Այցելութիւն եւ Խաղողօրհնէք Հայ Բանտարկեալներու եւ Ընկերային Յատուկ Հոգածութեան Արժանացողներու Համար

Ինչպէս ծանօթ է, Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը հոգեւոր ծառայութիւններ կը մատուցէ նաեւ հայ բանտարկեալներու եւ ընկերային յատուկ խնամքի կարօտող երիտասարդներու, զանոնք մասնակից դարձնելով մեր եկեղեցական տօներուն ու անոնց խորհուրդով պարուրելու զանոնք։

Այս ծիրին մէջ, եւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Շաբաթ, 25 Օգոստոս եւ Երկուշաբթի, 27 Օգոստոս 2018-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան տնօրինութեամբ, յատուկ արարողութիւններ տեղի ունեցան North County Correctional Facility բանտին եւ յատուկ հաստատութեան մը յարկին տակ։

Շաբաթ առաւօտեան, Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան եւ Բարշ. Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեան այցելեցին յիշեալ բանտը եւ խաղողօրհնէքի արարողութիւն կատարեցին հայ բանտարկեալներուն համար։ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ սարկաւագներ ու ծխական անդամներ մասնակցեցան արարողութեան։ Նախքան արարողութիւնը, Րաֆֆի Սարկաւագ բանտարկեալներուն փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին ողջոյններն ու օրհնութիւնը։ Թորգոմ Սրբազանը գլխաւորեց խաղողօրհնէքի արարողութիւնը եւ իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն։ Բանտարկեալները ստացան Ս. Հաղորդութիւն։ Տեղի ունեցաւ ճաշի հիւրասիրութիւն։ Բանտարկեալներուն Առաջնորդարանին կողմէ նուէր տրուեցան աղօթագիրքեր։

Իսկ Երկուշաբթի երեկոյեան, խաղողօրհնէքի նմանօրինակ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ խումբ մը երիտասարդներու համար, որոնք յատուկ հոգածութեան կ’արժանանան «Վերականգնումի կեդրոն»ի մը մէջ։ Արարողութիւնը կատարեց Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, մասնակցութեամբ Րաֆֆի Սարկաւագի, որ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնները։ Տ. Ղեւոնդ Քահանայ կատարեց խաղողօրհնէքը եւ տուաւ օրուան յատուկ քարոզ մը։ Ներկաները իբրեւ նուէր ստացան Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ տրամադրուած աղօթագիրքեր։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022