Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ 50 Ամեակի Ճաշկերոյթ-Տօնակատարութիւն


ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ՝ ԲԱՐՁՇ. Տ. ՄՈՒՇԵՂ Ս. ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆԻ

 – ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ՝ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՂԱԶԱՐՈՍ ԵՒ ՊԷԹԻ ՂԱԶԱՐՈՍԵԱՆՆԵՐՈՒ

 – ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԵԱՄԲ՝ ՏԻԱՐ ՃՈՐՃ ԹԻԹԻԶԵԱՆԻ ԵՒ ՍԱՐԳԻՍ ԵՒ ՌՈԻԶԱՆՆԱ ԹՐՄՐԵԱՆԻ

Գէորգ Պետիկեան

Հովիտի Սրբոց Նահատակաց Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, որ կէս դար առաջ Հիւսիսային Ամերիկայի թեմի տարեգրութեան մէջ գեղեցիկ էջ մը արձանագրած էր, այս օրերուն պաշտօնապէս տօնախմբեց իր օծման 50 տարուան պատմական թուականը, որ ոչ միայն հովիտահայութեան համար ուխտի օր մը եղաւ, այլ նաեւ եկեղեցւոյ գոյութիւնն ու անոր բարգաւաճումը ապահովող զօրակցութեան հաւաք մը:

Կրկնութեան գնով կրնանք ըսել, թէ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին արդէն կէս դարէ ի վեր կը ծառայէ հովիտի հայ գաղութին, փոխանցելով բոլոր հայորդիներուն մեր նախնիներու հաւատքն ու քրիստոնէական աւանդը:

Իսկապէս, որ գաղութը տօնական բնոյթ ստացած էր:

Այսպէս, շաբաթ մը առաջ, իր յոբելինական թուականի նշման առթիւ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ կատարուեցաւ Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, տրուեցաւ հայրական գրաւիչ քարոզ ու պատգամ, տեղի ունեցաւ սարկաւագներու ձեռնադրութիւն եւ ուրար կրելու իրաւունքի տուչութիւն, եկեղեցւոյ ծառայող հին ու նոր ննջեցեալներու հոգիներուն յատուկ հոգեհանգստեան պաշտօն, աւանդական դարձած մատաղօրհնէք եւ վերջին՝ յոբելինական հանդիսութեամբ եզրափակուեցաւ պատմական տօնակատարութիւնը:

Այլ խօսքով արժանաւորապէս նշուեցաւ հովիտի գաղութին ինքնութիւնը պահող Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ կէս դարու հիմնադրութեան թուականը, որուն շնորհիւ շրջանի համայն հայութիւնը վերանորոգեց իր հաւատքն ու ուխտը:

Կասկած չկայ, որ մեր եկեղեցին ազգային գեղեցիկ մեր նկարագրին մաս կը կազմէ, դարերէ ի վեր դարձած է մեր կրօնքին ու մեր Աստուծոյն ծառայող սուրբ հաստատութիւն մը: Հոն է, որ իբրեւ քրիստոնեայ ազգ, գտած ենք մեր իսկութիւնը:

Արդարեւ, աննախընթաց ու պատմական թուականի նշման տօնակատարութեան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 9 Նոյեմբեր 2013ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ֆերահեան Ազգ. վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ:

Մոմավառները, նախքան իրենց սրահ մուտքը, յիշատակի նկար մը ունեցան Առաջնորդ Սբազան Հօր եւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին հետ, իսկ  յիսնամեակի յանձնախումբը տեղւոյն վրայ զանոնք զետեղեց 50-ամեակի առիթով յատուկ կերպով պատրաստուած շրջանակներու մէջ եւ պաշտօնական յայտագիրէն ետք բաժնեց մոմավառներուն։

