Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց Տօնին Առիթով՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հոգեւորականաց Միացեալ Համագումար եւ Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ

Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին առիթով երկու տարին անգամ մը կը կատարուի Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Թեմերու հոգեւորականաց միացեալ համագումար մը։ Այս տարի, համագումարը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 8էն 11, Արեւմտեան Թեմի կազմակերպութեամբ, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգեւոր տեսուչին, հովիւին եւ հոգաբարձութեան հիւրընկալութեամբ եւ երեք Թեմերու Առաջնորդ Սրբազաններուն՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի (Արեւմտեան Թեմ), Բարձր. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի (Արեւելեան Թեմ) եւ Բարձր. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի (Քանատայի Թեմ) նախագահութեամբ։

Երկուշաբթի, 7 Հոկտեմբեր 2019-ին, շուրջ 40 հոգեւորականներ ժամանեցին Լոս Անճելըս։ Երեկոյեան, տաճարին կից «Թումանեան» երիտասարդական կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բարի գալստեան ընթրիք ու ծանօթացման պահ։ Ընթրիքին ներկայ էին նաեւ Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգաբարձութեան, երեսփոխանական կազմի, տիկնանց միութեան եւ քոյր միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւնը, ինչպէս նաեւ դպրաց դասի անդամներ ու արուեստագէտներ։ Սեղաններու օրհնութենէն ետք, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Հոգեւոր Տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան ողջոյնի խօսք արտասանեց եւ ապա յաջորդաբար խօսք առին Հոգաբարձութեան Ատենապետ Տիար Համօ Գասպարեան, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Տիար Դաւիթ Ղուկասեան, որոնք շնորհակալութեան եւ բարի գալուստի խօսք ուղղեցին ներկայ հոգեւորականներուն։ Ապա, Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր բարի գալուստ մաղթեց հոգեւորականներուն եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց հիւրընկալ եկեղեցւոյ։ Ընթրիքի ընթացքին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը հայ արուեստագէտներու կատարողութեամբ, որոնք մթնոլորտը աւելի եւս ջերմացուցին։

Յաջորդ առաւօտ, Երեքշաբթի, 8 Հոկտեմբեր, 2019-ին, համագումարը պաշտօնապէս սկիզբ առաւ Արեւագալի ժամերգութեամբ, որուն աւարտին Գերպ. Տ. Ղեւոնդ Ծ. Վրդ. Բէնդէզեան հոգեւոր խորհրդածութիւն մը կատարեց հաւատքի մասին, բնաբան ունենալով Մարկոսի Աւետարանի 11-րդ գլխու 33-36 համարները:

Այնուհետեւ, «Թումանեան» երիտասարդական կեդրոնի սրահին մէջ համագումարը իր աշխատանքներուն անցաւ։ Բացման աղօթքէն ետք, երեք Առաջնորդ Սրբազանները իրենց ողջոյնի ու սիրոյ խօսքերը փոխանցեցին ժողովական հոգեւորականներուն։ Անոնք յորդորեցին հաւատքո՛վ ծառայելու, որպէսզի Տիրոջ անդաստանէն ներս իբրեւ ընտիր մշակներ ծառայեն մեր եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդին։ Ապա ընթերցուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը։ Նորին Սրբութիւնը շեշտած էր. «Եկեղեցին իր էութեամբ առաքելութիւն է, քրիստոսակեդրոն առաքելութիւն. եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր մշակը առաքեալ է՝ Քրիստոսի առաքեալներուն գործը շարունակելու կոչուած։ Ա՛յս գիտակցութեամբ ու պատասխանատուութեամբ պէտք է հոգեւորականը մօտենայ իր անձին ու իր գործին։ Հաւատքով ու սիրով զսպանակուած եւ ծառայութեամբ շաղախուած առաքելութիւն է որ պէտք է կատարէ հոգեւորականը, եկեղեցին իր ծէսէն ու վարչական դրութենէն անդին՝ ծառայութեան ճամբով տանելով ժողովուրդին»։

Օրհնութեան գիրի ընթերցումէն ետք, կատարուեցաւ Դիւանի ընտրութիւն. ատենապետներ ընտրուեցան Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, իսկ ատենադպիրներ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան եւ Արժ. Տ. Թորգոմ Քհնյ. Չորպաճեան։

