Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Մշակութային Կեդրոնի եւ “Գուճաքեան” Սրահի Պաշտօնական Բացում


“Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ շինութիւնն ու Մշակութային Կեդրոնի ծրագիրին ամբողջացումը իր լրումին կը հասցնէ Լաս Վեկասի հայութեան հոգեւոր այս տան շինարարութիւնը, սակայն սա չի նշանակեր, թէ գործը ամբողջացած է. ընդհակառակն, սկսուած գործը պէտք է շարունակուի յարատեւօրէն, աննահանջ թափով. եկեղեցւոյ պայծառութիւնը կը պահպանուի, Հայ Կեդրոնի մշակութային ջահը վառ կը մնայ՝ պայմանաւ որ նուիրեալ ծառայութիւնը շարունակուի եւ այս գաղութը յառաջ ընթանայ ազգային ու հոգեւոր բարգաւաճման ճամբուն մէջ”, յայտարարեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ կողքին կանգնող Մշակութային Կեդրոնի բացման առիթով, բարձր գնահատելով համալիրին բարերարներն ու այս ծրագիրին իրականացման մէջ բոլոր բաժին ունեցողները:

Մշակութային Կեդրոնի բացման արարողութիւնը պատմական երկու օրեր աւելցուցին Լաս Վեկասի մեր գաղութի հաւաքական կեանքին մէջ, իր լրումին հասցնելով հայկական այս համալիրին ծրագիրը, որ սկիզբ առած էր 2009ին, Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրութեամբ: Գաղութը այս առիթը տօնախմբեց Շաբաթ, 18 եւ Կիրակի, 19 Հոկտեմբեր 2014ին, հանդիսաւոր ճաշկերոյթով, եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով եւ Կեդրոնի բացման պաշտօնական արարողութեամբ: Առաջնորդ Սրբազանին կողքին, պատմական այս հանգրուանին ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամներ:

Շաբաթ, 18 Հոկտեմբերի երեկոյեան, պաշտօնական ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ “Bali Hai Golf Course”ի “Cili” ճաշարանին մէջ: Կիրակի, 19 Հոկտեմբերի առաւօտուն, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ մատուցեց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, ապա կատարեց Մշակութային Կեդրոնին բացումը: Ս. Պատարագի ընթացքին, Ս. Սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան:

Ներկայ հաւատացեալներուն ուղղուած իր պատգամին սկզբնաւորութեան, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ եւ անոր կողքին կանգնող Մշակութային Կեդրոնի ծրագիրին մարմնաւորման հանգրուաններուն, եւ այս առիթով շնորհաւորեց ծխական համայնքը, նորագոյն իրագործումներուն համար: Ան գոհունակութիւն յայտնեց Շաբաթ գիշերուան ձեռնարկին արձանագրած յաջողութեան համար, եւ յատուկ գնահատանք արձանագրեց եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար Տիար Լէրի Պարնզի, UCLA համալսարանի յարկին տակ հաստատուած Dream Fund-ին, նուիրատուներուն՝ Ֆաթթալ, Եմէնիճեան եւ Գուճաքեան ընտանիքներուն, որոնց նուիրատուութիւնները հիմնական բաժին ունեցան այս ծրագիրին իրականացման մէջ: Առաջնորդ Սրբազանը նկատեց, որ այս գաղութը ծրագրեց եւ յաջողեցաւ հաւատքով, կամքով եւ նուիրումով իրականացնել եկեղեցին, մշակութային կեդրոնն ու “Գուճաքեան” սրահը: Ան շեշտեց, որ թէեւ ծրագիրին շինարարական բաժինը ամբողջացած է, սակայն բուն աշխատանքը խորքին մէջ սկզբնական փուլին մէջ է ու պիտի շարունակուի աննահանջ ընթացքով, պիտի ըլլայ եռուն ու արդիւնաւոր, ի խնդիր նոր սերունդի քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան:

