Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցին իր 116-ամեակը Տօնեց


Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ ծխական ընտանիքը Կիրակի, 20 Նոյեմբեր 2016ին, եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով ու պաշտօնական ճաշկերոյթով մը տօնեց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 116րդ տարեդարձը, որ նոր նուաճում մը եղաւ պատմական եկեղեցւոյ տարեգրութեանց մէջ:

Ս. Պատարագը մատուցանեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան: Յընթացս Ս. Պատարագին, Առաջնորդ Սրբազանը ուրար կրելու իրաւունք շնորհեց եկեղեցւոյ դպիրներէն՝ Մինաս Արիսեանի, Րաֆֆի Աբգարեանի, Կարէն Ծնունդեանի, Նարեկ Աբգարեանի, Յովիկ Օհանեանի, Արմէն Աբգարեանի, Վահէ Օհանեանի ու Զարեհ Աբգարեանի, նաեւ կատարեց եկեղեցական նոր սպասներու օրհնութիւնը։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղի սկաուտներու պատւոյ շքախումբի ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ եկեղեցի, ապա »Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին շրջանի հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանն ու եկեղեցւոյ սարկաւագաց դասը։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը սկսաւ գոհութիւն տալով Աստուծոյ՝ այս գեղեցիկ տօնակատարութեան համար, ապա, ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ ծխական համայնքին՝ 116րդ տարեդարձին առթիւ, յորդորելով ներկաները որ եկեղեցւոյ եւ համայնքին ծառայեն վերանորոգ կամքով ու հաւատքով։ Ան նշեց որ ամեակներն ու տարեդարձները առիթներ են ակնարկ մը նետելու անցեալի պատմութեան վրայ եւ յարգանքով ու երախտագիտութեամբ յիշատակելու անունները այն երախտաւորներուն, որոնք հաւատքով հիմնադրեցին այս եկեղեցին 116 տարիներ առաջ։ Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանը, իր անձնուէր գործունէութեան համար, ապա խօսքը ուղղելով նոր ձեռնադրեալ ուրարակիրներուն, շնորհաւորեց զանոնք, մաղթելով բեղուն ծառայութիւն՝ հաւատքով, նուիրուածութեամբ, մաքուր սիրտով եւ յանձնառութեամբ, հասնելու համար սարկաւագական նուիրական աստիճանին։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ օրուան Աւետարանի հատուածին, որ քաղուած էր Ղուկասի Աւետարանի 11։1-13-էն, ուր մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն կը սորվեցնէ «Տէրունական Աղօթքը» եւ կը քաջալերէ ըսելով. »Խնդրեցէ՛ք Աստուծմէ եւ պիտի տայ ձեզի, փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք, բախեցէ՛ք եւ պիտի բացուի ձեզի։ Որովհետեւ խնդրողը կը ստանայ, փնտռողը կը գտնէ եւ բախողին առջեւ դուռը պիտի բացուի»։ Առաջնորդ Սրբազանը խօսեցաւ աղօթքի կարեւորութեան եւ զօրութեան մասին, այլեւ՝ ձեւին ու կերպին, նշելով. «Մեր աղօթքները պէտք է ըլլան հաւատքով զեղուն եւ սրտաբուխ՝ Աստուծոյ կամքին համաձայն, եւ ո՛չ թէ կամայական. աւելին, մենք պէտք է աղօթենք ընդմիշտ, մեր կեանքի թէ՛ ուրախ եւ թէ տխուր պահերուն»։ «Մեր Տէրը կը հայթայթէ մեր օրուան բոլոր կարիքները, որովհետեւ Ան է որ գիտէ իւրաքանչիւրիս դժուարութիւններն ու պահանջները. ուստի փառք տանք Աստուծոյ ամէնօրեայ բարիքներուն համար, եւ աղօթքի ճամբով՝ հաստատուն հիմերու վրայ կառուցենք մեր յարաբերութիւնները Անոր հետ», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։

