Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ, Մատաղօրհնէք եւ Ձեռնադրութիւն Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Օծման 50-Ամեակին Առթիւ


Մեր ժողովուրդը, իր լայն ու նեղ օրերուն, իր տառապանքի, հալածանքի կամ հանգիստ պայմաններուն, իր հոգիին ու մտքին մէջ ամրօրէն պահած է իր մեծ հաւատքը ու այս ձեւով հիմնած է իր հաւատքի տունը՝ եկեղեցի, եւ փորձած է սերունդէ սերունդ զայն հաստատօրէն փոխանցել իր յաջորդներուն:

Ուստի, մեզի համար մեր եկեղեցին, իր գեղեցիկ եւ միաժամանակ խորհրդաւոր ու անզուգական կառոյցով, դէպի վեր սլացող իր գմբէթով, գաղտնի ճամբայ մը ունի, եւ ոչ մէկ ուժ կրցած է զայն արմատախիլ ընել մեր մտքէն եւ հոգիէն:

Ահա թէ ինչու դարերու ընթացքին ճիգ չէ խնայուած հաստատ պահելու մեր այս հաւատքի մեծ կառոյցը:

Նման բոլոր հայկական եկեղեցիներու ծնունդին՝ անոնց կառուցման եւ հաստատ պահպանման, Սան Ֆերնանտօ Հովիտի մեր գաղութն ալ, 50 տարիներ առաջ, Սրբոց Նահատակաց անունով սեփական եկեղեցի մը ունենալու գաղափարն ու երազը, եւ ապա նոյն երազին իրականացումը կատարեց: Ապա ասկէ մեկնած, եկաւ հաստատելու, թէ եկեղեցին հովիտահայութեան համար պարզ կառոյց մը կամ շէնք մը չեղաւ, այլ` իսկապէս շրջանի հայութեան հաւատքի անսասան ամրոցն ու խորհրդանիշը:

Գեղեցիկ աւանդութիւն դարձած է եկեղեցւոյ անուանակոչութեան յիշատակումը: Եւ որովհետեւ ամէն աւանդութիւն մէկական գեղեցկութիւն է, ամէն տարի, այս գեղեցիկ սովորութեան համաձայն, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, Ամենայն Սրբոց տօնին եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան զոյգ տօներուն առիթներով, կը մատուցուի եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ, որուն կը յաջորդէ եկեղեցւոյ հին ու նոր ննջեցեալ սպասարկուներու եւ բարերարներու հոգիներուն յատուկ հոգեհանգստեան պաշտօն. յաճախ տեղի կ՚ունենայ նաեւ դպիրներու կամ սարկաւագներու ձեռնադրութիւն, իսկ արարողութեանց աւարտին՝ մատաղօրհնէք:

Այս տարի, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը զուգադիպեցաւ եկեղեցւոյ օծման կէս դարու պատմական տարեդարձին։ Կիրակի, 3 Նոյեմբեր 2013ի առաւօտեան ժամը 10:30ին, տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. պատարագ, որուն ընթացքին՝ սարկաւագներու եւ ուրար կրելու իրաւունք ստացող դպիրներու ձեռնադրութիւն: Ս. Պատարագը մատուցեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, որ նաեւ կատարեց ձեռնադրութիւնները։

Եկեղեցին ժամանակէն առաջ լեցուած էր խուռներամ բազմութեամբ: Օրը տօնական էր ու պատմականօրէն յիշատակելի: Հարիւրաւոր հաւատացեալներու կողքին ներկայ էին թեմիս նախկին Առաջնորդ Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապաքեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիար Խաժակ Տիքիճեանն ու իր տիկինը, Թիմիս Ազգային վարչութեան ատենապետուհին՝ Տիկին Ռիմա Պօղոսեանը, շրջանի երեսփոխանները, հոգաբարձական կազմը, տիկնանց միութեան եւ Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցչական կազմն ու աշակերտները, ինչպէս նաեւ գաղութին մէջ գործող պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները:

Տեղին է յիշել, թէ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի աշակերտները ստեղծած են գեղեցիկ աւանդութիւն մը. ամէն Կիրակի, դասարանի կարգով, աշակերտները ներկայ կը գտնուին Ս. Պատարագին: Այս Կիրակի, 11-րդ կարգի աշակերտութեան կարգն էր. օրինակելի ու նոյնքան ալ տպաւորիչ ներկայութիւն մը: Իբրեւ հաւատացեալ եւ աւանդապաշտ քրիստոնեայ կը զգաս, որ այս մէկը իսկապէս տարբեր ապրում է:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եկեղեցի մուտք գործեց «Հրաշափառ»ով։

