Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութեան Ներկայացուցիչները Այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան

Հինգշաբթի, 1 Օգոստոս 2019-ին, Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելոսի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութեան Վարչութեան ներկայացուցիչներուն, գլխաւորութեամբ` ատենապետուհի Տիկին Եսթեր Չէլէպեան-Թոկնոզիի։

Հանդիպումը առիթ ընծայեց խօսելու Միութեան գործունէութեան մասին։ Յարգելի հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր շարունակական զօրակցութեան համար եւ նուիրեցին նոր հրատարակուած Քեսապի ձօնուած պատկերազարդ յուշագիրքը, որուն մէջ ներկայացուած են Քեսապի 13 գիւղերը, ինչպէս նաեւ 2014-ին Սուրիական պատերազմին Քեսապի դէմ կատարուած յարձակումը։

Առաջնորդ Սրբազանը բարձրօրէն գնահատեց Միութեան անդամներուն հայանուէր գործունէութիւնը եւ վերահաստատեց Ազգ. Առաջնորդարանի աջակցութիւնը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022