Յոբելենական Հանդիսութիւն Մեծանուն Խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեանի 90-րդ Տարեդարձին Առթիւ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան, Ուրբաթ, 22 Մարտ 2019-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Կեդրոնական Գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական հանդիսութիւն մը, մեծանուն խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեանի՝ ծննդեան 90-րդ տարեդարձին առիթով։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ եւ փոխանցեց իր գնահատանքի ու շնորհաւորական խօսքը։ Ներկայ էին Հայաստանի հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, հոգեւոր առաջնորդներ, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, միութեանց ներկայացուցիչներ, Համազգայինի ընտանիքն ու երաժշտասէրներու հոծ բազմութիւն մը։

Պատրաստուած էր կոկիկ յայտագիր մր, որուն ընդմէջէն հրամցուեցան Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան բացման խօսք, գեղարուեստական բաժին, յուշապատումի եւ տեսաերիզի միջոցով խմբավարի կենսագրականի ներկայացում, եւ Շրջանային Վարչութեան ատենապետի սրտի խօսք։ Յիշատակելի էր Հայաստանի Պետական երգչախումբի նախկին անդամներէն խումբի մը ելոյթը, խմբավարութեամբ Տիար Չէքիճեանին։ Ձեռնարկի ընթացքին, ձեռամբ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհիին եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն, խմբավարը Համազգայինի կողմէ պարգեւատրուեցաւ յուշատախտակով մը, ինչպէս նաեւ գնահատագիրներ յանձնուեցան Ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինոյի, Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի եւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանի կողմէ։

Յայտագրի յատուկ բաժիններով սրտի եւ օրհնութեան խօսքեր փոխանցեցին Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան եւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը։

Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանը դրուատիքով արտայայտուեցաւ Յ. Չէքիճեանի տաղանդին, մէջբերելով «հերոսներ կան եւ դիւցազներ կան. հերոսները կը յիշուին եւ դիւցազները երբեք չեն մեռնիր» խօսքը, խմբավարը նկատեց Աստուծոյ նուիրեալ շնորհալի հայորդի մը, որ սնած է Կոմիտասի շունչով ու ապա իր բազմաբեղուն վաստակով արժանացած է բազմաթիւ շքանշաններու, մաղթելով, որ ան 95-ամեակ եւ 100-ամեակ տօնէ առողջութեամբ, շեշտելով նաեւ, որ ան ոչ միայն «Ազգային Հերոս» է, այլ է՛ եւ պիտի մնա՛յ անմահն դիւցազն։ Ան ըսաւ. «Սիրելի Փրոֆէսօր, կ’աղօթեմ առ Աստուած, որ օրհնէ Ձեզ եւ արուեստագէտի իրա՛ւ հայու Ձեր հարուստ վաստակը, զայն ուռճացնելու բազմաթիւ տարիներ պարգեւէ, որպէսզի մեր երգի աշխարհը հեռու մնայ խոտորումներէ, եւ կոմիտասեան շունչով պարուրուած մեր դարաւոր երգը շարունակէ ծաղկիլ հայրենի եւ արտերկրի անդաստաններուն մէջ։ Ձեր վարձքը կատար, Ձեր ճիպոտը մնայ մի՛շտ դալար, յարգա՛նք Ձեզի, Աստուած օրհնէ Ձեզ։ Շնորհաւոր 90-ամեակ։ Բարի տարեդարձ։ Պատիւս արժանաւորաց», ապա մեծարեալին իբր նուէր յանձնեց խմբավարի ծննդավայր՝ Պոլսոյ հայ վարժարաններու մասին հրատարակուած պատմական գիրք մը, որուն մէջ յիշուած է Յ. Չէքիճեանի յաճախած Մխիթարեան վարժարանը։

Յայտագրի վերջաւորութեան խօսք առաւ յոբելեարը ըսելով, որ «աղօթքը իմ կեանքի ուղեցոյցն է, առանց աղօթքի ես օր չունեմ» եւ իր երախտագիտական զգացումները արտայայտեց յատկապէս Համազգայինին եւ յայտագիրի բոլոր մասնակիցներուն եւ իր կեանքին ու գործունէութեան մասին հրատարակուած գիրքը նուիրեց Համազգայինին։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022