Ս. Սեղանին սպասարկեցին Հոգշ. Տ. Պօղոս աբեղայ Թինքճեանն (Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն, որ իբրեւ ուսանող շրջանս կը գտնուի) ու եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան: Պատարագի իսկապէս շատ տպաւորիչ եւ խորհրդաւոր երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց եւ սարկաւագաց դասը, ղեկավարութեամբ երաժշտագէտ Կոմիտաս Քէշիշեանի:

Եկեղեցւոյ բանկալի սեմին, հաւատացեալներու համար պատրաստուած գրքոյկին մէջ լայն գիծերով եւ երկլեզու տեղ գտած էին օրուան խորհուրդն ու եկեղեցւոյ հակիրճ պատմականը, ինչպէս նաեւ մատաղի բացատրողականը եւ նուիրատուներու անունները, նաեւ՝ մատաղօրհնէքէն ետք կատարուելիք ձեռնարկին յայտագիրը: Բաւական շինիչ ու գործնական գրքոյկ մըն էր, խնամքով պատրաստուած եւ ընթերցող հաւատացեալ հասարակութեան տրամադրուած:

Ճաշու Գիրքին ընթերցումէն վերջ, սարկաւագաց ձեռնադրութեան հոգեպարար արարողութիւնը սկսաւ «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ։ Ուրարակիրներ Յովիկ Սերայտարեան եւ Թուխման Խաչատուրեան ծնկաչոք խորան բարձրացան. Տէր Ռազմիկ Քահանայ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայացուց զանոնք եւ վկայեց անոնց ծառայութեան ու սարկաւագութեան արժանի ըլլալուն մասին։ Ապա, ընծայեալները ծնկաչոք յառաջացան դէպի խորան, եւ Առաջնորդ Սրբազանը իր ձեռքը անոնց գլխուն դնելով, աղօթեց առ Աստուած, որ Իր Ս. Աջը հովանի ընէ անոնց վրայ, որպէսզի արժանի ըլլան Ս. Եկեղեցւոյ սպասաւորութեան կոչումին։ «Թող Քու շնորհքներդ ստանան եւ որպէս սարկաւագներ՝ իրենց կարգին ծառայութեան մէջ զանոնք տարածեն հաւատացեալներուն մէջ»։ Ան նաեւ աղօթեց, որ անոնք իրենց ետին ձգեն ինչ որ երկրաւոր է, եւ տարածիչը ըլլան Աւետարանի ճշմարիտ խօսքին։ Ապա խնդրեց Աստուծմէ, որ զիրենք մաքրէ բոլոր մեղքերէն եւ անոնց շնորհէ ուժ եւ իմաստութիւն, որպէսզի առաջնորդուին ճշմարտութեան ճանապարհէն, Միածինին գթութեամբ եւ Ս. Հոգիի ճշմարտութեամբ լեցուած։

Ապա, ընծայեալները դէպի հաւատացեալները դառնալով, իրենց ձեռքերը վեր ու ականջի ետին տարած, «Աստուածային եւ Երկնաւոր Շնորհ» շարականին երգեցողութեամբ ստացան կոչումը սարկաւագութեան, իրենց անձերուն եւ ամբողջ ժողովուրդին տուած վկայութեան համաձայն։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը իր ձեռքը անոնց գլխուն դնելով, խնդրեց Աստուծմէ, որ հոգայ Իր այս նուիրեալները, որոնք Ս. Եկեղեցիին ծառայելու համար ձեռնադրուեցան։ «Հաստատուն պահէ զիրենք այս կոչումին մէջ, ամէն չար բանէ հեռացուր զիրենք եւ ամէն տեսակի բարեգործութեան մէջ զօրացուր», աղօթեց Առաջնորդ Սրբազանը, խնդրելով որ Աստուած անոնց սէրն ու հաւատքը աւելցնէ, եւ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի զօրութիւնն ու շնորհքը տայ իրենց, որպէսզի հնազանդութեամբ, խոնարհութեամբ եւ Ս. Հոգիով լեցուն ծառայեն եւ հոգեկան ուրախութիւն ու բարութիւն բերեն իրենց ու շրջապատին։