Երեկոն կը վայելէր թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը: Սրբազան Հօր կողքին ներկայ էին նաեւ  թեմիս նախկին Առաջնորդներէն՝ Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապաքեան, Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Հոգեւոր Տեսուչ Գերպ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Հոգեշ. Պօղոս Աբեղայ Թինքճեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Խաժակ Տիքիճեան ու իր Տիկինը, Ազգային Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Ռիմա Պօղոսեանն ու իր գործընկերները, ծխական շրջանի Ազգային Երեսփոխանները, հոգաբարձութեան ատենապետ Պրն. Ծերոն Թիթիզեան ու հին ու նոր հոգաբարձական կազմերու անդամներ ու եկեղեցիներու հոգաբարձական կազմերու ներկայացուցիչները, օրուան նախագահ Տէր եւ Տիկին Ղազարոս եւ Պէթի Ղազարոսեանները, ճաշկերոյթի հիւրընկալներ Սարգիս եւ Ռուզանա Թրմրեանները եւ Տիար Ճորճ Թիթիզեան, «Ֆերահեան» Ազգ. Վարժարանի Ուսումնական Մարմինն ու Տնօրէնութիւնը, եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան անդամները,  ներկայացուցիչները գաղութին մէջ գործող բոլոր պատկան մարմիններու եւ միութիւններու, եկեղեցւոյ բարերարներն ու նուիրատուները ու աւելի քան 500 հայորդիներ եւ հիւրեր:

Իբրեւ օտար հիւրեր պաշտօնապէս ներկայ էին Լոս Անճելըսի Քաղաքային Խորհուրդի անդամ (City Councilmember) Փօլ Քորէթզ ու Նահանգի Ներկայացուցչական Պալատի անդամ (State Assembly) Ատրին Նազարեան:

Պէտք է ըսել, թէ այդ երեկոյ գեղեցկօրէն զարդարուած «Աւետիսեան» սրահն ու յատկապէս կարմիր գորգով դիմաւորող մուտքը, մեծ ու տարբեր տպաւորութիւն կը ձգէին իւրաքանչիւրին վրայ:

Ներկաները սրահ մուտքէն առաջ, դրան սեմին եկեղեցւոյ 50 ամեակի յատուկ պատրաստուած պաստառին առջեւ, նախ առ ի յիշատակ կը նկարուէին եւ ապա ներս մտնելով կը գրաւէին իրենց տեղերը, ծաղիկներով զարդարուն սրահի սեղաններուն շուրջ, ուր օրուան յայտագրի կողքին կար նաեւ  եկեղեցւոյ յիսնամեակին նուիրուած գեղեցիկ, պատկերազարդ ու պատմական բովանդակութեամբ լի գրքոյկը, որ լոյս ընծայուած էր մեկենասութեամբ եկեղեցւոյ բարերարներէն Տէր եւ Տիկին Ժան եւ Մարինէ ու իրենց զաւկին՝ Տէր եւ Տիկին Կրէկ ու Սիլվա Մարթայեաններուն, իրենց հօր եւ մեծ հօր՝ հանգուցեալ Գրիգոր Մարթայեանի յիշատակին նուիրուած:

Ներկաներու տրամադրութեան տակ դրուած եկեղեցւոյ կէս դարու կեանքին նուիրուած յուշամատեանը, որ կը բովանդակէր եկեղեցւոյ պատմութիւնը, ուր արձանագրուած էր նաեւ ամէն բարերար դէմք եւ դէպք:

Ձեռնարկը պաշտօնապէս բացուեցաւ Թուխման Խաչատուրեանի ամերիկեան եւ հայկական քայլերգներու մեներգներով՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ Պրն. Կոմիտաս Քէշիշեանի: Ապա սրահը հրաւիրուեցաւ մէկ վարկեան յոտնկայս լռութեան առ ի յարգանք մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած եկեղեցւոյ ծառայողներուն, բարերարներուն, նուիրատուներուն եւ հովիւներուն հոգիներուն:

Իր կարգին, Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրեց սրահը դարձեալ յոտնկայս լսելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի եկեղեցւոյ այս մեծ թուականին նուիրուած օրհնութեան գիրը:

Ներկաները երկիւղածութեամբ լսեցին Հայրապետական խնդակցումի, բարի մաղթանքներով լի օրհնութեան գիրի ընթերցումը, որմէ ետք Սրբազան Հայրն ու Հոգեւոր Հայրերը կատարեցին սեղաններու օրհնութենը:

