Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Շանթ» Մասնաճիւղը Տօնեց Հիմնադրութեան 25-ամեակը

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղը Շաբաթ, 25 Օգոստոս 2018-ի երեկոյեան, Պըրպէնքի «Քէսթըուէյ» ճաշարանին մէջ պաշտօնական հանդիսութեամբ մը տօնեց իր հիմնադրութեան 25-րդ տարեդարձը։

Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, հանդիսութեան ներկայ եղաւ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան եւ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքը։ Ներկայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան, Քրեսենթա Հովիտի Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» կոմիտէութեան ներկայացուցիչներ եւ այլ ներկայացուցչական դէմքեր։

Հանդիսութիւնը սկսաւ մասնաճիւղի սկաուտներուն դրօշակի արարողութեամբ եւ Ամերիկեան ու Հայկական Քայլերգներով։ Բացման խօսքը արտասանեց Տիար Րաֆֆի Համբարեան, որ ապա, մասնաճիւղի ատենապետուհի Տիկին Թամար Քայփէքեանի հետ, կատարեց հանդիսավարութիւնը։ Տէր Հայրը հրաւիրուեցաւ կատարելու բացման աղօթքը եւ սեղաններու օրհնութիւնը։ Ան նաեւ ընթերցեց 25-ամեակին առիթով Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեան ու գահատանքի խօսքը։

Ողջունելէ ետք մասնաճիւղի վարչութիւնն ու անոր կողքին գործող սկաուտական, մարզական, մշակութային եւ այլ միաւորները, «որոնք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան գօտիի Շրջանային Վարչութեան հովանիին տակ, ահաւասիկ 25 տարիներու պատմութիւն մը կերտած են Քրեսենթա հովիտի մեր գաղութին մէջ եւ յարաճուն կենսունակութեամբ՝ իրենց աչքերը սեւեռած են դէպի նոր բարձունքներ». Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ այս մասնաճիւղին շինիչ դերակատարութեան առջեւ, նշելով, որ անիկա իր կազմութեան առաջին իսկ օրէն, լծուած է այս օճախի պատանի ու երիտասարդ սերունդներուն հայեցի ու քրիստոնէական կազմաւորման վսեմ առաքելութեան, ստեղծած է ընտանեկան առողջ մթնոլորտ, պատանիներուն ու երիտասարդներուն ընծայելով ծնողական սէր ու ազնիւ դաստիարակի գուրգուրանք։ Ան գնահատեց մասնաճիւղի անդամներուն թիւի աճն ու «Նաւասարդեան» խաղերուն ձեռք բերած պատուաւոր արդիւնքները, որոնք արդիւնք են Հ.Մ.Ը.Մ.-ական սկզբունքներով տրուած դաստիարակութեան։ Ան նաեւ գոհունակութիւն արձանագրեց, որ այս տարեդարձը կը զուգադիպի Հ.
buy doxycycline online https://buywithoutprescriptiononlinerx.com/doxycycline.html no prescription

Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակին եւ մասնաճիւղը կը մղէ դէպի նոր իրագործումներ ու վերելք։ Ան եզրափակեց՝ շնորհաւորական խօսքեր ուղղելով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ընտանիքին՝ Շրջանային ու մասնաճիւղի վարչութիւններուն, օրհնելով հիմնադիրներուն ու նուիրեալ ծառայողներուն վաստակը, մաղթելով ծրագիրներու յաջողութիւն։

Խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Տիար Փիեռ Մանուկեան, որ գնահատանքով արտայայտուեցաւ մասնաճիւղի գործունէութեան մասին։

Պաշտօնական յայտագիրէն ետք, երեկոն շարունակուեցաւ խրախճանքով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022