Ճաշու Աւետարանի ընթերցումէն եւ «Հաւատամք»էն ետք, արարողութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ «Ողջոյն»ի պահը։ Ընծայեալները անգամ մը եւս ծնրադրեցին Առաջնորդ Սրբազանին դիմաց, որ իր ձեռքը անոնց վրայ դնելով աղօթեց, որ Աստուած իրենց օգնական ու պաշտպան ըլլայ, եւ զիրենք պահէ երեւելի ու աներեւոյթ թշնամիներէ, որպէսզի Իր կամքին համաձայն արդար եւ անարատ կեանք մը ապրին եւ արժանի ըլլան յաւիտենական կեանքին։ Այնուհետեւ, իրենց ուրարները ձախ ուսին զետեղելով՝ աղօթեց ըսելով. «Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքէն առէք այս մաքուր ուրարները, եւ մեղքի բոլոր պատրանքները թօթափեցէք, երբ Իր ներկայութեան կը կանգնիք»։ Ապա յորդորեց որ իրենց կեանքով ու վարքով օրինակ ըլլան ժողովուրդին։ Ապա, Աւետարանը նուիրեալներուն տալով, իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ խօսքը կարդալու, որմէ ետք, բուրվառը տալով, հրաման տուաւ «Ս. Պատարագի խորհուրդի որպէս սպասարկութիւն՝ խնկարկելու եւ անուշ հոտ բուրելու»։ Ձեռնադրեալ սարկաւագները Ս. Սեղանին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ժողովուրդին խնկարկեցին։

«Պահպանիչ»էն առաջ, Առաջնորդ Սրբազանը ուրարի տուչութիւն կատարեց դպիրներ Յակոբ Տէմիրճեանի, Մանուէլ Պայրամեանի, Պետրոս Նաճարեանի եւ Կէրի Մարգարեանի, որոնք դարձան եկեղեցւոյ նոր ուրարակիրները։ Ապա բոլորը միասին ստացան Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը, որուն յաջորդեց պատգամը։

Պէտք է գնահատանքով յիշել, թէ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտութիւնը յաճախ սուրբ պատարագի արարողութեան կը մասնակցի։ Այս հիման վրայ, օրուան ընթերցումը՝ Պօղոս Առաքեալի Եփեսացիներուն ուղղուած նամակը տպաւորիչ ձեւով ընթերցեցին Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտուհիներէն Քրիստա Աւետիսեան ու Անի Քէօշկէրեան, իսկ զղջումը՝ աշակերտ Ալեքսան Տէր Դաւիթեան:

Ս. Պատարագի ընթացքին, պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազանը տուաւ իր հայրական պատգամը. նախ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ արժանի ըրած էր միասնաբար մասնակից ըլլալու եկեղեցւոյ ուխտի օրուան եւ օծման յիսնամեակին նուիրուած պատարագին, որուն ընթացքին սարկաւագ ձեռնադրուեցան երկու ուրարակիր դպիրներ:             Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց նոր ձեռնադրուող դպիրները եւ մաղթեց, որ անոնք անսասան մնան իր կոչումին եւ հաւատքին մէջ:

«Թող ձեր ծառայական կեանքը սկսի հաւատքով, յոյսով եւ սիրոյ ճանապարհով», պատգամեց Առաջնորդ Սրբազանը ու աւելցուց. «Աղօթեցինք եւ Աստուածմէ խնդրեցինք, որ այս նուիրեալները հաւատքի զօրութեամբ ապրին իբրեւ քրիստոնեայ, Աստուծոյ զաւակ»:

Խօսելով մարտիրոսացած սուրբերու մասին, Առաջնորդ Սրբազանը յիշեց, թէ քրիստոնէութեան առաջին դարերէն սկսեալ, եկեղեցին ամէն տարի յիշատակած է իւրաքանչիւր մարտիրոս սուրբի նահատակութիւնը: Սակայն, երբ տարուէ տարի նահատակներուն թիւը շատցած էր, եկեղեցին որոշած է «Ամենայն սրբոց» տօնով յիշատակել բոլորը: Մեր եկեղեցին ալ հետեւած է այս քայլին:

«Իսկ ի՞նչ է այթ բոլորին մէջ՝ պատգամը: Պարզապէս սուրբերու կեանքը իբրեւ օրինակ ունենալ: Մեր սուրբերը մեզի համար կենդանի օրինակներ են: Բոլոր սուրբերը զԱստուած սիրեցին ու Անոր հետեւեցան: Այս տօնն է, որ կը նշենք իբրեւ ուղղութիւն եւ կեանքի առաքելութիւն: Անոնք հաւատացին արդարութեան եւ ճշմարտութեան եւ դարձան վկաները Աստուծոյ: Այսօր մեր ուխտի վերանորոգման օրն է», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը:

