Շաբաթ, 12 Հոկտեմբեր 2019-ին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին պիտի նշէ Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնը։
Ինչպէս ծանօթ է, երկու տարին անգամ մը Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Թեմերու հոգեւորականաց միացեալ համագումար մը տեղի կ’ունենայ։ Այս տարի, համագումարը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 8էն 11, Արեւմտեան մեր Թեմէն ներս, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ, կազմակերպութեամբ Թեմիս Կրօնական Ժողովին եւ հիւրընկալութեամբ Տաճարի հոգեւոր տեսուչին, հովիւին եւ հոգաբարձութեան։ Համագումարին պիտի նախագահեն երեք Թեմերու Առաջնորդները՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան (Արեւմտեան Թեմ), Բարձր. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան (Արեւելեան Թեմ) եւ Բարձր. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան (Քանատայի Թեմ)։
Համագումարը պիտի ընդգրկէ ժամերգութիւններ, հոգեւոր խորհրդածութիւններ, զեկուցումներ ու դասախօսութիւններ, եւ այցելութիւններ Ազգ. Մեսրոպեան եւ Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարաններ։ Պիտի արծարծուին Թեմերու վերակազմակերպման եւ այլ հասարակաց հարցեր ու պիտի մշակուին միացեալ ծրագիրներ։
Հինգշաբթի, 10 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդին եւ մասնակցութեամբ երեք թեմերու հոգեւորականաց դասերուն։ Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Քանատայի Թեմի Առաջնորդը։
կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդակից դառնալու Սբ. Թարգմանչաց Վարդապետաց աւանդին։