Մեծ Պահքի Առիթով Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգերոր Եղբայրակցութեան Կեդրոնը


Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 22 Մարտ 2017ին, այցելեց Ազգ. Առաջնորդարանի հոգածութիւնը վայելող Հայց. Առաքելական Հոգեւոր Եղբայրակցութեան կեդրոնը եւ Մեծ Պահոց մթնոլորտին մէջ մտերմիկ երեկոյ մը բոլորեց անդամներուն հետ: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Արժ.
buy prednisone online https://rxbuywithoutprescriptiononline.net/prednisone.html no prescription

Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան եւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան:

Հանդիպումը սկիզբ առաւ հոգեհանգստեան աղօթքով՝ վերջին ամիսներւն ննջած՝ Եղբայրակցութեան անդամներու յիշատակին: Ապա, հիւրընկալ վարչութեան ատենապետը՝ Աւօ եղբայր Գապաքչուզեան արտասանեց ողջոյնի խօսք մը, պատանի աշակերտներ ներկայացուցին կոկիկ յայտագիր մը՝ աղօթքներով, սաղմոսներով ու շարականներով:

Յայտագիրէն ետք, տեղի ունեցաւ Հսկումի հոգեպարար արարողութիւն, մասնակցութեամբ ներկաներուն: Աշակերտները արտասանեցին «Հաւատով Խոստովանիմ»ը:

Առաջնորդ Սրբազանը խօսք առնելով՝ ներկայացուց երկու միաբան հայրերը, ապա, մէջբերելով հռոմէացիներուն ուղղուած Պօղոս Առաքեալի նամակի 10րդ գլուխի 9րդ համարը, ուր Առաքեալը հաւատքի խոստովանութեան յորդորը եւ փրկութեան աւետիսը կու տայ հաւատացեալներուն, ընդգծեց, որ նոյն հաւատքով, այս երեկոյ մենք խոստովանեցանք որ Յիսուս Տէր է, մեր փրկիչն է. ապա, մաղթեց որ մեր հաւատքին համաձայն արժանի ըլլանք փրկութեան:

Օրուան հոգեւոր պատգամը տուաւ Հայր Թորգոմ, որ նշեց, թէ կը գտնուինք Մեծ Պահքի ժամանակամիջոցին մէջ, երբ իւրաքանչիւր հաւատացեալ կոչուած է ինքնաքննութեան եւ ինքնասրբագրումի։ Պահեցողութեան ընթացքին, մենք պէտք չէ միայն որոշ տեսակի ուտելիքներէ հեռու մնանք, այլեւ պէտք է հեռանանք մեր հոգին ապականող ու միտքը մթագնող երեւոյթներէն, առիթներէն եւ մտածումներէն։ Հաւատացեալ մարդուն պահեցողութիւնը ընդունելի եւ գնահատելի կ’ըլլայ յաչս Աստուծոյ, երբ այս կամաւոր զոհողութիւնը գործնական ողորմածասիրութեամբ իր պսակումը կ’ունենայ։

Աւօ Եղբայր արտասանեց շնորհակալութեան խօսք՝ Առաջնորդ Սրբազանին եւ հոգեւոր հայրերուն այցելութեան համար: Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Եղբայրակցութեան քրիստոնէավայել գործունէութեան եւ մեր եկեղեցւոյ հաւատարմութեան մասին:

Աւարտին, Եղբայրակցութիւնը ընթրիքով հիւրասիրեց հոգեւոր հայրերը: Ընթրիքի պահուն, արտասանուեցան շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խօսքեր: Ներկաները Առաջնորդ Սրբազանէն իբրեւ նուէր ստացան աղօթագիրքեր:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022