Հսկումի Արարողութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան Կեդրոնին Մէջ

Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, այցելեց Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան կեդրոնը ուր կատարեց հսկումի արարողութիւն։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան եւ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան:

Յանուն Եղբայրակցութեան, ատենապետ՝ Աւօ եղբայր Գապաքչուզեան արտասանեց ողջոյնի խօսք։ Աշակերտներուն կողմէ հրամցուեցան հոգեւոր երգեր։ Ապա, տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազանը փոխանցեց իր պատգամը։

Ողջունելով ներկաները, Առաջնորդ Սրբազանը գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ, որ վերջին երկու տասնամեակներուն, ամէն տարի մեծ պահոց շրջանին հոգեւոր եղբայրակցութեան աղօթատեղիէն ներս կը գտնուի։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ Եղբայրակցութեան Աստուածահաճոյ գործունէութեան եւ մեր եկեղեցւոյ հաւատարմութեան մասին, օրհնեց անոնց ծառայութիւնները, յիշեցնելով, որ կը գտնուինք Մեծ Պահոց շրջանին մէջ, որ մեզի կ’օգնէ, որ աստուածային սիրոյ կրակը մեր ներաշխարհը բոցավառէ։ Շնորհալի հայրապետին «Հաւատով Խոստովանիմ»էն մէջբերելով, «Կենդանի՛ կրակ, Քրիստոս, իմ սրտիս մէջ բորբոքէ՛ Քու սիրոյդ կրակը, որ այս աշխարհը ձգեցիր, որպէսզի այրէ հոգիիս աղտերը, սրբէ խղճմտանքս եւ մաքրէ մարմինիս մեղքերը, եւ սրտիս մէջ Քու գիտութեանդ լոյսը վառէ» աղօթքը, ան մաղթեց, որ Գրիգոր Տղայ Կաթողիկոսի բառերով մեզմէ իւրաքանչիւրը գտնէ Յիսուսը եւ գտնուի Յիսուսէն։ Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս գնահատեց Եղբայրակցութեան անդամներուն հաւատքը, սէրը, գթառատութիւնը եւ ծառայութիւնը, եւ կոչ ուղղեց, որ շարունակեն օրինակ դառնալ նոր սերունդին։ Ան եզրափակեց աղօթելով, որ Աստուած իր սիրով իւրաքանչիւրիս ներաշխարհը մաքրէ եւ իր սիրոյ կրակով ամէն տեսակ աղտեղութիւն հալեցնէ, որպէսզի Մեծ Պահքը առաւել իմաստ ստանայ եւ մենք կարենանք դիմաւորել Ս. Յարութեան յաղթական տօնը։

Աւարտին, Եղբայրակցութիւնը ընթրիքով հիւրասիրեց հոգեւոր հայրերը: Աւօ եղբայր շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգ. Առաջնորդարանի զօրակցութեան ու քաջալերանքին համար։ Առաջնորդարանի կողմէ ներկաներուն նուէր տրուեցաւ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Յիսուսաբոյր» գիրքէն օրինակներ եւ Ս. Գրոց դրուագներով սրբանկարներ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022