Ազգային Առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ եւ Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի կազմակերպութեամբ, 11 Մարտ 2017ին, Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցած միջ-դպրոցական ասմունքի մրցումի մրցանակաբաշխումի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 28 Մարտի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ եւ եղաւ գործնական նորագոյն վկայութիւն, թէ հայ դպրոցն ու հայ մշակը, ի հեճուկս բոլոր տեսակի դժուարութեանց, աննահանջ կը շարունակեն հայակերտումի եւ հայապահպանութեան առաքելութիւնը:
Մրցանակներու բաշխումի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին էին Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան, Ազգային Վարչութեան անդամներէն Դոկտ. Գալուստ Յակոբեան, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի ատենապետուհի Տիկին Լիզա Կապուտեան եւ անդամներ, վարժարաններու տնօրէններ եւ ուսուցիչներ, դատական կազմի անդամներ, մրցանակաւոր աշակերտներ եւ ծնողներ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ հաւաքական Տէրունական Աղօթքով։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց Խնամակալ Մարմինի ատենապետուհին. ան ողջունեց ներկաները եւ վեր առաւ հայ դպրոցին առաքելութիւնն ու դերը, շեշտելով, որ օտար ափերու վրայ հաստատուած իւրաքանչիւր հայ վարժարան մասնիկ մըն է մեր հայրենիքէն։ Ան գնահատեց հայ ուսուցիչներն ու դաստիարակները, որոնք ոգի ի բռին կ’աշխատին հայ լեզուի անաղարտ պահպանման ի խնդիր։ Տիկին Կապուտեան նաեւ գնահատանքի խօսք ուղղեց ծնողներուն, որոնք հաւատալով հայ դպրոցի առաքելութեան, ճիգ չեն խնայեր եւ շատ մը զոհողութիւններու գնով իրենց զաւակները կ’ուղարկեն հայկական վարժարաններ։
Յայտագիրը վարեցին Խնամակալ Մարմնի անդամներէն Տիկին Լենա Գորթոշեան եւ Դոկտ. Վալենդին Օկարեան։ Անոնք առաջին հերթին բեմ հրաւիրեցին դատական կազմի ներկայ անդամներն ու այս մրցումին կազմակերպման աշխատանքին լայն մասնակցութիւն բերած Տիար Միհրան Թումաճեանը եւ անոնց յանձնեցին յուշանուէրներ։ Դատական կազմին կողմէ սրտի խօսքեր արտասանեցին Տիար Գրիգոր Օկարեան ու Տիկին Մարալ Վարժապետեան, որոնք գնահատեցին աշակերտներուն յանձնառութիւնն ու հոգատար վերաբերմունքը հայոց լեզուին ու գրականութեան։
Յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան մրցանակաւորները, որոնք անգամ մը եւս ներկայացուցին մրցումին իրենց ասմունքած բանաստեղծական կտորները եւ ծաղկեցուցին երեկոն:
Դատական կազմին գնահատումով, մրցանակաւորները հետեւեալներն էին.-
Ա. ՄՐՑԱՆԱԿ. Երկրորդականի խմբակէն.- Վարանդ Չալըքեան՝ Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Վարժարանէն, եւ Փիթըր Տէրպետրոսեան՝ Հ.Բ.Ը.Մ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական Վարժարանէն։
Միջնակարգի խմբակէն.- Անի Անմահունի՝ Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան Վարժարանէն։
Նախակրթարանի խմբակէն.- Գառնի Պալեան՝ Ս. Նահատակաց Ֆերահեան Մարի Գապայեան Նախակրթարանէն։
Բ. ՄՐՑԱՆԱԿ. Երկրորդականի խմբակէն.- Յարութ Դարզեան՝ Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Վարժարանէն, Ալեքս Գասամանեան՝ Ս. Նահատակաց Ֆերահեան Վարժարանէն եւ Ալեքս Մանուկեան՝ Մեսրոպեան Ազգ. Վարժարանէն։
