Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լոս Անճելըս Մասնաճիւղը Նշեց Իր Հիմնադրութեան 50-ամեակը

Շաբաթ, 8 Սեպտեմբեր 2018-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լոս Անճելըս մասնաճիւղը «CBS Studio» կեդրոնին մէջ պաշտօնական հանդիսութեամբ մը տօնախմբեց իր հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան, կատարեց բացման աղօթքը եւ փոխանցեց իր օրհնութեան խօսքը։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։ Ներկայ էին նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ։

Հանդիսութիւնը սկսաւ մասնաճիւղի սկաուտներուն դրօշակի արարողութեամբ եւ Ամերիկեան ու Հայկական Քայլերգներով։

Առաջնորդ Սրբազանը յոբելենական այս հանդիսութեան առթիւ իր օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքին մէջ ողջունեց ու շնորհաւորեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքը ու յատկապէս Լոս Անճելըս մասնաճիւղի վարչութիւնն ու անդամները, շեշտելով որ «իբրեւ մէկ ընտանիքի անդամներ ձեր յաջողութիւնները մեր յաջողութիւններն են, եւ այս երեկոյ մենք հպարտութեամբ մասնակից ենք ձեր ուրախութեան։» Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց մասնաճիւղի նուիրեալ անդամներն ու ազնուասիրտ նուիրատուները, որոնք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նուիրական առաքելութեան սատար կը հանդիսանան։ Ան յատուկ սիրով շնորհաւորեց օրուան մեծարեալը, ազգային բարերար Վարանդ Մելքոնեանը, իր անսահման նուիրաբերումին ու բարերարութեանց համար։ Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց օրհնութեամբ եւ ապագայի յաջողութիւն մաղթելով։

Բացման խօսք արտասանեց հանդիսավարը՝ Տիար Մհեր Դաւիթեան։ Յանուն մասնաճիւղի վարչութեան խօսք առաւ Տիար Արի Պոյաճեան։ Գնահատագրեր յանձնուեցան Քոնկրէսական Տիար Էտըմ Շիֆի ու յանուն Շրջանային Վարչութեան Տիար Արամ Երեմեանի կողմէ, որ նաեւ խօսք առաւ։ Իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կլենտէյլի »Արարատ« մասնաճիւղը այս առիթով յուշատախտակ մը յանձնեց։ Մեծարանքի արժանացաւ միութեան երկարամեայ անդամ Տիար Վարանդ Մելքոնեան, մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ ստանալով «Տիպար ՀՄԸՄական»ի պատիւը։ Տիար Մելքոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց պատիւին համար ու երախտագիտութիւն՝ Աստուծոյ պարգեւած բոլոր շնորհքներուն համար։ Տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն. պաշտօնական յայտագիրէն ետք, երեկոն շարունակուեցաւ խրախճանքով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022