Արեւմտեան Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Ազգային Վարչութիւնն ու «Պարսամեան» Կրթաթոշակի Յանձնախումբը այսու կը յայտարարեն, թէ ուսումնական 2016-17 տարեշրջանին համար, դիմումնագիրներ պիտի ընդունի «Յարութ Պարսամեան Հայ Ուսանողներու Կրթաթոշակ»ին համար։
Հիմնադրամը հաստատուած է հանգուցեալ Փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի կողմէ, աջակցելու համար հայ ուսանողներու, որոնք կը փափաքին բարձրագոյն ուսման տիրանալ Միացեալ Նահանգներու որեւէ վարկաւորուած համալսարանի կամ քոլէճի մէջ։ Տնօրինումները կը կատարուին այս հիմնադրամի վարիչ մարմինին կողմէ։
Դիմումնագիրին պէտք է կցել.-
– Ուսանողին ամփոփ կենսագրականը
– Վկայագիր մը՝ ամերիկեան որեւէ օրինաւոր համալսարան կամ քոլէճ ընդունուած ըլլալու մասին
– Համալսարանական անձնագիր/լուսանկար եւ նիշերու ցուցակ
Կը խնդրուի դիմումնագիրներու ծրարը Ազգ. Առաջնորդարան յղել մինչեւ Հինգշաբթի, 30 Յունիս 2016, հետեւեալ հասցէով.-
Harut Barsamian Armenian Students Scholarship Fund
c/o Western Prelacy
6252 Honolulu Ave.
La Crescenta, CA 91214