Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Արարատ» Մասնաճիւղը Տօնեց Իր Հիմնադրութեան 40-րդ Տարեդարձը

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղը Ուրբաթ, 30 Նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Հոլիվուտի «Տաղլեան» սրահին մէջ կազմակերպուած հանդիսութեամբ մը տօնեց իր հիմնադրութեան 40-րդ տարեդարձը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին։ Ներկայ էին նաեւ դաշնակցային եւ Քալիֆորնիա նահանգի Ներկայացուցիչներու Տան ու Ծերակոյտի անդամներ, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, եւ գաղութի կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչներ։

Երեկոն սկսաւ քայլերգներու երգեցողութեամբ, զորս կատարեց Իվանա Գրիգորեան։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց հանդիսավարը՝ Տիար Սիմոն Մանուչէրեան։

Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց բացման աղօթքը եւ ուղղեց շնորհաւորանքի ու գնահատանքի խօսք։ Ան վեր առաւ վարչութեան, կամաւորներուն եւ միութեան զօրակիցներուն օգտակար դերակատարութիւնը, նշելով, որ անոնք կը գործեն հաւատքով, փոխադարձ սիրով եւ ամբողջական նուիրումով, իրականացնելու համար հարիւրամեայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաքելութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց նաեւ այս ձեռնարկին առիթով պատիւի արժանացող Տիար Արմոնտ Կորկորեանին, որ արժանացաւ «Ցկեանս Պատուոյ Անդամ»ի պատիւին։ Վերջապէս, ան գնահատեց բոլոր բարերարները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Ֆորէսթ Լոն»ին, անոր բարեկամութեան ու հայ համայնքին տարիներու զօրակցութեան համար։

Խօսք առին մասնաճիւղի ատենապետը՝ Տիար Սերժ Կրաքասեան, «Ֆորէսթ Լոն» հաստատութեան նախագահ Տէրին Տրէպինկ եւ պետական պաշտօնատարներ, որոնք այս առիթով գնահատագիրներ յանձնեցին մասնաճիւղի պատասխանատուներուն։ Ցուցադրուեցաւ մասնաճիւղի գործունէութիւնը ամփոփող ժապաւէն մը։ Երախտագիտութեան արտայայտութիւն կատարուեցաւ բարերարներուն, ապա տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