Առաջնորդ Սրբազանը իբրեւ բնաբան ընտրած էր օրուան յատուկ ընթերցումը՝ Ղուկասու Աւետարանի 4:16-18 համարները, ուր կը պատմուի թէ Աստուածորդին Նազարէթի ժողովարանին մէջ կը կարդայ իրեն ներկայացուած՝ Եսայի Մարգարէի այն հատուածը, որ Մեսիային գալստեան եւ փրկութեան մարգարէութիւնը կը յայտնէր: Յիսուսի ծնունդէն շատ առաջ, Եսայի մարգարէացած էր, որ փրկիչը պիտի գայ “աղքատներուն փրկութեան աւետիսը տալու, սրտաբեկները մխիթարելու, գերիներուն ազատութիւն բերելու, կոյրերուն աչքը բանալու եւ հարստահարուածները ազատելու”: Ան նշեց, որ նախորդ օրը տօնն էր չորս աւետարանիչներուն, որոնք հաւատարմութեամբ կատարեցին իրենց վստահուած առաքելութիւնը եւ մեզի սորվեցուցին հետեւիլ իրենց օրինակին: Այսօր, Տիրոջ Ս. Հոգին մեզի հետ է այս սուրբ յարկին տակ: Իբրեւ Աստուծոյ զաւակներն ու հաւատարիմ քրիստոնեաներ, մեզմէ կը պահանջուի հաւատարիմ մնալ առաքեալներուն ուղիին, իւրաքանչիւրս, մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ, պարտինք հետեւիլ Փրկիչի ուղիին, որ բացուեցաւ երկրաւոր իր առաքելութեան շրջանին: Այս մօտեցումով, Լաս Վեկասի գաղութին կատարած իրագործումը վկայութիւն է, որ ան կը հետեւի այս ուղիին, սակայն նոյնքան կենսական է, որ սկսուած գործը ծաղկի, հաւատացեալներուն թիւը բազմանայ եւ մեր լեզուին ու մշակոյթին գեղեցկութիւնը տարածուի նոր սերունդներուն կեանքին մէջ:

ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ Ս. Պատարագի աւարտին, պաշտօնական անձնաւորութիւններն ու ժողովուրդը համախմբուեցան համալիրի շրջափակին մէջ, վկաները ըլլալու համար Կեդրոնին բացման, որուն “Գուճաքեան” սրահը վերանորգումի ենթարկուած էր շնորհիւ Ֆաթթալ, Եմենիճեան եւ Գուճաքեան ընտանիքներու բարերարութեան: Սրահը ձօնուած է գաղութի երախտաշատ ծառայողներէն Վերժին Գուճաքեանի եւ ամուսնոյն՝ Աբրահամի յիշատակին. անոնց թոռները կատարեցին սրահի ցուցատախտակին քողազերծումը, իսկ Տոքթ. Րաֆֆի եւ Շողիկ Յովհաննէսեանի թոռները կատարեցին սրահի երեք գեղանկարներուն քողազերծումը: Խոհանոցի ցուցատախտակին քողազերծումը կատարեցին բարերարները՝ Տէր եւ Տիկին Րաֆֆի եւ Սիրան Ներսէսեան, ժողովասենեակին բացումը կատարեցին Տէր եւ Տիկին Ատրուշան եւ Նորա Արմէնեան, երկու դասարաններու բացումը՝ Տիար Ալեքս Գարապաճաքեան եւ Տիկին Մարի Ռոզ Սիմոն, իսկ խաղասրահին բացումը՝ Տիար Օշին Յարութիւնեան: Արարողութիւնը թագադրուեցաւ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ եւ Մշակութային Կեդրոնի ցուցատախտակին քողազերծումով, ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազանին, Տէր եւ Տիկին Ատրուշան եւ Նորա Արմէնեան բարերար ամոլին եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեանի:

Ի յիշատակ Աբրահամ եւ Վերժին Գուճաքեաններու, անոնց զաւակներուն կողմէ կազմակերպուած էր կոկիկ հիւրասիրութիւն մը, որուն ընկերացաւ մշակութային յայտագիր մը: ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները արտասանեցին եւ երգեցին, իսկ Լաս Վեկասի հայկական պարի դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին պարեր:

Հանդիսութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս շնորհաւորեց համայնքը եւ բարի երթ մաղթեց իրենց նոր առաքելութեան մէջ:

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ Ինչպէս նշեցինք, պատմական շաբաթավերջը սկսած էր ճաշկերոյթով մը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ երեկոյ: Բացումը կատարեց հանդիսավարը՝ Տիկին Հուրի Տարագճեան: Սեղաններու օրհնութիւնը կարատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը: Ողջոյնի խօսք արտասանեց խորհրդարանի անդամ Տայանա Թայթըս: Ճաշի պահուն, ներկաները վայելեցին հաճելի երաժշտութիւն:

Յանուն եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Տիար Ատրուշան Արմէնեան հակիրճ ակնարկով մը ներկայացուց եկեղեցւոյ ու Մշակոյթի Կեդրոնի ծրագիրին իրականացման երեք հանգրուանները, սկսելով 2009էն: Ան շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց բարերարներուն, նուիրաբերողներուն եւ զօրակցողներուն, որոնց շնորհիւ այս գաղութը մեծ քայլերով յառաջ ընթացաւ վերջին 5 տարիներուն:

Գլխաւոր բանախօսն էր Տիկին Արտա Եմէնիճան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք բաժին ունեցան եկեղեցւոյ ու մշակութային կեդրոնի երազը մարմնաւորելու մէջ: Ան շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ հովանաւորեց այս ծրագիրին իւրաքանչիւր քայլը, բարերար Լէրի Պարնզի եւ Dream Fundին, իրենց առատաձեռն նուիրատուութեանց համար, բարձր գնահատեց եկեղեցւոյ հովիւները, հոգաբարձութիւնն ու շինարարական յանձնախումբը՝ իրենց անվհատ աշխատաքին համար, ինչպէս նաեւ Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որ այս գաղութին մէջ ցանեց հայեցի կրթութեան սերմերը:

Խօսք առաւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը, որ շնորհաւորեց ծխական այս համայնքը՝ իր իրագործումին համար:

Բեմ հրաւիրուցաւ Առաջնորդ Սրբազանը, որպէսզի գնահատագիրներ յանձնէ նուիրեալ գործողներուն: Գնահատագիրներու արժանացան Շինարարական Յանձնախումբի անդամներ Տեարք Լեւոն Կիւլպէնկեան եւ Գօգօ Տարագճեան՝ այս ծրագիրին առաջին օրէն սկսեալ իրենց նուիրեալ ծառայութեանց համար, Տէր եւ Տիկին Կրէկ եւ Անի Գէորգեան՝ կառուցման աշխատանքը ճշդուած ժամանակին իրագործած ըլլալուն համար, իսկ Տարեցներու Տարուան առիթով յատուկ գնահատագիրի արժանացան Հոգաբարձութեան ատենապետն ու Տիկինը՝ Կարապետ եւ Զարուհի Պետիրեան, որոնք անձնդիր կերպով կը ծառայեն ծխական համայնքին:

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութիւն արտայայտեց Լաս Վեկասի հայկական համալիրին իրականացման համար եւ շեշտեց, որ առաքելութեան նոր շրջան մը կը բացուի այսուհետեւ: “Արեւմտեան մեր Թեմն ու ազգային Առաջնորդարանը այսօր բաժնեկից է ձեր ուրախութեան, ամբողջ համայնքը կը մասնակցի այս ցնծութեան”, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը, նկատել տալով, որ Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչներուն, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսին եւ հեռաւոր ու մօտակայ շրջաններէ ժամանած հիւրերու ներկայութիւնը վկայութիւն է այս իրականութեան: “Դուք գործնապէս փաստեցիք, որ հաւատքով ու Աստուծոյ վստահելով սկսուած գործ մը անպայման կը յաջողի, ոչինչ անկարելի կը մնայ”, ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազանը, բարձր գնահատելով այն միասնականութիւնն ու գործակցութիւնը, որ մարմնաւորուեցաւ այս ծրագիրին ամբողջ տեւողութեան, ստեղծելով ամուր ենթահող մը, որուն վրայ պիտի համախմբուին գաղութի զաւակները, մեր մշակութային եւ լեզուի հարստութիւնը միասնաբար վայելելու եւ տարածելու համար: Ան յատուկ գոհունակութիւն արտայայտեց Կիրակնօրեայ Դպրոցի մօտալուտ բացման եւ երէցներու յատուկ ծրագիրին սկսման առիթով, եւ բարձր գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք մասնակցութիւն բերին այս իրագործման, մասնաւորաբար եկեղեցւոյ հովիւը, հոգաբարձութիւնն ու ծառայողները, բարերար Լէրի Պարնզ, Dream Fundը եւ բարեկամներ: Առաջնորդ Սրբազանը յատուկ գնահատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ Ֆաթթալ, Եմէնիճեան եւ Գուճաքեան ընտանիքներու բարերարութեանց մասին, որ մարմնաւորուեցաւ իրենց մօր յիշատակը յաւերժացնող սրահին բարեզարդումով: Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը եզրափակեց կոչ ուղղելով, որ ծխական համայնքի զաւակները այս գործը շարունակեն հաւատքով, եղբայրական սիրով, խանդավառութեամբ եւ համերաշխութեամբ:

Տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ մոմավառութիւն: Պաշտօնական յայտագիրը վերջ գտաւ օրհնութեան աղօթքով եւ “Կիլիկիա”ի ու Հայաստանի քայլերգին երգեցողութեամբ:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022