Տեղի ունեցան երեք դասախօսութիւններ. առաջին դասախօսն էր Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, որ ներկայացուց «Քրիստոնէութիւն եւ Ընտանիք՝ ընկերային եւ բարոյական հարցեր» նիւթը։ Դասախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ զրոյց եւ կարծիքներու ու փորձառութեանց փոխանակում, որ վարեց Արժ. Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան։ Յաջորդ դասախօսութիւնը ներկայացուց Արժ. Տ. Վահան Քհնյ. Գույումճեան, նիւթ ունենալով «Addiction, Substance abuse and high risk behavior»։ Երրորդ դասախօսութիւնը ներկայացուց Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Թրթռեան «Human Relationships» թեմայով։ Արժ. Տ. Ներսէս Աւ. Քհնյ. Մանուկեան »Հայ Մամուլի Տարուան« առթիւ մտորումներ ներկայացուց։ Դասախօսութեանց յաջորդեց հարց-պատասխանի բաժին։

Համագումարի առաջին օրուան աշխատանքներու աւարտին, հոգելոյս Սմբատ Արք. Լափաճեանի շիրիմին շուրջ հոգեհանգստեան յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ երեք թեմերուն մէջ ծառայած ու վախճանած հոգեւորականներու հոգիներու խաղաղութեան համար։ Հոգեւորականները առիթ ունեցան նաեւ այցելելու Ս. Խաչ Մայր Տաճարի շրջափակէն ներս կառուցուած Սմբատ Արք. Լափաճեանի յիշատակի գրադարան-թանգարանը։

Երեկոյեան տեղի ունեցաւ Խաղաղական եւ Հանգստեան ժամերգութիւն եւ ապա՝ հաւաքական ընթրիք։

Չորեքշաբթի, 9 Հոկտեմբերին, համագումարը շարունակեց իր երկրորդ օրուան աշխատանքները։ Առաւօտուն, կատարուեցաւ Գիշերային ժամերգութիւն, որուն աւարտին Արժ. Տ. Յակոբ Քհնյ. Գեադայեան յոյսի մասին խորհրդածութիւն մը ներկայացուց՝ բնաբան ընտրելով Եսայի մարգարէութեան 40-րդ գլուխի 31-րդ համարը։

Ժամերգութենէն ետք, ժողովական հոգեւորականները այցելեցին Ազգային Մեսրոպեան Վարժարան։ Աղ ու հացի օրհնութենէն ետք, անոնք աշակերտներու թափօրով առաջնորդուեցան վարժարանի շրջափակ։ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին դիմաց բացման խօսք արտասանեցին աշակերտական խորհուրդի ներկայացուցիչները, որմէ ետք աշակերտները ասմունքով հանդէս եկան։ Վարժարանի տնօրէն՝ Տիար Դաւիթ Ղուկասեան բարի գալուստ մաղթեց ժողովական հոգեւորականներուն։ Թեմիս Առաջնորդը իր սրտի խօսքին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց այս պատմական առիթին համար։ Ապա, Արեւելեան Թեմի Առաջնորդը խօսելով Թարգմանչաց սերունդի մասին, կոչ ուղղեց աշակերտութեան տէր կանգնելու հայ ինքնութեան եւ հաւատարիմ մեր նախնիներու աւանդին։ Հոգեւորականները առիթ ունեցան այցելելու դասարանները ու ծանօթանալու վարժարանի աշխատանքներուն։ Այնուհետեւ, վարժարանի Տնօրէնութեան կազմակերպութեամբ «Իգնատոսեան» սրահին մէջ հոգեւորականները բոլորուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ, որու ընթացքին բարձրագոյն դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը՝ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին նուիրուած։

Կէսօրէ ետք, համագումարը շարունակեց իր աշխատանքները։ Տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Թեմերու վերակազմակերպման տասնամեայ ծրագրի աշխատանքներու ներկայացումը։ Աշխատանքներուն մասին զեկուցեցին երեք Թեմերու Առաջնորդական Փոխանորդները՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան եւ Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան։ Ներկայացումներէն ետք քննարկում կատարուեցաւ համադրական աշխատանք մշակելու՝ հասարակաց ծրագիրներու շուրջ։

Կէսօրուայ դադարէն ետք, տեղի ունեցան թեմական առանձին հանդիպումներ։ Առաջնորդ Սրբազաններու եզրափակիչ խօսքերով համագումարի աշխատանքները փակուեցան։ Այնուհետեւ, կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որու աւարտին Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան սիրոյ մասին հոգեւոր խորհրդածութիւն մը ներկայացուց, բնաբան ունենալով Պօղոս առաքեալի Եփեսացիներուն ուղղած նամակի 2-րդ գլուխի 4-5 համարները։