Իր պատգամի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը նուիրումով եւ խոնարհութեամբ ծառայելու ու մեր ապրելիք կեանքը, կատարելիք գործն ու արտասանելիք խօսքը լաւ մը խորհելով, կշռելով ու քննելով ու բարին ցանկալով ապրելու կարեւորութիւնն ու էականութիւնը շեշտեց:

«Ուխտի օրերը այս յիշեցումները կÿընեն մեզի», ամբողջացուց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը, միաժամանակ փոխանցեց հայրական իր օրհնութիւնները ու ջերմ գնահատականները ներկայ հաւատացեալներուն, նոր ձեռնադրուողներուն, դպրաց դասին, Կիրակնօրեայ եւ Ֆերահեան վարժարաններուն ներկայ եղող աշակերտութեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ բոլոր սպասարկուներուն: Ան նաեւ օրհնեց յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք 50 տարիներ առաջ հաւատքով հիմը դրին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ, նաեւ աղօթեց ներկայի սպասարկուներուն համար:

«Տէր Ողորմեա»էն առաջ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան ծանուցեց, թէ այս պատմական օրուան առթիւ եկեղեցւոյ բարեզարդման եւ պայծառացման համար եղած էին հետեւեալ սրտաբուխ նուիրատուութիւնները.-

– Տէր եւ Տիկին Կարպիս եւ Վարդ Պէրպէրեան՝ գեղեցիկ պահպանակով Ճաշու Աւետարան մը:

– Հանգուցեալ Լուսին Քահքէճեանի կտակին համաձայն, նոր բուրվառներ, քշոցներ, խնկամաններ, ճաճանչաւոր խաչեր եւ սկիհ մը:

– Տոքթ. եւ Տիկին Կարօ եւ Լիտա Չաքեան կը հովանաւորէին դպրաց դասի նոր շապիկները:

Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն՝ հոգիներուն բոլոր անոնց, որոնք եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս գործեցին ու նուիրուածութեամբ ծառայեցին եւ առ յաւէտ բաժնուեցան: Նոյնպէս, շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի հին ու նոր ննջեցեալներու հոգիներուն համար ալ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն տեղի ունեցաւ:

Ապա, շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Մասիս» մասնաճիւղի սկաուտներու, արի-արենուշներու հսկողութեամբ, թափօրը առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ համալիրին մէջ գտնուող Ֆերահեան վարժարանի «Աւետիսեան» սրահը, ուր պատրաստուած էր օրուան մատաղը:

Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսաւոր կերպով կատարեց մատաղի օրհնութիւնը, որմէ ետք բազմահարիւր ներկաներ հրաւիրուեցան գրաւելու սրահին մէջ տեղ գտած սեղաններու շուրջ, միասնաբար վայելելու օրուան մատաղը՝ սիրոյ ճաշը: Մատաղի արարողութեան աւարտին, երգուեցան «Կիլիկիա»ն ու Հայաստանի Քայլերգը:

Ճաշէն ետք, գործադրուեցաւ գեղարուեստական շատ կոկիկ յայտագիր մը, պատրաստուած եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտութեան կողմէ:

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմնիկ Քհնյ. Խաչատուրեան, իր բացման խօսքին մէջ, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, այսօրուան պատմական ու հանդիսաւոր սուրբ պատարագի իր մատուցման առթիւ: Ապա շարունսկելով իր խօսքը րսաւ.- «Մենք յաճախ խօսած ենք եկեղեցւոյ եւ Աստուծոյ պատգամներուն կարեւորութեան մասին, մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Խօսած ենք նաեւ նորահաս սերունդը եկեղեցւոյ մօտեցնելու մասին: Այս բոլորը կÿենթադրեն զոհողութիւն եւ անսակարկ նուիրում, որուն ցայտուն օրինակն է մեր եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, իր Դպրաց դասով, Տիկնանցով, Կիրակնօրեայով եւ ժրաջան հոգաբարձութեան կազմով: Կը հաւատամ, որ եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ համախմբուած եւ աշխատող մեր բոլոր մարմինները իրենց առաքելութեան մէջ յաջողած են: Վկայ 50 տարուան մեր կտրած ճանապարհը»:

