Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանի Այցելութիւնը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 6 Մարտ 2018-ի յետմիջօրէին, Ազգ. Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Տիար Աւետիս Կիտանեանի, որ Հիւսիսային Ամերիկայի շարք մը համայնքներ այցելութեանց ծիրին մէջ եռօրեայ այցելութեան մը համար Լոս Անճելըս կը գտնուէր եւ տեղեկութիւններ կը տրամադրէր Լիբանանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններու մասին։ Անոր կ’ընկերանար Հայ Դատի ծառայողներէն Տիար Գարեգին Խանճեան։ Հանդիպումին ներկայ եղան Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն Տիար Կայծակ Զէյթլեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ գանձապահ Տիար Աւօ Քէշիշեան։

Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք, Առաջնորդ Սրբազանը հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ մեր Թեմին մէջ յառաջիկայ ընտրութեանց հեռանկարով վերջին տարիներու աշխատանքներուն մասին, որոնք մեկնակէտ եւ ուղեցոյց ունեցած էին Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ այլ համայնքներու պետերու միջեւ տեղի ունեցած հաղորդակցութիւնները։ Տիար Կիտանեան ընդհանուր գիծերու մէջ սակայն սպառիչ կերպով լուսաբանութիւն տուաւ Լիբանանի մէջ յառաջիկայ Մայիսի սկիզբը նախատեսուած երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին, ընդգծելով, որ արտերկրի քուէարկողները առաջին անգամ ըլլալով իրաւունք պիտի ունենան ընտրութեանց մասնակցելու հեռակայ կարգով։ Ընդգծուեցաւ քուէարկութեանց մեծաթիւ մասնակցութեան հրամայականը, նկատի ունենալով, որ հայութիւնը միշտ ալ պարտաճանաչ եղած է Լիբանանի նկատմամբ իր պարտականութեանց եւ քաղաքացիական իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ։

Հիւր նախարարը ընդհանուր տեղեկութիւններ հաղորդեց նաեւ Լիբանանի ապրած զարգացումներուն մասին, յոյս յայտնելով, որ շրջանի տագնապները ընթանան դէպի լուծում, որմէ ետք, թէ՛ Լիբանանի եւ թէ դրացի երկիրներուն մէջ պիտի բացուին բարգաւաճման առիթներ։ Ան նաեւ լուսաբանութիւններ տուաւ նոր խորհրդարանին մէջ հայ ներկայացուցիչներու հաւանական թիւերուն եւ այլ խմբաւորումներու հետ ընտրական գործակցութեանց մասին, որոնք ընդհանուր առմամբ ստեղծած են հայութեան համար նպաստաւոր ընթացք։ Ինչ կը վերաբերի Լոս Անճելըսի մէջ քուէարկողներուն՝ Լիբանանի հիւպատոսարանը յատուկ միջոցառումներ պիտի որդեգրէ, դիւրացնելու համար քուէարկութիւնը։

Հրաժեշտէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազանը հիւր նախարարին ծանօթացուց Առաջնորդարանի տարբեր բաժանմունքները։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022