Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի Հիմնադիր Տնօրէն, Վաստակաւոր Կրթական Մշակ ու Ազգային Գործիչ Գաբրիէլ Ինճէճիկեան Ոչ Եւս Է

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը, խոր ցաւով կը գուժեն Միացեալ Նահանգներու առաջին ամէնօրեայ Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան Երկրդ. Վարժարանի հիմնադիր Տնօրէն, վաստակաշատ կրթական մշակ ու ազգային գործիչ Գաբրիէլ Ինճէճիկեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 14 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն։ Պիտի կատարուի Ազգային թաղում։

Գաբրիէլ Ինճէճիկեան մեր Թեմին մէջ ծառայական հարուստ վաստակ կերտած է մասնաւորաբար կրթական ծիրին մէջ. ան եղած է այն «Սրբազան Խենթ»ը, որ անկարելին կարելի դարձնելով առաջին ամէնօրեայ վարժարանը հաստատած է Ա.Մ.Ն.-ի մէջ, ամբողջ կեանքը նուիրելով հայ սերունդներու դաստիարակութեան եւ հայապահպանման առաքելութեան։ Կրթական համակարգի կազմակերպման ու տասնամեակներու իր նուիրեալ ծառայութեանց համար արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանի պատիւին։

Այս տխուր առիթով, ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալի տիկնոջ՝ Ռոզին, զաւակներուն՝ Աւետիսին, Արփիին եւ Արային ու ընտանիքներուն, թոռներուն, հարազատներուն, ընկերներուն ու բարեկամներուն։

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 27 Ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 2-ին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղցեւոյ մէջ, ապա թաղումը Հոլիվուտ Հիլզի «Ֆորէսթ Լոն» գերեզմանատան մէջ։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022