Տրուած ըլլալով, որ այդ օրը Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Յիսնակի պահոց Բարեկենդանն էր, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նշեց, որ այս ժամանակաշրջանը պէտք է հոգեկան ուրախութեան, սիրոյ եւ բարեգործութեան առիթ ըլլայ, մաքուր սիրտով ու հոգիով դիմաւորելու համար Քրիստոսի հրաշափառ ծնունդը։ Ապա, յիշելով Գոհաբանութեան տօնն ու «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի կազմակերպած համահայկական 19րդ Թելեթոնը, Առաջնորդ Սրբազանը կոչ ուղղեց մասնակցելու հանգանակային այս արշաւին ու հայրենանուէր գործին. «Եկէ՛ք, միասնաբար կատարենք մեր ազգային պարտականութիւնն ու քրիստոնէական պարտաւորութիւնը հանդէպ մեր հայրենիքին, Արցախին եւ Սուրիոյ հայութեան. եկէ՛ք, բանանք մեր սրտերը եւ լիաբուռն տանք Արցախի ու հայրենիքի ապահովութեան ի խնդիր։ Այս Գոհաբանութեան տօնին, Աստուծոյ օրհնութիւններուն հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը արտայայտենք ո՛չ միայն խօսքով, այլեւ բարեգործութեամբ, կիսելով մեր ստացած օրհնութիւնները ուրիշներուն հետ, ցոյց տալով՝ սէր մեր դրացիներուն նկատմամբ, ամէնուրեք սփռելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի սէրն ու ողորմութիւնը», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ Ս. Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 116-ամեակի ճաշկերոյթը, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ մասնակցութեամբ աւելի քան 300 հիւրերու։ Ներկայ էին Ֆրեզնոյի շրջանի միութենական ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ եկեղեցւոյ սատար հանդիսացող բազմաթիւ ծխականներ:

Հանդիսութեան բացումը կատարեց հանդիսավարը՝ Տիկին Տաթեւիկ Էքեզեան, որուն յաջորդեց Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Քայլերգներու երգեցողութիւնը, կատարողութեամբ Հայկօ Օհաննէսեանի։ Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը:

Ողջոյնի խօսք արտասանեց Ազգ. Վարչութեան անդամ Բարշն. Մարք Աւ. Սրկ. Շիրին, որ ներկաները շնորհաւորեց եկեղեցւոյ 116րդ տարեդարձին առիթով, յիշեցուց, որ այս եկեղեցին «Մայր» կոչումը ստացած է իր պատմական հանգամանքին շնորհիւ, ըլլալով Արեւմտեան Ափի առաջին հայկական եկեղեցին, որուն կամարներուն տակ, անցեալ տասնամեակներուն ներկայութիւն եղած են բազմաթիւ Կաթողիկոսներ ու Սրբազան Հայրեր, որոնք մաս կազմած են եկեղեցւոյ պատմութեան կերտումին: Մարք Սարկաւագ անդրադարձաւ նաեւ այլ պատմական հանգրուանի մը. ան յիշեցուց, որ այս տարին Առաջնորդ Սրբազնանին ձեռնադրութեան եւ օծման 40րդ տարեդարձն է, իսկ մեր Թեմին մէջ իբրեւ Առաջնորդ պաշտօնավարութեան 20րդ տարեդարձը: Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Առաջնորդ Սրբազանին ծառայական կեանքին եւ տասնամեակներու վրայ երկարած անձնդիր նուիրումին, իբրեւ հաւատարիմ մէկ ծառան Աստուծոյ, վեր առնելով անոր արժանիքները: Ան շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ մաղթեց, որ մեր ժողովուրդը բազմաթիւ տարիներ վայելէ անոր ծառայական առաքելութիւնը:

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ տարեդարձի այս օրը կը բոլորէ համայնքի զաւակներուն հետ: Ան ըսաւ, որ թէեւ եկեղեցին 116 տարուան կեանք կերտած է, սակայն երիտասարդ դպիրներու ուրարի տուչութիւնը ապացոյց է, որ երիտասարդներ կը վերանորոգեն անոր կեանքը եւ կը ծաղկեցնեն զայն: Ան շնորհաւորեց ուրարակիրները եւ գնահատեց եկեղեցւոյ երէց ծառայողները, որոնք տիպար օրինակներ են նոր սերունդին համար: Ան նաեւ ներկաները հրաւիրեց զօրակցելու երիտասարդներուն կազմակերպած Հայաստանի որբերուն ուղղուելիք նուիրահաւաքին:

Խօսք առաւ հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Պիլ Սաաթճեան, որ ներկաները ողջունելով՝ յատուկ դրուատիք արձանագրեց եկեղեցւոյ կամաւոր ծառայողներուն, առանց որոնց ներդրումին՝ կարելի պիտի չըլլար իրագործումները մարմնաւորել: Ան ներկաները հրաւիրեց ծափերով գնահատելու յանձնախումբերու եւ ծառայող միաւորներու ատենապետներն ու անդամները: Հոգաբարձութիւնը այս առիթով անձնդիր ծառայութեան գնահատագիրով պատուեց Ալիս Աբրահամեանը, Մելվին Գէորգեանն ու Խաչիկ Միհրանեանը, իսկ Մարվին Գաբրիէլեան արժանացաւ յատուկ յուշանուէրի, իր բազմամեայ ծառայութիւններուն համար: Վերջապէս, Տիկին Տայանա Շիրին արժանացաւ գնահատագիրի մը, իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն իր բազմամեայ նուիրումին:

Երաժշտական կտորներով հանդէս եկաւ Էտկար Գէորգեան:

Առաջնորդ Սրբազանն ու Հոգեւոր Հովիւը հրաւիրուեցան նոր ուրարակիրներուն յանձնելու իրենց յատուկ վկայականներն ու նուէրները: Հոգաբարձութիւնը որոշած էր այս տարի գնահատել նաեւ եկեղեցւոյ «Այրերու Ընկերակցութիւն»ը եւ Տիկնանց միութիւնը, իրենց անձնդիր ծառայութեանց համար: Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը երկու միաւորներուն շնորհեց օրհնութեան գիր մը:

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հոգեւոր Հովիւին, շրջանի Ազգային Երեսփոխաններուն, հոգաբարձութեան, անոնց գործակից յանձնախումբերուն, կամաւոր ծառայողներուն ու բարերարներուն մասին, վեր առնելով անոնց ներդրումը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ: Ան շեշտեց, որ մեր բոլոր եկեղեցիներն ալ կանգուն կը մնան ու պայծառացում կ’ապրին՝ շնորհիւ անձնդիր ծառայողներու: Ան նշեց, որ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ «Ծառայութեան Տարի» հռչակուած 2016ը կը մօտենայ իր վախճանին, սակայն Նորին Սրբութեան պատգամին խորքը տարուայ մը ժամանակին մէջ չի սահմանափակուիր, այլ մնայուն պատգամ է բոլորիս համար: «Այս եկեղեցին պիտի չկարենար հասնիլ իր 116րդ տարեդարձին, եթէ չըլլայիք դուք՝ անձնդիր ու հաւատարիմ ծառայողներդ եւ ծխականներդ: Իբրեւ Աստուծոյ զաւակները, իբրեւ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հաւատացեալ ծխականները, իբրեւ նոյն ընտանիքի անդամները, մենք կոչուած ենք մարմնաւորելու եւ կերտելու Քրիստոսի մարմինը խորհրդանշող եկեղեցին, կենսաւորելու մեր ազգային միաւորներն ու ընկերութիւնը, այսպէսով՝ կը հարստացնենք մեր ազգը, ժողովուրդն ու մեր շրջապատը: Եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր անդամը որոշ ծառայութիւն մը պէտք է յանձն առնէ, համաձայն իր կարողութեան, իսկ ամէնէն կարեւորը՝ պէտք է ծառայել սիրով եւ խոնարհութեամբ, հետեւելով մեր Տիրոջ օրինակին, որ եկաւ ծառայելու, եւ ոչ թէ ծառայութիւն ակնկալելու», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը եւ համոզում յայտնեց, որ այս համայնքը պիտի գոյատեւէ եւ ծաղկի, այնքան ատեն որ անոր անդամները կը ծառայեն անձնդիր կերպով ու հաւատարմութեամբ, իսկ «երիտասարդ դպիրներու ուրարի արժանացումը ապացոյց է, որ մեր ապագան կը գտնուի երիտասարդներու ձեռքերուն մէջ»: Ան իր խօսքը աւարտեց Գոհաբանութեան տօնէն բխած մտածումներով եւ անգամ մը եւս գնահատանք յայտնեց բոլոր կամաւոր ծառայողներուն, համայնքի զաւակները հրաւիրեց անվերապահօրէն զօրակից ըլլալու անոնց, նաեւ շնորհակալ ըլլալու Աստուծոյ՝ Իր բոլոր բարիքներուն համար:

Հոգաբարձութիւնը Առաջնորդ Սրբազան Հօր քահանայագործութեան 40րդ տարեդարձին առթիւ յատուկ անակնկալ մը պատրաստած էր։ Անոնք յատուկ յուշանուէրով մը պատուեցին Առաջնորդ Սրբազանը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ նոյն առթիւ պատրաստուած յատուկ կարկանդակի հատումը:

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա»ով:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022