Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ուաշինկթընի Մէջ Մասնակցեցաւ Միջին Արեւելքի Քրիստոնէութեան Պաշտպանութեան Միջազգային Համագումարին – Առաջնորդ Սրբազանը Մաս Կազմեց Վեհափառ Հայրապետի Շքախումբին


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Շաբաթ, 6 Սեպտեմբեր 2014ին Ուաշինկթըն հասաւ, մասնակցելու համար Միջին Արեւելքի քրիստոնէական եկեղեցիներու՝ Մարոնի, Հայ, Ասորի, Յոյն Կաթոլիկ եւ Ասորի Կաթոլիկ հոգեւոր պետերու գերաստիճանին, որ բացուեցաւ Երեքշաբթի, 9 Սեպտեմբերին եւ վերջ գտաւ Հինգշաբթի, 11 Սեպտեմբերին։

Վեհափառ Հայրապետը երկու առիթներով պաշտօնական խօսք արտասանեց. առաջինը՝ քրիստոնէական միութեան, եւ երկրորդը՝ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան ապագային մասին: Նորին Սրբութիւնը մասնակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսի անդամներուն հետ պաշտօնական հանդիպումներուն, նաեւ հոգեւոր պետերուն հետ միասին այցելեց Սպիտակ Տուն եւ տեսակցութիւն ունեցաւ Նախագահ Օպամայի հետ:

Համագումարին կը մասնակցէին Լիբանանի Մարոնի համայնքի Պատրիարք Կարտինալ Ռայի, Անտիոքի Յոյն Օրթոտոքս եկեղեցւոյ Պատրիարք Եուհաննա Ժ. Եազիճի, Յոյն Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Պատրիարք Կրեկուար Լահհամ, Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարք Իգնատիոս Աֆրամ Բ., Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Պատրիարք Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան, ինչպէս նաեւ պետական, քաղաքական ու կրօնական բարձրաստիճան պատասխանատուներ եւ Վատիկանը ներկայացնող կարտինալներ, ներկայացուցչական դէմքեր, որոնց թիւը կը հասնէր 500ի:

Վեհափառ Հայրապետի պատուիրակութեան մաս կազմեցին Բարձր. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան՝ Առաջնորդ Ա. Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի, Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան՝ Առաջնորդ Ա. Մ. Նահանգներու Արեւեմտեան Թեմի եւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ՝ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան։

Համագումարին կողքին, Վեհափառ Հայրապետին Ուաշինկթըն այցելութիւնը մէկէ աւելի առիթներ ստեղծեց հաղորդակցելու շրջանի հայութեան հետ։

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ Կիրակի, 7 Սեպտեմբերին, Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց Ուաշինկթընի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագին: Ներկայ էին Հայաստանի դեսպան Տիար Տիգրան Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Տիար Ռոպէրթ Աւետիսեան, Ազգային Իշխանութեան անդամներ եւ մեծ թիւով ներկաներ: Վեհափառ Հայրապետը պատգամ մը ուղղեց ներկայ ժողովուրդին: Ան ողջունեց Ա. Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանը եւ Ազգային Իշխանութիւնը, որոնք նուիրումով լծուած են ազգային-եկեղեցական ծառայութեան, յիշեցնելով, որ այս շրջանին ծանօթ է իր ուսանողութկեան օրերէն։

Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին գլխաւոր նիւթը ընտրած էր ՀԱՒԱՏՔԸ, որպէս հիմքը քրիստոնէական կեանքին: Ան ըսաւ, որ Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին յաճախակի կերպով անդրադարձած է, մարդկային կեանքին մէջ հաւատքի կենսական կարեւորութեան: Ան կոչ ուղղեց կառչած մնալու քրիստոնէական հաւատքին ու համախմբուելու Հայ Եկեղեցւոյ շուրջ:

Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ կը գտնուինք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, հետեւաբար, մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ, վճռական դարձակէտ դառնալու կոչուած 2015 թուականին, մեր ժողովուրդի զաւակները, Հայաստանէն մինչեւ Լիբանան, Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Եւրոպա եւ ի սփիւռս աշխարհի, որպէս մէկ ազգ, ցեղասպան թուրքէն ու աշխարհէն պէտք է պահանջեն իրենց բռնաբարուած իրաւունքները՝ հաւատարիմ մնալով մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու նուիրական կտակին:

