«House of Lebanon» Մշակույթային Կեդրոնի Բացման Արարողութիւն

Շաբաթ, 5 Հոկտեմբեր 2019-ին, «House of Lebanon» մշակութային կեդրոնի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ, մասնակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Կապրիէլ Իսայի, Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Միռնա Խաուլիի, բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, Լիբանանի Ամերիկեան Հիմնարկի անդամներու, եւ լիբանանցի ու հայ համայնքի ներկայացուցիչներու։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանին, ներկայ եղաւ եւ իր օրհնութիւններն ու շնորհաւորանքը փոխանցեց։

Յայտագիրը սկիզբ առաւ քայլերգներու երգեցողութեամբ։ Ողջոյնի խօսք արտասանեցին բացման արարողութեան յանձնախումբի համա-ատենապետներ Հազըմ Հատտատ եւ Ուաֆա Հոպալլա։ Հանդիսավարութիւնը կատարեցին Ալեքսանտրա Խուրի եւ Յարութ Քէօրողլեան։ Յաջորդաբար խօսք առին դատաւոր Ճէյմզ Քաատօ, Լիբանանի Ամերիկեան Հիմնարկի համա-ատենապետներ Տոքթ. Մոհամէտ Ահմար եւ Տոքթ. Փօլ Ուաքիմ, Հիմնարկի երիտասարդաց խմբակի անդամներ Ալեքս Ֆատիլ եւ Մէրի Շամմաս, դեսպան Նինա Հաչիկեան եւ Լիբանանի Ամերիկեան Հիմնարկի տնօրէն խորհուրդի նախագահ Ժոզէֆ Քարաքի։ Ապա, Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոսն ու դեսպանը իրենց պատգամը ուղղեցին։ Տեղի ունեցաւ պարգեւատրում եւ գեղարուեստական յայտագիր մը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022