Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 18 Յուլիս 2017-ին, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմի, որուն կ’ընկերանար Ազգ. Վարչութեան նախկին անդամներէն եւ հիւպատոսարանի զօրակից Տիար Թորոս Քէչէճեան։
Լիբանանցի դիւանագէտը Ազգ. Առաջնորդարան եկած էր՝ Առաջնորդ Սրբազանը անձամբ հրաւիրելու Լիբանանի նուիրուած համագումարի մը, որ նախատեսուած է 23 եւ 24 Սեպտեմբերին, Լաս Վեկասի մէջ։ Համագումարը կը կրէ «Լիբանանի Ուժականութեան համաժողով – Հիւսիսային Ամերիկա» խորագիրը եւ երկրորդ տարին ըլլալով կը կազմակերպուի Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարին նախաձեռնութեամբ. ներկայ պիտի ըլլան լիբանանեան կառավարութեան, խորհրդարանի, Կեդրոնական Դրամատան, տնտեսական, ելեւմտական եւ այլ յարակից մարզերու ներկայացուցիչներ։ Լաս Վեկասի ժողովը առիթ պիտի ըլլայ ծանօթութիւններ հաստատելու լիբանանցի ներկայացուցիչներու հետ, նաեւ լայն ծանօթութիւններ ունենալու Լիբանանի յիշեալ մարզերու գործունէութեան ու ծրագիրներուն մասին։ Նշենք, որ Տիար Թ. Քէչէճեան անդամ է այս համագումարի կազմակերպիչ յանձնախումբին։
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ այս ու նման նախաձեռնութիւններու մասին, որոնք ոչ միայն կը նպաստեն Լիբանանի հետ նախկին լիբանանցիներու կապերուն պահպանման, այլ նաեւ առիթ են ներդրում ունենալու Լիբանանի բարգաւաճման ծրագիրներուն մէջ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց գլխաւոր հիւպատոսին տուած լուսաբանութիւններուն մասին եւ յաջողութիւն մաղթեց համագումարին։