Հոգեւոր Հովիւը շնորհաւորական խօսք ուղղեց նոր ձեռնադրուած սարկաւագներուն եւ ուրար ստացողներուն ու կատարեց իր բարի մաղթանքները: Նաեւ ան վեր առաւ Առաջնորդ Սրբազան հօր ցուցաբերած հայրական բարձր հոգատարութիւնն ու ազգային ծառայութիւնը: Տէր հայրը յատուկ շնորհակալական խօսքեր ուղղեց նաեւ եկեղեցւոյ ծառայողներուն եւ յիշեց, թէ Շաբաթ 9 Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ 50 ամեակի յատուկ ճաշկերոյթ տօնակատարութիւնը, նոյն սրահէն ներս:

Հայրական իր խօսքերով ելոյթ ունեցաւ նաեւ Առաջնորդ Սրբազանը: ան Կիրակնօրեայի աշակերտներուն երգած շարականին բառերը մէջբերելով սկսաւ իր պատգամը.- «Եկայք, շինեսցուք զսուրբ խորանն լուսոյ, քանզի ի սմա ծագեաց մեզ լոյս ի Հայաստան աշխարհի», եկէ՛ք, շինենք լոյսի սուրբ խորանը, որովհետեւ այնտեղէն Հայաստան աշխարհին մէջ լոյս ծագեցաւ։ Շարականին այս բառերը, այսօր, իբրեւ կենդանի վկայութիւն՝ այս արարողութիւններով ու տօնախմբութեամբ արտայայտեցինք եւ կեանքի վերածեցինք։ Ու անդրադառնալով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի տեսիլքին եւ Էջմիածնի տաճարի իրականացման, ան ըսաւ.- «Թագաւոր, հայրապետ եւ ժողովուրդ միասնաբար սիրով, հաւատքով շինեցին ու կերտեցին մեր հաւատքի տունը, ուրկէ մեզի համար ծագեցաւ լոյսը»:

Խօսելով քրիստոնէութեան առաջին շրջանին մասին, Առաջնորդ Սրբազանը պարզեց թէ իւրաքանչիւր մարտիրոսի վկայութեան տարեդարձը ու անոր կեանքի օրինակն ու հաւատքի կեանքը՝ մեզի համար ուխտի վերանորոգում դարձաւ, ուրեմն,            «պէտք է վերանորոգուինք մեր հոգեւոր արթնութեան համար»:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ կոչ ու թելադրանք ալ ըրաւ բոլորին՝ ապրելու նուիրումով, խոնարհաբար ծառայելով, Աստուծոյ ուշադրութիւնր գրաւելով, որովհետեւ Ան է մեծ դատաւորը:

«Ուխտի օրերը այս յիշեցումները կÿընեն մեզի: Ուստի, մաղթանքս, բաղձանքս ու փափաքս է, որ անաչառութեամբ ծառայենք, անսակարկ նուիրումով, ուշադիր ըլլանք մեր գործերուն ու արտասանած խօսքերուն ու խորհելով գործենք: Այս բոլորը մեզի ժառանգ են մեր սուրբերէն, մեր նախնիներէն ու մեր նուիրեալներէն», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, ապա եկեղեցւոյ բարգաւաճման ի խնդիր բոլոր նուիրեալներուն աշխատանքը մեծապէս գնահատեց եւ օրհնեց ու շնորհաւորեց նոր ձեռնադրուողներն ու անոնց ընտանեկան պարագաները

Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցութիւն բերին Նանօր Սերայտարեան, որ դաշնակի ընկերակցութեամբ իր հօրը՝ Յովիկ Սրկ. Սերայտարեանի, ջութակի վրայ նուագեց Կոմիտասէն եւ Արամ Խաչատուրեանէն կտորներ: Ապա, Lilia Dance Group-ը հայկական երկու պարերով ելոյթ ունեցաւ։  Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները՝ տնօրէնուհի Տիկին Սեդա Քէչէճեանի եւ ուսուցչուհիներ Զարուհի Քիլէճեանի ու Սիրան Հալաճեանի հսկողութեամբ, գեղեցկօրէն ասմունքեցին Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ը եւ ապա յաջորդաբար հրամցուցին խմբերգներ. «Մեսրոպ Մաշտոց», «Էջմիածինի Մանկունք» եւ վերջապէս «Հայրապետական Մաղթանք»ը, խլելով ներկաներու գնահատանքի ու հպարտութեան ջերմ ծափողջոյնները:

Հանդիսաւոր արարողութիւնները եւ տօնահանդէսը վերջ գտան Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով:

Անկասկած, որ սոյն պատմական միջոցառումը կրկնակի խորհուրդ ունեցաւ ներկաներու սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ:

Բոլորին վարձքը եւ ուխտը կատար:

no images were found

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022