Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի եւ Ազգային Վարչութեան հրաւէրով, Չորեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2014ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը Թեմիս հոգեւոր հովիւներու եւ հոգաբարձութեանց դիւաններու հետ։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ժողովի բացումը կատարելով, իր ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, շեշտելով, թէ փոխադարձ յարգանքով եւ գործակցութեան ոգիով մեր ծառայութիւնը կարելի կþըլլայ աւելի համադրել եւ զայն կիրարկել մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։
Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Խաժակ Տիգիճեան խօսք առնելով յաջողութիւն մաղթեց եւ գնահատեց սոյն հանդիպումը։
Ազգային Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Ռիմա Պօղոսեան բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն ըսելով թէ իրենց ներկայութեամբ կը քաջալերեն Ազգային Վարչութեան գործունէութիւնը։
Սոյն հանդիպումին նպատակն էր տեղեակ պահել հոգաբարձութիւնները Ազգային Վարչութեան կողմէ եկեղեցիներու ապահովագրութեան առնչութեամբ կատարուած ուսումնասիրութիւնը եւ որոշումը։ Այս առնչութեամբ տեղեկութիւններ փոխանցեցին Տեարք Վահան Պզտիկեան եւ Վահէ Թաւլեան։
Ներկաները առաւել լուսաբանութեան համար հարցումներ ուղղեցին եւ համապատասխան գոհացուցիչ բացատրութիններ ստացան։
Ապա, Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան որոշ թելադրութիւններ փոխանցեց անդամական ժողովներու կապակցութեամբ, իսկ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան զեկուցեց հաշուական տեղեկատուութեան հարցերու մասին։
Ներկաները գոհունակութեամբ ընկալեցին տրուած զեկոյցները. շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ մաղթեցին որ այս տեսակի հանդիպումներ յաճախակի կազմակերպուին։ Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր փակման խօսքով ու աղօթքով եւ “Կիլիկիա” խմբերգով։