Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի Յիսնամեակի Նշում


Կիրակի, 21 Դեկտեմբեր 2014ին, տեղի ունեցաւ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան հանդէսը: Հանդիսութիւնը կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։

Հանդէսը տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագէն ետք, Ֆերահեան Ազգ. Վարժարանի “Աւետիսեան” սրահին մէջ։ Ներկայ էին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան, ծխական շրջանի երեսփոխաններ, Հոգաբարձութեան ու Տիկնանց Միութեան անդամներ, քոյր միութիւններու ներկայայուցիչներ, ծնողներ եւ Կիրակնօրեայ Վարժարանի առաքելութեան հաւատացող բարեկամներ։ Յայտնենք, որ Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 50-ամեակը. այս առիթով հանդիսութեան հրաւիրուած էին վերջին 18 տարիներու շրջանաւարտները։

Յայտագիրի բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով եւ Կիրակնօրեայ Վարժարանի մաղթերգով։ Հանդիսավարը՝ Օր. Զապէլ Կիրակոսեան հրաւիրեց Տէր Հայրը որ պաշտօնական բացումը կատարէ Տէրունական Աղօթքով։ Ապա, հանդիսավարը փոխանցեց բարի գալուստի խօսքը եւ հերթաբար բեմ հրաւիրեց աշակերտները որ ներկայացնեն իրենց բաժինները։

Ա. եւ Բ. կարգի աշակերտները հանդէս եկան Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի արտասանութիւններով եւ երգերով: Իսկ Գ. կարգի աշակերտները ներկայացուցին “Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Յիսուսի մկրտութիւնը”: Դ. կարգի աշակերտները ներկայացուցին Կոմիտաս Վարդապետի կեանքէն դրուագ մը։ Յայտագիրին աշակերտական բաժինը փակուեցաւ “Լուռ Գիշեր” եւ “Աւետիս Աւետիս” խմբային երգերով։

Տիար Կրէկ Մարթայեան, փոխանցեց Հոգաբարձութեան խօսքը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին իրենց նուիրեալ ծառայութեան համար, մանաւանդ վերջին 18 տարիներու ընթացքին, եւ յաջողութիւն մաղթեց ապագայ աշխատանքներուն։

Կիրակնօրեայ Վարժարանի տեսչուհին՝ Տիկ. Սեդա Քէչէճեան եւս փոխանցեց իր սրտի խօսքը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր իր ներկայութեան եւ տարիներու հոգածութեան համար։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ծնողներուն եւ ներկաներուն իրենց բարոյական ու նիւթական աջակցութեան համար։ Տիկ. Քէչէճեան անդրադարձաւ Կիրակնօրեայ Վարժարանի 50-ամեակին եւ ողջունեց այս առիթով հրաւիրուած 18 տարիներու շրջանաւարտները։ Խօսք ուղղելով չորս նոր շրջանաւարտներուն, ան մաղթեց որ անոնք իրենց կեանքի ընթացքին պահեն Կիրակնօրեայի ուխտը, ծառայելով եկեղեցւոյ եւ ազգին։ Ապա, շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին ու Ս. Ծնունդը ու բեմ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը որ փոխանցէ վկայականները եւ ապա իր օրհնութեան խօսքնը։

Վկայականներու բաշխումէն ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց կատարուած հանդիսութիւնը, յատկապէս Կիրակնօրեայի աշակերտները, ուսուցիչները եւ մանաւանդ ծնողներն ու քաջալերող ժողովուրդի զաւակները:

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնի սիրոյ, խաղաղութեան, հաճութեան եւ մանաւանդ Աստուածային փառաբանութեան խորհուրդով լի խօսքերով, Առաջնորդ Սրբազանը կանխաւ շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին ու Ս. Ծնունդը, ինչպէս նաեւ Կիրակնօրեայի 50-ամեակը, եւ յատկապէս տեսչուհին եւ ուսուցչուհիները, շեշտելով Ս. Ծննդեան եւ միւս տօներուն պատգամը փոքր տարիքէն մեր Կիրակնօրեան կը փոխանցէ աշակերտներուն: Պատիւ մեր նուիրեալներուն եւ գնահատանք ծնողներուն:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամէն ետք, Կիրակնօրեայ Վարժարանի ծնողա-օժանդակ յանձնախումբը գնահատանքի նուէրներ յանձնեց տեսչուհիին ու ուսուցչական կազմին։

Հանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ, հիւրընկալութեամբ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022