Բացուն Ֆրեզնոյի «Քալիֆորնիոյ Հայկական Տուն» Ծերանոցի Նոր Բաժանմունքին

Ֆրեզնոյի «Քալիֆորնիոյ Հայկական Տուն» ծերանոցը օժտուած է նոր բաժանմունքով մը, որուն բացումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 10 Փետրուար 2018-ին։ Հաստատութիունը 2016-ի Յունիսին ձեռնարկած էր իր շէնքերու ընդարձակման աշխատանքին ու տեղի ունեցած էր հիմնարկէքի արարողութիւնը, ձեռամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։

Յանուն Առաջնորդ Սրբազանին, նոր բաժանմունիքն բացման արարողութեան մասնակցեցաւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան, եւ ընթերցեց Առաջնորդ Սրբազանին պատգամը։ Արարողութեան մասնակից եղաւ նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը ուրախութիւն եւ հպարտանք կ’արտայայտէր այս իրագործումին համար, յիշեցնելով, որ նուազ քան երկու տարի առաջ, մեծ գուհունակութեամբ կատարած էր հիմնարկէքը, իսկ այսօր, համայնքը կը վայելէ տարուած աշխատանքին պտուղները։ Ան գնահատանք կ’արձանագրէր բոլոր անոնց, որոնք ժամանակ ու նիւթական միջոցներ տրամադրած են այս իրագործման հասնելու համար. այս հաստատութիւնը լաւագոյն եւ հանգստաւէտ միջավայր մը պիտի ըլլայ տարեցներու համար, ուր անոնք իրենց հանգստեան տարիները պիտի վայելեն սիրալիր, հոգածու ու ընտանեկան մթնոլորտի մէջ, պիտի արժանանան յարգալիր եւ արժանապատիւ վերաբերմունքի։ «Քալիֆորնիոյ Հայկական Տունը մեր համայնքին համար օրհնութիւն մը եղած է 65 տարիէ ի վեր, իսկ «Վինեարտ» կոչուած այս նոր բաժանմունքը պիտի ըլլայ հրաշալի յաւելում մը այս առաքելութիւնը ընդարձակելու իմաստով», կը շեշտէր Առաջնորդ Սրբազանը եւ կ’եզրափակէր՝ շնորհաւորելով հաստատութեան խնամակալ Մարմինը, անձնակազմը, բնակիչներն ու հայ համայնքը, մաղթելով, որ աստուածահաճոյ աշխատանքը շարունակուի անխափան եւ ապրի նոր ծաղկում։

Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ նոր բաժանմունքի օրհնութեան աղօթքն ու բացման պաշտօնական արարողութիւնը։ Ներկաները վայելեցին պատշաճ հիւրասիրութիւն եւ ծանօթացան կառոյցին։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022