Միասնական Աղօթք Հայրենի Նահատակ Զինուորներու

Կիրակի, 18 Սեպտեմբեր 2022-ի առաւօտեան, Պըրպէնքի Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ, Արեւմտեան Ամերիկայի հայ հոգեւոր Առաջնորդներ համայնական աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, վասն անսասանութեան Հայաստան աշխարհի եւ նահատակ զինուորներու հոգւոցն լուսաւորութեան, առ ի մխիթարութիւն իրենց ընտանիքներուն եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին:

Այս առիթով Ս. Պատարագ մատոյց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան: Յընթացս Սրբազան արարողութեան, համանախագահութեամբ Առաջնորդ սրբազաններու՝ Գերշ. Տ. Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեանի եւ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք, հայրենիքի վերանկախացման տօնին առիթով, մասնակցութեամբ սրբազան Արքեպիսկոպոսներու, Վարդապետ եւ Քահանայ հայրերու, ներկայութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդէն ներկայացուցիչներու, ազգային ղեկավարներու եւ հաւատացեալ հոծ բազմութեան մը:

Որքան գօտեպնդիչ էր եւ յուսաբեր հայ ազգի զոյգ Վեհափառ Կաթողիկոսներու՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետի, աղօթաշունչ եւ ռազմունակ պատգամներուն ընթերցումը եկեղեցւոյ խորանէն, կատարողութեամբ զոյգ Առաջնորդներու, որոնք իրենց հօտին հետ մէկ սիրտ եղած՝ ներքուստ նաեւ աղերսեցին Երկինքի միջամտութիւնը, հայրենի հողերու ու հայ ազգի փրկութեան եւ շրջանի մէջ խաղաղութեան հաստատման համար:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022