Ս. Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազանին, Ազգային Իշխանութեան մարմիններուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ:

ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍՆԵՐ Երեքշաբթի, 9 Սեպտեմբերին, Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան նուիրուած միջազգային համագումարը սկսաւ իր աշխատանքներուն: Ամերիկեան ու միջազգային տեղեկատուական օրկաններ յատուկ ուշադրութեամբ հետեւեցան համագումարի աշխատանքներուն:

Համագումարին առաջին օրը, պաշտօնական մամլոյ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ Ուաշինկթընի ազգային տեղեկատուական կեդրոնին մէջ, որուն ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ լրատուական աղբիւրներու ներկայացուցիչներ: Վեհափառ Հայրապետը խօսք առաւ ասուլիսին, շեշտելով թէ այստեղ չենք եկած Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը խնդրելու, այլ ամերիկացի ժողովուրդը տեղեակ պահելու մեր մտահոգութիւններուն՝ շրջանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներու ամբողջական ու յստակ պատկերը ներկայացնելով: Չենք եկած, այս կամ այն խմբակցութեան դէմ պայքար կազմակերպելու, այլ միասնաբար մտածելու, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ, զայն արմատախիլ ընելով մարդկային կեանքէն: Ան նշեց, որ ճիշդ չէ ըսել թէ քրիստոնեաները կը հալածուին, այլ իրականութիւնը այն է, որ խղճի ազատութիւնը ու մարդկային հիմնական իրաւունքներն են, որ այսօր կը բռնաբարուին Միջին Արեւելքի տարածքին, եւ այս մտահոգութիւնը միայն քրիստոնեաներուն յատուկ չէ, այլ համամարդկային մտահոգութիւն մըն է, հետեւաբար, միջազգային համայնքը համապատասխան վերաբերում պէտք է ճշդէ: Ինչ որ այսօր տեղի կ’ունենայ Միջին Արեւելքէն ներս, քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան խնդիր չէ: Երկու կրօնները երկար դարեր գոյակցած են ու պէտք է շարունակեն գոյակցիլ: Խումբ մը մարդիկ, այսօր կը փորձեն իսլամութեան ուսուցումները եւ արժէքները եղծել ու շահագործել, ի խնդիր իրենց քաղաքական նպատակներուն: Հետեւաբար մեր սպասումն է, որ Իսլամ քաղաքական ու կրօնական պատասխանատուներ, հրապարակային կեցուածք ճշդեն այս մտահոգիչ կացութեան նկատմամբ:

Յիշեալ պաշտօնական ու հրապարակային մամլոյ ասուլիսէն յետոյ Վեհափառ Հայրապետը հարցազրոյցներ ունեցաւ CNN-ի, Fox News-ի, Catholic News Services-ի, LBC-ի, Noursat-ի եւ ամերիկեան ու միջազգային մամլոյ այլ ներկայացուցիչներուն հետ: Այս հարցազրոյցներուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն.- Ա.) Քրիստոնէութիւնը կը պատկանի Միջին Արեւելքին. ան կառչած կը մնայ իր արմատներուն հակառակ իր դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Բ.) Միաստուածեան երեք կրօններու միջեւ համագործակցութիւնը հրամայական է՝ նկատի ունենալով կրօնի առանցքային տեղը ընկերութեան կեանքէն ներս: Գ.) Միջազգային համայնքը լուր մնաց Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին, այսօր ան պէտք չէ անցեալի սխալները կրկնէ, անտարբեր մնալով մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներուն նկատմամբ:

ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ԽՕՍՔԸ՝ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ Համագումարին առջեւ խօսք առնելով, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ եկեղեցւոյ միութեան հրամայականին: Ան նշեց, որ պատմութեան ընթացքին, առաւելաբար քաղաքական պատճառներով, եկեղեցիները իրարմէ բաժնուեցան, սակայն եկեղեցւոյ էական միութիւնը մնաց անխախտ: Էքիւմէնիք շարժումը յիշեցում մըն է եկեղեցիներուն՝ գործնական արտայայտութիւն տալու իրենց ներքին միութեան: Ան յիշեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ եկեղեցւոյ պատմութիւնը ճանչցած է բազում ցեղասպանութիւններ ու հալածանքներ, սակայն գոյատեւած է: Քրիստոնեայ համայնքները երկար դարեր գոյակցած են միաստուածեան կրօնքներուն հետ, այսօր ալ կառչած կը մնան Միջին Արեւելքին, իրենց պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն: Նորին Սրբութիւնը յիշեց, որ վերջին ամիսներուն, յատկապէս Իրաքի մէջ, քրիստոնեաները ծանր օրեր կ’ապրին: Ահաբեկչութիւնը անընդունելի է որեւէ կրօնի կողմէ, բոլոր եկեղեցիներն ալ դէմ են Միջին Արեւելքէն քրիստոնեաներու արտագաղթին: Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ, երկու առիթներով յիշեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ օսմանեան կայսրութեան լուծին տակ քրիստոնեաներուն կրած հալածանքները։

Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց միջազգային համայնքին կողմէ համապարփակ ռազմավարութեան ու մարտավարութեան մշակման անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը, դիմագրաւելու համար տակաւ ծաւալող ահաբեկչական շարժումները: Հետեւաբար, համապատասխան մօտեցում պէտք է որդեգրել միջազգային համայնքը ցնցող այս կացութեան դիմաց:

ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ Հինգշաբթի, 11 Սեպտեմբերի կէսօրին, քրիստոնէական համաժողովին մասնակցող Մարոնի, Հայ, Ասորի, Յոյն Կաթոլիկ եւ Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը, Սպիտակ Տան մէջ, շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպում մը ունեցան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նախագահին խորհրդականները:

Պատրիարքներուն առաջարկով, Վեհափառ Հայրապետը խօսք առնելով, նախ իր ցաւակցութիւնը յայտնեց, 13 տարիներ առաջ, 11 Սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի վրայ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններու զոհերուն համար, ապա յիշեց, թէ ահաբեկչութիւնը տարբեր ձեւերով ու արտայայտութիւններով կը շարունակուի աշխարհի զանազան շրջաններէն ու յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս: Վեհափառ Հայրապետը այս առիթով անգամ մը եւս ընդգծեց, թէ շրջանէն ներս հետզհետէ ծաւալ ստացող ահաբեկչական շարժումը վտանգ մը չէ միայն քրիստոնեաներուն, այլ նաեւ իսլամութեան եւ համայն աշխարհին համար: Այս ծիրէն ներս, արաբ ու իսլամ պետութիւններու մասնակցութիւնը կենսական է:

Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական ներկայութեան ըսելով, թէ քրիստոնեաները եկուոր չեն, այլ իրենց արմատները ունին Միջին Արեւելքի պատմութեան մէջ: Նորին Սրբութիւնը ողջունեց Ա. Մ. Նահանգներու յանձնառութիւնը, միացեալ ճիգերով կասեցնելու ահաբեկչական շարժումները:

Ներկայ պատրիարքները եւս իրենց մտահոգութիւնները պարզեցին, յատկապէս Իրաքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու կացութեան մասին: Ապա, Մարոնի համայնքի Ռաի Պատրիարքը հոգեւոր պետերուն կողմէ պատրաստուած նամակը յանձնեց նախագահ Օպամային:

Նախագահ Օպամա իր կարգին խօսք առնելով, շեշտեց թէ խղճի ազատութիւնը ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը Ա. Մ. Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան համար կը մնան առաջնահերթութիւն:

Ուրբաթ, 12 Սեպտեմբերի առաւօտեան, Վեհափառ Հայրապետը, շքախումբի ընկերակցութեամբ, այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատունը, որմէ ետք Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Նորին Սրբութեան եւ շքախումբին ի պատիւ ընդունելութիւն մը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022