Յարութ Պարսամեան Ուսանողական Կրթաթոշակի Դիմումնագիրներու Ընդունում 2019-2020 Տարեշրջանին Համար

Արեւմտեան Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Ազգային Վարչութիւնն ու «Պարսամեան» Կրթաթոշակի Յանձնախումբը այսու կը յայտարարեն, թէ ուսումնական 2019-2020 տարեշրջանին համար, դիմումնագիրներ պիտի ընդունին «Յարութ Պարսամեան Հայ Ուսանողներու Կրթաթոշակ»ին համար։

Հանգուցեալ Փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի կողմէ հաստատուած այս հիմնադրամը կը նպատակադրէ աջակցիլ հայ ուսանողներու, որոնք իրենց բարձրագոյն ուսումը կը շարունակեն գիտական մասնագիտութեամբ մը, Միացեալ Նահանգներու որեւէ վարկաւորուած համալսարանի-քոլէճի մէջ։ Տնօրինումները կը կատարէ հիմնադրամի վարիչ Յանձնախումբը։

Թղթածրարը պէտք է պարունակէ.-

1.-Դիմումնագիր նամակ մը, ուր նշուին դիմողի ամփոփ կենսագրականը, տեղեկութիւններ իր հասարակական կեանքի մասին, հասցէ (ել նամակի եւ նամակատան), հեռաձայնի թիւ եւ լուսանկար։ Դիմողը նաեւ պարտի արձանագրել սփիւռքի հայութեան մասին զինք մտահոգող պարագայ մը եւ ի՞նչ կ’առաջարկէ այդ մտահոգութեան մասին։

2.- Վկայագիր մը՝ ամերիկեան որեւէ օրինաւոր համալսարան կամ քոլէճ ընդունուած ըլլալու մասին (նշել համալսարանի հասցէն)։

3.- Համալսարանական անձնագիր, աշակերտական թիւով (Student ID)։

4.- Նիշերու ցուցակ եւ նախընտրաբար յանձնարարական մը։

Կը խնդրուի դիմումնագիրներու ծրարը Ազգ. Առաջնորդարան յղել մինչեւ Երկուշաբթի, 1 Յուլիս 2019, հետեւեալ հասցէով.-

Harut Barsamian Scholarship Fund
c/o Western Prelacy
6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022