Հինգշաբթի, 10 Հոկտեմբերին, հոգեւոր հայրերը այցելեցին Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձան, ուր յաջորդաբար կատարուեցաւ բարեխօսական աղօթք։ Ներկայ էին Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Տիար Ճէք Հաճինեան, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Էնճի Հիմենէզ, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Ստեփան Պոյաճեան եւ «Դրօ» Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Վիգէն Բագրատունի։ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանը, Տիար Ճէք Հաճինեան եւ Ստեփան Պոյաճեան իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին։

Այնուհետեւ, անոնք այցելութիւն տուին Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարան։ Աղ ու հացի օրհնութենէն ետք, հոգեւոր հայրերը ծափողջոյններով դիմաւորուեցան աշակերտութեան կողմէ։ Դպրոցի հանդիսասրահին մէջ 8-րդ դասարանի աշակերտները բարի գալուստի խօսք արտասանեցին, որմէ ետք վարժարանի շրջափակին մէջ, կրտսեր դասարանի աշակերտները երգերու փունջ մը ներկայացուցին։ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութիւն յայտնեց Աստուծոյ այս այցելութեան համար եւ օրհնեց աշակերտները, որոնք Թարգմանչաց սերունդի թոռնիկներն են եւ վառ կը պահեն անոնց անկորնչելի աւանդը։ «Անիթա Թորոսեան Գրադարան»էն ներս 5-րդ դասարանի աշակերտները նոյնպէս պատրաստած էին յատուկ յայտագիր մը։ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը ուղղելով աշակերտութեան՝ ըսաւ, թէ մայրենի լեզուն հայ ժողովուրդին համար եղած է եւ է՛ անոր ազգային դիմագիծը անաղարտ պահող եւ գոյութիւնը յաւերժացնող ամենայուսալի զէնքը։ Իսկ «Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեան մարզասրահ»էն ներս խումբ մը աշակերտներ գեղարուեստական գողտրիկ յայտագրով մը հանդէս եկան։ Տնօրէն Դոկտ. Թալին Քարկոտորեան ողջունեց Առաջնորդ Սրբազաններն ու հոգեւորականաց դասը եւ բարի գալուստ մաղթեց անոնց։ Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը իր սրտի խօսքին մէջ օրհնեց եւ գնահատեց տնօրէնութիւնն ու աշակերտութիւնը, իսկ Քանատայի Թեմի Առաջնորդ Սրբազանը խօսեցաւ Թարգմանչաց Վարդապետներու տօնի խորհուրդի մասին՝ մատնանշելով, որ Թարգմանչաց Վարդապետները հաստատապէս համոզուած էին, որ մեր ժողովուրդը կրնար գոյատեւել եւ յաւերժանալ միայն իր հայեցի լեզուով ու հարազատ մշակոյթով։

Այցելութեան երրորդ վայրը Ազգային Առաջնորդարանն էր։ Հոգեւոր հայրերը ուղղուեցան Ս. Աշխէն եւ Ս. Տրդատ մատուռ, ուր «Տէրունական աղօթքի» երգեցողութեամբ հոգեպարար պահ մը ունեցան։ Հոգեպնդիչ էր տեսնել 40 հոգեւորականներու միացեալ խմբումը եւ լռութեան ու խաղաղութեան մէջ անոնց կատարած աղօթքն ու խոկումը: Անոնք շրջագայեցան Ազգային Առաջնորդարանէն ներս, ծանօթացան Առաջնորդարանի պաշտօնէութեան եւ տարած աշխատանքներուն։

Երեկոյեան, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդին եւ մասնակցութեամբ երեք թեմերու հոգեւորականաց դասերուն։ Պատարագեց ու քարոզեց Քանատայի Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձր. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան։ Ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, Ազգ. Վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի եւ քոյր միութեանց անդամներ, ինչպէս նաեւ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցիչներ եւ բարձրագոյն դասարաններու աշակերտներ։

