Լոս Անճելըսի Board of Supervisorsը Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 101րդ Ամեակը


Լոս Անճելըս գաւառի Վերակացուներու Խորհուրդին՝ Board of Supervisors-ի անդամ Մայքըլ Անթոնովիչի հրաւէրով, Երեքշաբթի, 3 Մայիս 2016ին, տեղի ունեցաւ հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչում, որուն ներկայ եղան եկեղեցական ու համայնքային ներկայացուցիչներ: Այս ժողովը ամէն տարի յարգանքով կը խոնարհի 1915էն 1923 տարիներուն տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին առջեւ: Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ներկայ եղան Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Վասիլեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան: Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի հիւպատոս Տիար Վալերի Մկրտումեան:

Ներկաները ողջունելով՝ Մայքըլ Անթոնովիչ նշեց, որ այս խորհուրդը ամէն տարի աւանդութիւն դարձուցած է յիշատակել ու յարգանքով խոնարհիլ Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին, զօրակցիլ հայութեան արդար դատին: Ան հայ ներկայացուցիչներուն յանձնեց Ցեղասպանութեան 101րդ ամեակին առիթով յայտարարագիր մը:

Առաջնորդ Սրբազանը պատգամ մը ուղղած էր Անթոնովիչի ու խորհուրդի անդամներուն, շնորհակալութիւն յայտնելու համար, որ անոնք ամէն տարի հետեւողականօրէն կ’ոգեկոչեն յիշատակը հայութեան 1.5 միլիոն նահատակներուն եւ կը զօրակցին հայութեան դատին: Ան նշած էր, որ այս տարի եւս, հայութիւնը Ապրիլ ամսուան ընթացքին, աշխարհի տարածքին հրապարակային արտայայտութիւններով յիշեց եւ յիշեցուց իր անցեալի ու նորագոյն կորուստները եւ արդար պահաջները: «Որքան ալ որ ժամանակ անցնի Ցեղասպանութեան վրայէն, մենք պիտի շարունակենք հետապնդել մեր արդար պահանջները եւ յոյսով ենք, որ պիտի յաղթանակենք, շնորհիւ մեր ժողովուրդի միասնութեան ու Ձեզի նման բարեկամներու զօրակցութեան», ընդգծած էր Առաջնորդ Սրբազանը, յաջողութիւն մաղթելով այս մարմինին ծառայական աշխատանքներուն:

Խօսք առաւ Հայաստանի հիւպատոսը, որ գնահատանքով արտայայտուեցաւ այս նախաձեռնութեան մասին եւ գոհունակութիւն յայտնեց Ցեղասպանութեան ճանաչման օղակին ընդարձակման համար:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022