Լոս Անճելըսի Հայ Բանտարկեալներու Հետ Աղօթքի Պահ եւ Խաղողօրհնէք

Ազգային Առաջնորդարանի բանտային ծառայութեանց եւ հայ բանտարկեալներուն հոգեւոր մատակարարութեան աշխատանքի ծիրին մէջ, Չորեքշաբթի, 30 Օգոստոս 2017-ին, տնօրինութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան, Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան եւ Բարշ. Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեան այցելեցին Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի բանտը։ Այս այցելութեան առիթով, հոգեւոր հայրերուն կ’ընկերանար Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Տիար Վրէժ Աղաճանեան։

Լոս Անճելըսի Ոստիկանապետի գրասենեակի պատասխանատուներէն Ուան Մարթինէզ ողջունեց հոգեւոր հայրերը եւ բարձր գնահատեց բանտարկեալներուն անոնց մատուցած հոգեկան սնունդը։ Տէրունական Աղօթքէն ետք, Րաֆֆի Սարկաւագ արտասանեց սրտի խօսք մը եւ շնորհակալութեան արտայայտութիւն ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազանին մասին, որուն ցուցմունքներով կը կատարուի այս աշխատանքը։ Ան Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնները փոխանցեց բանտարկեալներուն։

Աղօթքի պահէն ետք, կատարուեցաւ Խաղողօրհնէքի արարողութիւն։ Սրտի խօսք արտասանեց Տիար Աղաճանեան եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց բանտարկեալներուն։ Րաֆֆի Սարկաւագ բացատրութիւն տուաւ եւ ընթերցեց խոստովանանքի կարգը. բանտարկեալները ստացան Ս. Հաղորդութիւն։

Հանդիպումի աւարտին, բանտարկեալները նուէր ստացան Ազգային Առաջնորդանին կողմէ վերջերս վերահրատարակուած՝ «Հաւատով Խոստովանիմ» երկլեզու աղօթագիրքէն օրինակներ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022