Նախքան պատարագիչ Սրբազանին քարոզը, Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանը իր սրտի խօսքը արտասանեց։ Ան նախ փառք ու գոհունակութիւն յայտնեց Աստուծոյ միասնաբար Ս. Պատարագին մասնակից եւ աղօթակից դառնալու համար։ «Անցնող օրերու ընթացքին Հիւսիսային Ամերիկայի միացեալ համագումարի մասնակից հոգեւորականներս Թարգմանչաց սերունդի պատգամին ընդմէջէն վերանորոգուեցանք՝ մեր ծառայական երթը շարունակելու եւ Տիրոջ անդաստանէն ծառայելու», նշեց ան։ Ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց համագումարի ընթացքին տարուած աշխատանքները եւ ազգային վարժարաններ այցելութիւնները, ինչպէս նաեւ համագումարի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողմէ երեք Թեմերուն ուղղուած վերակազմակերպման տասնամեայ ծրագրի աշխատանքներու ծրագիրը։ Այս առթիւ, ան ողջունեց Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպպոս Ազգ. վարժարանի աշակերտութիւնը, որ ներկայ էր Ս. Պատարագին։ Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը ուղղելով ժողովուրդին, խնդրեց որ աղօթեն հոգեւորականներուն համար, որպէսզի անոնք շարունակեն ծառայել Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին։ Ան նաեւ յայտարարեց, որ «Տէր ողորմեա»ի ժամանակ յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի Հիւսիսային Սուրիոյ շրջանի բնակիչներւն համար, որոնք այս օրերուն Թուրքիոյ յարձակումներուն կ’ենթարկուին։

Թարգմանիչներու նուիրուած «Որք զարդարեցին» շարականէն ետք, պատարագիչ Սրբազանը իր օրուայ պատգամը փոխանցեց։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մատնանշեց, որ Թարգմանչաց Սերունդի հրաշքով Աստուած մեծ շնորհք ըրած էր հայ ժողովուրդին։ «Թարգմանչաց սերունդի ստանձնած գործը դիւրին չէր, այլ ծանր ու պատասխանատու աշխատանք էր, սակայն եւ այնպէս այդ աշխատանքը կեանքի կոչուեցաւ, որովհետեւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց կը զգար հայ ժողովուրդի սեփական գիրեր ունենալու անհրաժեշտութիւնը։ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի, անոր աշակերտներուն եւ յաջորդող սերունդներու գործունէութեան շնորհիւ մեր լեզուն հարստացաւ, մենք հա՛յ դարձանք, ա՛զգ դարձանք, ունեցանք ազգային ինքնութիւն՝ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ, եւ այդ ինքնութիւնը մեր լեզուն է, մեր հաւատքն է, մեր հոգեմտաւոր արժէքները՝ մեր նախնիներէն կտակուած։ Թարգմանչաց սերունդի աշխատանքին ընդմէջէն Աստուած հայերէ՛ն խօսեցաւ, Ան մեզի հետ մեր լեզուո՛վ խօսեցաւ եւ այդպիսով մեր հաւատքը աւելի՛ եւս ծաղկեցաւ ու զօրացաւ։ Հետեւաբար, այսօր, գիտակցինք եւ հասկնանք մեզի կտակուած ոսկեդարու ժառանգութիւնը՝ հայերէ՛ն խօսելով, մեր հաւատքը պահպանելով եւ շարունակելով մեր յաղթական ուղին՝ մեր հայրերու ոգիով զսպանակուած», ընդգծեց Քանատայի Թեմի Առաջնորդը։

Ս. Պատարագի աւարտին, երգուեցաւ «Ի վեհ բարձանց» եւ «Կիլիկիա» մաղթերգները։

Ապա, հիւրընկալութեամբ Եկեղեցւոյ Հովիւին եւ Հոգաբարձութեան, եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք մը, որու ընթացքին Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանի աշակերտութիւնը ասմունքով, երգով եւ պարով հանդէս եկաւ։ Իսկ Բարշ. Սուրէն Սրկ. Հազարեան եւ Տիար Յովհաննէս Պալեան իրենց դիւթիչ ձայնով մեներգեցին։ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան ելոյթ ունեցաւ եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց հոգեւորականաց համախմբումին համար եւ ընդգծեց, որ Հայ Եկեղեցին նոյն նախանձախնդրութեամբ ու պատասխանատուութեամբ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը։ Իրենց սրտի խօսքերը նոյնպէս փոխանցեցին Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը, որոնք վերանորոգութեան կոչ ուղղեցին թէ՛ հոգեւորականներուն եւ թէ ներկայ ժողովականներուն։ Նշենք, որ ընթրիքի աւարտին հոգեւորականներուն յուշանուէրներ փոխանցուեցան։

Ընթրիքը աւարտեցաւ «Մեր Հայրենիք» քայլերգով։

Ուրբաթ, 11 Հոկտեմբերին, ժողովական հոգեւոր հայրերը վերանորոգ հաւատքով վերադարձան իրենց Թեմերը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022