Ձեռնարկին գործադրուեցաւ պաշտօնական յայտագիր մը, որուն բացումը կատարեց եւ ձեռնհասօրէն անոր հանդիսավարութիւնը վարեց Պրն. Նիկոլ Մանուկեան:

«50 տարիներ առաջ, մեր շրջանի հայութիւնը ունեցած էր տեսիլք ու երազ տէրը դառնալու Աստուծոյ տան: Ու այդ մէկը իրականացաւ շնորհիւ իր հաւատքին ու նուիրումին:» Հանդիսավարը հակիրճ պատմականն ալ ըրաւ եկեղեցւոյ եւ այդ օրերու հոգաբարձութեան կազմութեան եւ անոր տարած ազգանուէր աշխատանքին եւ ապա շնորհակալութեան եւ երախտագիտական խօսքերով ամբողջացուց իր բաժինը:

Այս պատմական իրադարձութեան առթիւ, իրենց կարգին բեմ հրաւիրուեցան Լոս Անճելըսի Քաղաքային Խորհուրդի անդամ (City Councilmember) Փօլ Քորթէզ եւ Նահանգի Ներկայացուցչական Պալատի Անդամ (State Assembly) Ատրին Նազարեան, որոնք           շնորհաւորեցին գաղութը եւ իրենց գնահատագիրները փոխանցեցին հոգաբարձութեան։

Ապա եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց. ան նախ շեշտեց թէ այսօր տօնն է բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութեամբ իրենց կեանքը խառնեցին հաւաքանին:

Անդրադառնալով եկեղեցւոյ հիմնադրութեան, հովիւը իր խօսքը շարունակեց ըսելով, թէ «բացարձակ իրականութիւն է, որ տեսիլք ունեցողներն են, որ պատմութեան էջերուն վրայ կը թողուն իրենց հետքը: Մենք յարգանքով կը յիշենք եկեղեցւոյ հիմնադիր սերունդին նուիրեալ ծառայութիւնը, միաժամանակ հաստատելով թէ սկսուած աշխատանք մը շարունակելը նոյնքան դժուար է եւ մեծ զոհողութիւն կÿենթադրէ»:

Տէր Հայրը, վեր առնելով նախնիներուն այս սրբազան աշխատանքը երախտագիտական խօսքերով դրուատեց օրուան ձեռնարկի նախագահութիւնը ստանձնող Տէր եւ Տիկին Ղազարոս եւ Պէթի Ղազարոսեաններուն նուիրումն ու առատաձեռնութիւնը: Ինչպէս նաեւ ան բարի յիշեց ճաշկերոյթի հիւրընակալներ՝ Տիար Ճորճ Թիթիզեանն ու Սարգիս եւ Ռուզաննա Թրմրեանները, ինչպէս նաեւ 50 ամեակի յուշամատեանի հրատարակութեան մեկնասներ՝ Տէր եւ Տիկին Ժան եւ Մարինէ ու իրենց զաւակին Տէր եւ Տիկին Կրէկ եւ Սիլվա Մարթայեաններուն անունները, ապա անգլերէն լեզուով երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ կէս դար առաջ Արգլին ընտանիքի զոհաբերութեան եւ ծառայասիրութեան մասին:

Այս պատմական հաւաքոյթին առթիւ, Տէր Հայրը շնորհակալական յատուկ խօսքեր փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Թեմի Կրօնական Ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան, եկեղեցւոյ Երեսփոխաններուն, հոգաբարձութեան յարակից մարմիններուն, շրջանի քոյր միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն եւ մանաւանդ գաղութին, որոնք միշտ եկեղեցւոյ բարգաւաճման աշխատանքներուն իրենց ներդրումը բերած էին անսակարկ նուիրումով:

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս, հոգաբարձութիւնը Կիլիկիոյ մանրանկարչութիւնը խորհրդանշող յուշանուէրներով պատուեց օրուան իր նուիրատուները՝ Տէր եւ Տիկին Ղազարոս եւ Պէթի Ղազարոսեանները, Սարգիս եւ Ռուզաննա Թրմրեանները, Տիար Ճորճ Թիթիզեանը եւ Տէր եւ Տիկին Ժան եւ Մարինէ՝  Կրէկ ու Սիլվա Մարթայեանները:Յանուն Ազգային Վարչութեան Տիկին Ռիմա Պօղոսեան նախ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ հովիւն ու հոգաբարձութիւնը պատմական այս թուականի նշման առթիւ:

«Համախմբուել ենք, մեր ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը արտայայտելու այն վիթխարի աշխատանքին համար, որ անցեալ հինգ տասնամեակներում, օր աւուր, տարուէ տարի իրագործուել է Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ յարկին տակ, ի խնդիր ոչ միայն Սան Ֆերնանտօ հովիտի մեր հայ հաւատացեալների հոգեւոր մատակարարութեան, այլ նաեւ հասնելու մեր շրջանի ժողովրդի ազգային կարիքներին»:

Ապա ան պարզեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ինքնութիւնը, դերն ու անոր հիմնադիրներուն տեսլականը, որոնք մեր ժողովուրդին տուին նոր խորք եւ բացին նոր հորիզոն:

«Հպարտ ենք հիմնադիրների գործով: Հպարտ ենք, որ նրանց բարձրացուցած ջահը վառւում է ջերմօրէն: Հպարտ ենք, որ տարուէ տարի նոր ձեռքեր են միանում կէս դար առաջ սկսուած աշխատանքին, որ շարունակուելու է անխափան, միշտ դէպի վեր, միշտ դէպի նոր նուաճումներ»: Ապա շնորհաւորական խօսքերով ու բարի մաղթանքներով ամբողջացուց իր խօսքը:

Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անունով իր սրտի խօսքը փոխանցեց հոգաբարձութեան անդամ Տիկին Մարալ Դարբինեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, երախտագիտական ջերմ զգացումները յայտնեց եկեղեցւոյ շուրջ սիրայօժար ու պատրաստակամ կերպով համախմբուած բոլոր ծառայողներուն:

«Այսօր գոհունակութեամբ կու գանք տօնելու Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ 50-ամեակը, ծառայութեան նոյն ուղիէն ընթանալով, հաստատ գիտակցելով, որ մեզի փոխանցուած աւանդը սուրբ է ու նուիրական:

«Ձեռնարկները նպատակ չեն, սակայն միջոց են վեհ նպատակներ հետապնդելու, որպիսին է մեր եկեղեցւոյ բարեզարդումն ու պայծառացումը: Իսկ ամեակները իրագործումները նշող եւ գոյատեւումը հաստատող ուրախ առիթներ են, որոնք կարելի կը դառնան մեր ազգայիններու անսակարկ նուիրատուութիւններով»:

Ապա Տիկին Մարալ Դարբինեան շնորհակալութեան խօսքերով մեծարեց օրուան ձեռնարկի նախագահն ու հիւրընկալները, ինչպէս նաեւ մոմավառներն ու բոլոր նուիրատուները, որոնք համեստաբար իրենց լուման ձգած էին եկեղեցւոյ պայծառացման գանձանակին մէջ:

Ան նաեւ բարի յիշեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւն ու մեծապէս գնահատեց անոր ծառայասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ գնահատական խօսքերով արտայայտուեցաւ հոգաբարձութեան ու յարակից մարմիններու տարած աշխատանքին եւ շրջանի քոյր միութիւններու աջակցութեան մասին, որոնց «անսակարկ զօրակցութեան շնորհիւ անմար կը պահուի Լուսաւորչի կանթեղը»:

Հոգաբարձութեան անգլերէն լեզուով խօսքը փոխանցեց Պրն. Արա Փափազեան, որ նախ Սարոյեանի հայութեան նուիրուած խօսքերու մէջբերումով վեր առաւ հայուն իր հաւատքին նկատմամբ ունեցած եւ տածած սէրն ու յարգանքը: Ան նաեւ ըրաւ ամփոփ պատմականը եկեղեցւոյ ծնունդին եւ ապա շնորհակալութեամբ ու բարի մաղթանքներով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց եկեղեցւոյ հին ու նոր բարերարներուն, որոնց առատաձեռն նուիրատուութեան շնորհիւ եկեղեցին կը գոյատեւէ:

50 ամեակի առիթով հոգաբարձութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր գնահատելու իր կարգ մը նուիրեալ աշխատողները եւ ծառայողները։

Այսպէս, իրենց երկարատեւ եւ անսակարկ ծառայութեան եւ նուիրեալ աշխատանքին համար հրապարակային կերպով գնահատուեցան Կիրակնօրեայ վարժարանի Տնօրէնուհի Տիկին Սեդա Քէչէճեանը, դպրաց դասի խմբավար եւ երաժշտագէտ Պրն. Կոմիտաս Քէշիշեանը եւ եկեղեցւոյ գրասենեակի տարիներու վարիչ քարտուղար Պրն. Մարտիկ Քէօշկէրեանը:

Վերոյիշեալներու գնահատումէն ետք, Տէր Հայրը բեմ հրաւիրեց 50-ամեակի յանձնախումբը, գնահատեց անդամներուն աշխատանքը եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ միասին ունեցան յիշատակի նկար մը։ Ապա, ցուցադրուեցաւ երկլեզու վաւերական ու գրաւիչ տեսաերիզ մը, որուն միջոցով սրահը ականատես եղաւ եկեղեցւոյ ծնունդին եւ շինութեան, սեփական եկեղեցի մը ունենալու օրուան հոգաբարձութեան եւ ազգային ղեկավարներուն, անոնց նուիրական աշխատանքներուն եւ զոհաբերութեան:

Տեսաերիզը յիսնամեակի առիթով նուիրուած էր եկեղեցւոյս սարկաւագներէն Բարեշ. Րաֆֆի Կարապետեանի զաւակներուն՝ Վահէի եւ Վաչէի կողմէ։

Տեսաերիզի ցուցադրութենէն ետք տեղի ունեցաւ աւանդական մոմավառութիւնը։

Յիսնամեակի յանձնախումբէն Տիկին Անի Ագեան եւ Օրդ. Մարիա Աբրահամեան մէջ ընդ մէջ կարդացին մոմավառներուն անունները, որմէ ետք Լուսաւորչի կանթեղը յիշեցնող առաջին մոմը վառեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը, որուն հետեւեցան մոմավառները ներկաներու բուռն ծափահարութեամբ։

Ձեռնարկի պաշտօնական բաժնի աւարտին, հայրական իր պատգամը երկլեզու եւ շատ հարազատ ու տպաւորիչ կերպով փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը:

«Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ 50-ամեայ տարեդարձին առիթով փառք կու տանք Աստուծոյ, որ մեզի շնորհեց այս պատմական իրադարձութիւնը, այս պատմական տարեդարձը, որպէսզի իր փառքին, մեր ազգի շինութեան եւ մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան համար միասնաբար տօնենք զայն, որուն համար կÿըսեմ պատիւ բոլորիդ եւ օրհնեալ ըլլաք»:

Սրբազան Հայրը նաեւ յատուկ կերպով իր գնահատանքն ու օրհնութիւնը տուաւ բոլորին, ինչպէս նաեւ աղօթեց եկեղեցւոյ բոլոր նուիրեալներուն, որոնք տարիներով իրենց ծառայութիւնը ի սպաս դրած էին եկեղեցւոյ պայծառութեան, դրուատեց նախկին հոգեւոր հովիւները, հոգաբարձութեանց ատենապետներն ու անդամները, յատկապէս այժմու հոգեւոր հովիւ Տ. Ռազմիկ Քհյ. Խաչատուրեանը:

