Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Այցելութիւնը Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական Խորհուրդի Երկու Անդամներու


Երեքշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2015ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր.
buy nolvadex online nouvita.co.uk/wp-content/themes/twentynineteen/fonts/en/nolvadex.html no prescription

Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Փօլ Գրիգորեանի եւ Տէյվիտ Ռիուի:

Փ. Գրիգորեան Առաջնորդ Սրբազանին ներկայացուց իր պաշտօնակիցը, որ քաղաքապետական խորհուրդի նորագոյն անդամն է: Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց Ռուի ընտրութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց իր հանրօգուտ ծառայութիւններուն մէջ:

Հանդիպումը առիթ եղաւ տեղեկութիւններ հաղորդելու Ազգ. Առաջնորդարանի ծառայական աշխատանքներուն մասին, ապա նաեւ խորհրդակցելու Լոս Անճելըս քաղաքի կարգ մը անմիջական հարցերուն շուրջ, մասնաւորաբար այն նիւթերուն, որոնք կը շահագրգռեն հայ ամերիկացի եւ քորէացի ամերիկացի համայնքները, այն նկատառումով, որ երկու համայնքներն ալ ներգաղթող հաւաքականութիւններ են, նոյն Աստուծոյ զաւակները, եւ կրնան սերտ գործակցութիւն ունենալ:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022