Երեքշաբթի, 16 Յունուար 2018-ի յետ միջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան ներկայացուցիչներուն, որոնք Ազգ. Առաջնորդարան եկած էին շնորհաւորելու համար Առաջնորդ Սրբազանին Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը, ու զայն տեղեակ պահելու իրենց աշխատանքներուն մասին: Հանդիպումին ներկայ էին Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան եւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան:
Խորհրդակցութեան գլխաւոր նիւթը կազմեց ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի զաւակները ու յատկապէս երիտասարդութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու հոգեւոր արժէքներուն առաւել կապելու կարեւորութիւնը: Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազանին՝ Եղբայրակցութեան զանազան ձեռնարկներու իր տուած հովանաւորութեան եւ ծրագիրներու յաջողութեան գծով անոր զօրակցութեան համար։
Առաջնորդ Սրբազանը իր կարգին գնահատեց Եղբայրակցութեան աշխատանքները, շեշտելով մեր ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին մէջ անոր բերած յատուկ ծառայութիւնները։
Աւարտին, ներկաներուն տրուեցաւ Առաջնորդարանի հոգեւոր հրատարակութենէն օրինակներ։