Տասը Կուսանաց Յիշատակութիւն

16 Ապրիլ 2019-ին, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Աւագ Երեքշաբթիի յատուկ արարողութիւնը, յիշատակելով Տասը Կոյսերուն առակը։ Կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտուհիներ մասնակցեցան արարողութեան, ներկայացնելով տասը կոյսերը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ արարողութեան եւ փոխանցեց իր պատգամը։

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին սկիզբը ողջունեց եւ գնահատեց Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտուհիները, որոնք օրուան խորհուրդին տեղեակ մասնակից եղան արարողութան։ Ապա, անդրադարձաւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի վերջին օրերու առաքելութեան եւ Իր զգուշացումներուն, որ միշտ արթուն եւ պատրաստ պէտք է ըլլանք, որովհետեւ չենք գիտեր Իր երկրորդ գալստեան ո՛չ օրը, ո՛չ ալ ժամը։ Մէջբերելով օրուան Մատթէոս աւետարանի 24-րդ գլխուն 46-րդ համարէն, «Երանի՜ այն ծառային, որուն Տէրը երբ կու գայ զինք կը գտնէ իր պաշտօնը լաւ կատարած», Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ մեր պարտականութիւնն է ըլլալ Քրիստոսի հաւատարիմ հետեւորդներն ու աշակերտները։

«Առակին իմաստուն կոյսերը պատրաստ էին դիմաւորելու փեսան, որովհետեւ իրենց լապտերներուն համար բաւարար իւղ ունէին, իսկ յիմարները անպատրաստ մնացին։ Լապտերին իւղը մեր երկրային կեանքին մէջ Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած Ս. Հոգւոյ շնորհքն է, որ պէտք է աճեցնենք մօտենալով Աստուծոյ, մեր սրտերն ու հոգիները Իրեն բանալով, աղօթելով, Աստուածահաճոյ կեանք ապրելով, բարիք գործելով, լսելով, ընդունելով եւ գործադրելով Աստուծոյ պատուիրանները։ Աճեցնե՛նք մեզի տրուած շնորհքները, արթուն ըլլա՛նք հոգիով, մտքով եւ սրտով, եւ Աստուծոյ արդար մշակները հանդիսանանք, որպէսզի երբ Յիսուս վերադառնայ իբրեւ արդար դատաւոր, մեզի երանի տայ ու ըսէ՝ «Երանի այն ծառային, որուն Տէրը երբ կուգայ զինք կը գտնէ իր պաշտօնը լաւ կատարած», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022