Միջնակարգի խմբակէն.- Քրիստինա Ակոճեան՝ Սահակ-Մեսրոպ Քրիստոնէական Վարժարանէն, Արազ Պալեան՝ Ս. Նահատակաց Ֆերահեան Վարժարանէն։
Նախակրթարանի խմբակէն.- Ռիթա Կարապետ՝ Ս. Նահատակաց Ֆերահեան Մարի Գապայեան Նախակրթարանէն։
Գ. ՄՐՑԱՆԱԿ. Երկրորդականի խմբակէն.- Սեւուլիկ Պասթիլեան՝ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Վարժարանէն։
Միջնակարգի խմբակէն.- Ալիք Արթինեան՝ Մեսրոպեան Ազգ. Վարժարանէն, եւ Արենի Չալըքեան՝ Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան Վարժարանէն։
Նախակրթարանի խմբակէն.- Դայանա Գրիգորեան՝ Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Վարժարանէն։
Յայտնենք, որ մրցանակաւորները Խնամակալ Մարմինի կողմէ ստացան «Նարնիայի Քրոնիկները» մանկապատանեկան վիպաշարքին առաջին հատորին հայերէն թարգմանութենէն օրինակներ եւ «Սարդարապատ» գրախանութի գնումի կտրօններ. անոնք նաեւ ստացան Հաւատք, Յոյս եւ Սէր արձանագրութիւնը պատկերող յուշանուէրներ՝ Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ։
Ձեռնարկը ունէր նաեւ գեղարուեստական այլ բաժիններ. դաշնամուրի վրայ նուագով հանդէս եկաւ Ալիք Արթինեան, իսկ մենապարով՝ Արենի Չալըքեան։
Տիար Թումաճեան լուսաբանութիւններ տուաւ Շուշիի մէջ տեղի ունենալիք համագաղութային մրցումին մասին, եւ քաջալերեց աշակերտները, որպէսզի մասնակցին մրցումին։ Նշենք, որ ասմունքի մրցումներ տեղի կ’ունենան նաեւ հայկական այլ գաղութներու մէջ եւ մրցանակաւորները ամրան ընթացքին առիթը կ’ունենան մասնակցելու Շուշիի համագաղութային մրցումին, որ կը կազմակերպուի «Աւան Շուշի Փլազա» ընկերութեան կողմէ, նախաձեռնութեամբ Ազգ. Վարչութեան անդամ Տիար Ալեք Պաղտասարեանի:
Հանդիսութեան փակման եւ օրհնութեան խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Ան առաջին հերթին յայտնեց, որ այս երեկոն հոգեկան լիցքաւորման պահ մը եղաւ բոլորին համար, գնահատեց շնորհալի եւ տաղանդաւոր աշակերտներուն մատուցումը, նաեւ՝ կրթական մշակները, որոնց ցանած սերմերը ո՛չ միայն աճած, այլ՝ հասուն եւ ատոք հասկերու վերածուած են։ Ան գնահատեց Խնամակալ Մարմինի անդամները, դաստիարակներն ու ծնողները ու մաղթեց, որ այս ձեռնարկը տարուէ տարի աւելի ուռճանայ եւ դառնայ ժողովրդական մեծ փառատօն մը։ Խօսքը աշակերտներուն ուղղելով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յորդորեց, որ աշակերտները մայրենին պահեն աչքի լոյսի պէս, եւ աւելին, իրենց դաստիարակներէն եւ ծնողներէն ստացած հայեցի դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը միշտ յիշեն, որովհետեւ մեր վարժարաններն ու ընտանիքները մեծ զոհողութիւններով է որ կը տանին ազգակերտումի այս գործը: Ան շեշտեց, որ աշակերտները մեր ժողովուրդին ապագան են եւ մաղթեց, որ իւրաքանչիւրին հոգիին եւ էութեան մէջ սերմանուած հայեցի դաստիարակութեան հունտերը ծլարձակին, աճին եւ պտղաւորուին։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ գնահատեց տարիներէ ի վեր Շուշիի համագաղութային ասմունքի մրցումները։
Հանդէսը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով ու «Մեր Հայրենիք»ի խմբերգումով: