ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ

Ս. Կարապետ Հայց. Առաք. Եկեղեցի

LasVegasԱրժ. Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեան, Հոգեւոր Հովիւ

2054 East Desert Inn Road
Las Vegas, NV 89169

Tel/Fax: (702) 834-6344
Website: www.stgarabedlv.org
E-mail: InfoStGarabed@LVcoxmail.com

Նեւատա նահանգի Լաս Վեկաս քաղաքին մէջ, հայութեան թիւը զգալի յաւելում արձանագրած է վերջին տասնամեակներուն, ստեղծելով կազմակեպ համայնք դառնալու նախադրեալները։

Ազգային Առաջնորդարանը, բազմաթիւ տարիներէ ի վեր, հոգեւոր մատակարարութիւն տրամադրած է այս շրջանի հայութեան։ Կազմուած է համայնքային խորհուրդ մը, որ երկար ատեն սերտ կապեր պահած է Ազգ. Առաջնորդարանին ու շրջանի համայնքին միջեւ։

2006ին, Լաս Վեկասի հայկական համայնքը ապրեցաւ վերանորոգութեան ու վերաշխուժացման հանգրուան մը։ Նշանակուեցաւ ծխական նոր յանձնախումբ մը, որ նախկին նուիրեալներուն հետ գործակցաբար, ձեռնարկեց շրջանի հաւաքական կեանքին աւելի եւս կազմակերպման։

2009 տարին պատմական հանգրուան մը եղաւ Լաս Վեկասի ծխական համայնքին համար երբ շրջանը օժտուեցաւ սեփական կալուածով մը։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր Հովուապետական այցելութեան առիթով, Հոկտեմբեր 2011-ին կատարեց եկեղեցւոյ հիմնօրհնէքը։ Իսկ Հոկտեմբեր 2012-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց գմբէթի օրհնութիւնը։

Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ շինարարութեան աշխատանքը սկսաւ 2012ի ամառը եւ իր լրումին հասաւ 2013ի սկիզբը։ Եկեղեցւոյ օծումը կատարուեացաւ 14 Ապրիլ 2013-ին, ձեռամբ Բարձր. Տ. Մուղեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022