Էնսինոյի հայ համայնքը այս տարի կը տօնէ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ օծման 53-րդ տարեդարձը։ 1963-ին էր, որ Աստուծոյ նախախնամութեամբ եւ հիմնադիրներու ջանասիրութեամբ այս համայնքը օժտուեցաւ շքեղ եկեղեցիով մը:
Այս առթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 30 Հոկտեմբեր 2016-ին, Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ Ուրբաթ երեկոյեան, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, կազմակերպութեամբ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին, Հոգաբարձութեան, Տիկնանց Միութեան եւ 53-ամեակի Յանձնախումբին, «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթը։
Ս. Պատարագին, Ս. Սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան: Ներկայ էին Թեմիս Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան, եկեղեցւոյ ծառայող մարմիններու եւ շրջանի քոյր միութեանց ներկայացուցիչները, բարերարներ, Ազգ. Ֆերահեան երկրորդական վարժարանի տնօրէնուհի Տիկին Սօսի Շանլեանն ու իններորդ դասարանի աշակերտները, Կիրակնօրեայ Վարժարանի տեսչուհին Տիկին Սեդա Քէչէճեանն ու աշակերտներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը սկսաւ փառք եւ գոհութիւն տալով Աստուծոյ՝ այս գեղեցիկ տօնակատարութեան կայացման համար, ապա, ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ կեանքը իմաստաւորող եւ կենսաւորող ծխական համայնքին, պատուարժան հիւրերուն եւ Ազգ. Ֆերահեան երկրորդական վարժարանի ու Կիրակնօրեայ Վարժարաններու աշակերտութեան։ Ան նշեց որ ամեակներն ու տարեդարձները առաջին հերթին առիթներ են յետադարձ ակնարկ մը կատարելու եւ յարգանքի ու երախտագիտութեան տուրք մատուցելու այն երախտաւորներուն, որոնք ապագայատեսիլ հաւատքով հիմնադրած են այս եկեղեցին. իսկ երկրորդ՝ առիթ է նոր աւիւնով ու կենսունակութեամբ ընթանալու այն ճանապարհէն, որ հարթած են մեր նախնիները։
Այնուհետեւ, վեր առնելով օրուան աւետարանական հատուածը՝ «Ուրեմն ուշադիր եղէք թէ ինչպէս կþընդունիք այս խօսքերը, որովհետեւ ունեցողին պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի նոյնիսկ այն՝ ինչ որ կը կարծէ թէ ունի» (Ղուկաս 8։17-21), Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նշեց, որ Աստուծոյ խօսքը լոյս է, եւ ով որ կը լսէ այդ խօսքը, պէտք է կեանքի վերածէ եւ անով լուսաւորուի՝ հաւատքով առաջնորդուելով դէպի արդարութեան ճանապարհ, նման այն իմաստուն մարդուն, որ իր տունը կը շինէ վէմի վրայ. իսկ ան որ կþարհամարհէ Աստուծոյ լոյսը, կը նմանի այն յիմար մարդուն, որ իր տունը կը շինէ աւազի վրայ։ Ան շեշտեց, որ մեր նախնիները դժուարին հանգամանքներու մէջ հաւատքի ամուր վէմին վրայ շինեցին այս եկեղեցին եւ տոկուն հաստատութեան մը երաշխիքը տուին մեզի, մենք ալ պարտ ենք հետեւիլ անոնց եւ մեր հաւատքը դրսեւորել գործով եւ ծառայութեամբ։ Անդրադառնալով աւետարանական հատուածի երկրորդ բաժնին՝ «Մայրս եւ եղբայրներս անոնք են, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն», Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ. «Մենք բոլորս Աստուծոյ զաւակներն ենք, եւ եթէ կþընդունինք Լոյսի զաւակ ըլլալ, ուրեմն պէտք է լսենք Անոր խօսքերն ու պատուիրանները, այն ատեն քոյրեր եւ եղբայրներ կը դառնանք, վերածնելով Եկեղեցւոյ արգանդէն», ապա՝ յորդորեց Աստուծոյ իմաստութիւնը, հաւատքը, յոյսը, սէրն ու արդարամտութիւնը դարձնել եկեղեցւոյ եւ համայնքին ծառայութեան մղիչ ոյժը։
Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, եկեղեցւոյ 53-ամեակին առիթով, ծխական համայնքը պատուած է Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով, իբրեւ արտայայտութիւն՝ համայնքին ու եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին հանդէպ տածած սիրոյն եւ հայրական հոգածութեան։
Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եկեղեցւոյ բոլոր հանգուցեալ բարերարներուն, հիմնադիրներուն եւ ծառայասէր ու հաւատաւոր հայորդիներուն հոգիներուն համար։ Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։
Արարողութիւնը աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով:
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ Ուրբաթ, 28 Հոկտեմբերի երեկոյեան, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, եւ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին, Հոգաբարձութեան, Տիկնանց Միութեան եւ 53-ամեակի Յանձնախումբին, «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան ճաշկերոյթը, հիւրընկալութեամբ Տէր եւ Տիկին Գրիգոր եւ Շաքէ Չաքեանի եւ Տիար Գօգօ Փոլոսաճեանի։
Բացման խօսքը արտասանեց եւ հանդէսը վարեց Հոգաբարձութեան անդամներէն՝ Տիար Կրէկ Մարթայեան: Ան նշեց որ Ս. Նահատակաց եկեղեցին հիմքն է Սան Ֆերնանտօ Հովիտի հայութեան եւ երկրորդ տունն ու օրհնութիւնը՝ համայնքին։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Գահակալութեան եւ Օծման 20-ամեակի հայրապետական Ս. Պատարագի հիւրընկալութեան շնորհքը այս եկեղեցւոյ վերապահելու համար։
Տէր Հայրը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը, ապա, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ողջունեց Թեմիս Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեանը, եկեղեցւոյ ծառայող մարմիններու եւ շրջանի քոյր միութեանց ներկայացուցիչները, բարերարներն ու բարեկամները, ապա, պատմական ակնարկով մը լոյսի տակ բերաւ եկեղեցւոյ աւելի քան 53 տարիներու վաստակն ու մատուցած հոգեւոր ծառայութիւնը, գնահատելով բոլոր նուիրեալներն ու անխոնջ ծառայողները։
Հոգաբարձութեան խօսքը արտասանեց ատենապետը՝ Տիար Լեւոն Արապեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն, ձայնակցեցաւ Տէր Հօր գնահատականին, նշելով, որ այսօրուան տօնակատարութիւնը ժառանգն է անցեալի անսակարկ եւ ազնիւ ծառայողներու վաստակին։ Ան երախտագիտութիւնը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ երկար տարիներու հոգածու վերաբերմունքին համար, ինչպէս նաեւ Հոգեւոր Հովիւին, որ 18 տարիներ շարունակ անսակարօրէն կը ծառայէ եկեղեցւոյ համայնքին։
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը հանդէս եկաւ շնորհաւորական ու գնահատանքի խօսքերով, նշելով, որ տօնակատարութիւնները եզակի առիթներ են անդրադառնալու անցեալի ձեռքբերումներուն, գնահատելու կերտիչները, խոստանալու ծառայել անոնց օրինակով՝ նոյն յանձնառութեամբ եւ հաւատքի նոյն տեսլականով։ «Այս Եկեղեցւոյ հիմնադիրները ծառայեցին հաւատքով, յոյսով եւ սիրով, այն գիտակցութեամբ, որ «Եթէ Աստուած մեզի հետ է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռ. 8։31)։ Աստուած հիմնադիրներուն հետ էր եւ մեզի հետ է այսօր, վաղը եւ ընդմիշտ, կը հսկէ եւ ուղիղ կը պահէ մեր ճանապարհը, մենք կը զգանք Անոր ներկայութիւնը, երբ կը ծառայենք հաւատքով, յոյսով եւ սիրով», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Ան նաեւ անդրադարձաւ Բ. Կորնթացիներու 13 գլուխի 5րդ համարէն բխած այն պատգամին, զոր Վեհափառ Հայրապետը ընտրած էր իր Գահակալութեան եւ Օծման 20-ամեակի հայրապետական Ս. Պատարագի ընթացքին, եւ ուր Առաքեալը կþըսէ. «Քննեցէ՛ք դուք ձեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք»: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նշեց, որ ամեակները առիթներ են ինքնաքննութեան եւ ինքնասրբագրումի. պէտք է հարցնենք մենք մեզի, թէ մեր նախահայրերուն չափ հաւատք ունի՞նք, նոյն հաւատքով եւ տեսլականով կը ծառայե՞նք Աստուծոյ եւ Անոր հօտին։ Ապա, իր պատգամը եզրափակեց անգամ մը եւս շնորհաւորելով ու գնահատելով Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքն ու անոնք՝ որոնք նպաստած են եկեղեցւոյ պայծառացման ու շինութեան օրհնեալ գործին, նաեւ գնահատեց օրուան հիւրընկալները եւ անոնց շնորհեց գնահատանքի յուշատախտակներ։