Առաջնորդ Սրբազանը կոչ ըրաւ ներկաներուն, որ Պօղոս Առաքեալի պատգամին համաձայն, համեստ ու խոնարհ ըլլան, տոգորուին միասնական ոգիով, գործեն միակամ եւ միասնաբար Աստուծոյ փառքին համար ծառայութիւն բերեն։ Ան ընդգծեց, որ միացեալ ու ամբողջական ըլլալու պատգամը հետեւեալ բառերով արտայայտուած է առաքեալին կողմէ. «Միշտ համեստ եղէք եւ միայն Աստուծմէ ձեզի տրուած հաւատքին չափով գնահատեցէք դուք ձեզ։ Ինչպէս մեր մարմինը բազմաթիւ անդամներ ունի, որոնց պաշտօնը նոյնը չէ սակայն, այնպէս ալ Քրիստոսի միացած ըլլալով՝ մենք բոլորս մէկ մարմին ենք» (Հռոմ. 12։3-5)։

Փառք եւ օրհնութիւն այս եկեղեցւոյ հիմնադիրներուն, որոնք 50 տարիներ առաջ, նոյն ոգիով, համեստութեամբ, խոնարհութեամբ իբրեւ մէկ մարմին իրենց շնորհքը գործածեցին եւ Աստուծոյ փառքին համար Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին կանգնեցին: Թող Աստուած օրհնէ յիշատակը բոլորին, որոնք երանական հանգիստի մէջ են:

«Այս օրը մեզի համար իսկապէս մեր հոգիները՝ մենք զմեզ պեղելու օր է, որպէսզի արթուն մտքով եւ արթուն հոգիով, սակայն մանաւանդ համեստութեամբ եւ խոնարհութեամբ մեր ծառայութիւնը շարունակենք Աստուծոյ փառքին համար, մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ շինութեան համար: Այս երեկոն մեզի պատգամ մը ունի, որ մենք եղբայրական սիրով, խոնարհութեամբ եւ համեստ ոգիով բարին խորհելով, բարին խօսելով եւ բարին գործելով եկեղեցւոյ մեր ծառայութիւնը առաջ տանինք լուսաւոր կերպով:

«Եւ ինչ հպարտութիւն է այսօրուան այս յաջողութիւնը: Պատիւ բոլորիդ, պատիւ օրուան նախագահին, յանձնախումբին, հիւրընկալներուն, հոգաբարձութեան, Հոգեւոր Հովիւին, որ այս երեկոն ըրիք պատմական՝ յաջող եւ բացառիկ երեկոյ մը։

«Բարի տարեդարձ մեր եկեղեցւոյ: Փառք Աստուծոյ եւ Աստուած օրհնէ ձեզ բոլորդ», ամբողջացուց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր մաղթանքն ու խօսքը, որ ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ՝ իրենց հաւատքին, իրենց եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած հաւատքին նորոգման ազնիւ ու գրաւիչ հրաւէր կոչ մը ներկաներուն:

Նախքան պաշտօնական բաժինի աւարտին, յատուկ յուշանուէրներ յանձնուեցան օրուան նախագահին, հիւրընկալներուն եւ յուշագրքոյկի մեկենասին, որմէ ետք բոլորը միասին կտրեցին 50-ամեակի կարկանդակը։

Ընթրիքէն ետք, երեկոն խանդավառեցին երգիչ Գօգօ Հայիթեան ու իր նուագախումբը: Ներկաները, երեկոյթի ուրախ մթնոլորտէն խանդավառուած՝ կատարեցին նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

Վստահաբար 9 Նոյեմբեր 2013 թուականը Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ աւելցուց փառքի ու պարծանքի էջ մը եւս, որովհետեւ թէ՛ մեր հայու անսասան հաւատքին եւ թէ՛ իր յոբելենական թուականի յիշատակն էր, զորս հովիտահայութիւնը հպարտօրէն ոգեկոչեց միասնաբար։

Այս առթիւ, բարձր կը գնահատենք բոլորին վաստակը, ճիգը, ներդրումն ու շինարար ոգին: Շնորհաւորութիւններ եւ վարձքը կատար բոլորին:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022