Ոգեկոչման Ձեռնարկ Փրոֆ. Վահագն Տատրեանի Յիշատակին

Կիրակի, 15 Սեպտեմբեր 2019-ին, Պոլսահայ Միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի երեկոյ նուիրուած աշխարհահռչակ ցեղասպանագէտ եւ գիտաշխատող Փրոֆ. Վահագն Տատրեանի։

Այս առիթով, Պոլսահայ Միութիւնը յայտարարեց իր ձեռնարկած «Վահագն Ն. Տատրեան Ցեղասպանութեան Ուսումնականութեան» անուան մետալի շնորհումը, որ պիտի տրուի բոլոր այն ակնառու եւ միջազգայնօրէն նշանաւոր գիտնականներուն, որոնց հետազօտութիւնները եւ գործողութիւնները նպաստած են ցեղասպանութեանց կանխարգիլման եւ մարդկային արժանապատուութեան խթանման։ Առաջին պարգեւատրուողը եղաւ հանգուցեալ փրոֆէսորին մօտիկ բարեկամ եւ գործակից՝ Փրոֆ. Թանէր Աքչամը։

Յուշ երեկոյի ընթացքին կատարուեցան հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ մատաղօրհնէք։

Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Քամպուրեան ներկայ գտնուեցաւ հանդիսութեան եւ կատարեց մատաղօրհնէքի արարողութիւնը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022