Ի Յիշատակ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի 250,000 Տոլար Անթիլիասի Դպրեվանքին

Ընդառաջելով Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի փափաքին, Թեմի Ազգ. վարչութեան փոխ ատենապետ՝ բազմավաստակ նուիրեալ բարերար եւ ազգային մարդ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, ի յիշատակ իր հանգուցեալ բարեսէր ազնիւ տիկնոջ՝ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի, համաձայն գտնուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռոյ Դպրեվանքին համար Անթիլիասի մէջ հաստատել «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամ՝ 250 հազար տոլարով:

Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը երախտագիտութեամբ գնահատեց Մհեր Տէր Յովհաննէսեանը եւ զաւակները՝ Արին ու Սարոն, որոնք եւս ակնթարթի արագութեամբ համաձայն գտնուեցան իրենց հօր համաձայնութեան եւ բոլորը միասին որոշեցին անմահացնել իրենց կնոջ եւ մօր՝ Սաթիկի յիշատակը, նաեւ Հայրապետական Աթոռէն ներս:

Իր կարգին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, հայրական գնահատանքով ողջունեց Տէր Յովհաննէսեան ընտանիքի հաւատարիմ սէրը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին եւ անսակարկ նուիրուածութիւնը Արեւմտեան Թեմին, միաժամանակ աղօթելով Սաթիկի բարի հոգւոյն խաղաղութեան ի հանգիստ:

Նոյն յետայն, առ ի գնահատանք մեր ազգին մէջ Մհերի զանազան մակարդակներու վրայ բարերար ներկայութեան, Վեհափառ Հայրապետը Մհեր Տէր Յովհաննէսեանը եւ զաւակները հրաւիրեց Անթիլիաս, Լիբանան, որպէս կնքահայր 1 Յուլիս 2022-ին տեղի ունենալիք Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան:

Յայտնենք, որ անցեալ տարի, Սաթիկի տխուր եւ անժամանակ մահուան առիթով Տէր Յովհաննէսեան ընտանիքը Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի մէջ անմիջապէս հաստատած էր «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամ, շուրջ 110 հազար տոլարով:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022