ասպարէզներուն մէջ, ապա վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Ալինա Դուրեան ներկայացուց եւ շնորհաւորեց տարուան հունձքը, հիացումով խօսեցաւ շրջանաւարտ տղոց ու աղջիկներուն նկարագրի տոկունութեան ու ամրութեան մասին, ապա հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը փոխանցելու իր սրտին խօսքը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մեծ գոհունակութեամբ շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ իր պատգամին ընդմէջէն ըսաւ. «Ազգային Առաջնորդարանը իր Կրօնական ժողովով, Ազգային վարչութեամբ եւ Առաջնորդ Սրբազանով բարձր կը գնահատէ Ազգ. հայկական վարժարաններու հպարտալի գործունէութիւնը: Արդարեւ, մեր վարժարանները կ՛աճին ու կը զարգանան ե՛ւ որպէս կառոյց, ե՛ւ որպէս ոգի, ե՛ւ որպէս աշակերտութիւն, այլ խօսքով՝ որակական եւ քանակական իմաստներով միշտ վերելք կ՛արձանագրեն: Մեր վարժարաններու աճումը ես կը սիրեմ նմանցնել աճման ռիթմին բոլոր այն հայ դիւցազուն հերոսներուն, որոնք կ՛աճէին ոչ թէ տարուէ տարի, այլ կը մեծնային օրէց օր: Ահա՛ թէ ինչու բարձրագոյնս կը գնահատենք մեր ազգային բոլոր վարժարանները, որոնք թէեւ ամբողջ տարեշրջան մը եւ աւելի՝ ենթակայ եղան անբարենպաստ պայմաններու տակ գործելու պարտաւորութեանց, այսուհանդերձ, մեր բոլորին աչքին առաջ այսօր պարզուած այս լաւագոյն արդիւնքով է, որ կ՛եզրափակեն 2020-2021 կրթական տարեշրջանը, աշխատանքի ու նուիրուածութեան գօտեպնդիչ եւ ողջունելի մթնոլորտի մը մէջ, եւ բերրի է մեր հունձքը»:

Խօսելով Ազգային Փիլիպոս վարժարանի գործունէութեան մասին, Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց. «Գովելի է Ազգային Ռոզ եւ Փիլիպոս վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, բոլոր նուիրեալներուն եւ զօրակցողներուն ներդրումը վարժարանի յաջողութեան մէջ: Մեր բոլորին սիրելի տնօրէնութեան եւ պատուարժան ուսուցչական կազմին շնորհիւ, այսօր մենք ականջալուր դարձանք մեր աւարտական դասարանի տղոց եւ աղջիկներուն հոգի շարժող սրտի խօսքերուն եւ վկայութիւններուն, ուր կարելի չէր չնշմարել անգլերէն լեզուի տիրապետութեան կողքին նաեւ հայերէն լեզուով կատարուած սահուն ներկայացումները, որոնք մեր հոգիները կը լեցնեն անասելի ցնծութեամբ», եւ այս առիթով հրաւիրեց ներկաները՝ ուժեղ ծափահարութեամբ գնահատելու հայոց լեզուի բոլոր ուսուցիչները:

Իր խօսքի աւարտին, Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան նաեւ դրուատեց ծնողներուն յանձնառութիւնը՝ իրենց զաւակները հայկական վարժարան ղրկելու, ապա իր խօսքը ուղղելով երկրորդական կարգի 78 շրջանաւարտներուն՝ ըսաւ. «Յաջողութի՞ւն կ՛ուզէք ձեր կեանքին մէջ, հապա հաւատք ունեցէք Աստուծոյ եւ Աստուծոյ՝ ձեզի տուած ուժին նկատմամբ: Յաջողութի՞ւն կ՛ուզէք ձեր կեանքին մէջ, հապա ճանչցէք դուք զձեզ եւ սրբագրեցէք ձեր թերութիւնները՝ լաւագոյնը կերտելով ձեր ներսիդին: Յաջողութի՞ւն կ՛ուզէք ձեր կեանքին մէջ, հապա անքուն գիշերներ անցընելու պատրաստ եղէք, փոխան ձեռքի հեռաձայնի՝ միշտ գի՛րք ունենալով ձեր աչքին առջեւ»: Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազանը «Պահպանիչ»ով օրհնեց դպրոցի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, ծնողներն ու շրջանաւարտները՝ Աստուծոյ հսկող աչքին յանձնելով բոլորը:

 

 

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022