Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի Աշակերտները Ս. Ծննդեան Տօնի Մթնոլորտով Ջերմացուցին Ազգ. Առաջնորդարանի Յարկը


Թէեւ Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016ի առաւօտը ամպոտ էր եւ քիչ մը ցուրտ, սակայն Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի աշակերտները Ամանորի ու Ս. Ծննդեան տօներու պայծառութեամբ ու ջերմութեամբ համակեցին Ազգային Առաջնորդարանի յարկը, իրենց երգերով, արտասանութիւններով ու պարերով փարատելով դուրսի աշխարհի ներգործութիւնը:

Տարիներու աւանդութիւն է, որ Ազգային Վարժարաններու աշակերտներ, տօնական այս օրերուն, Ազգային Առաջնորդարան այցելեն եւ գեղարուեստական արտայայտութիւններով շնորհաւորանք մատուցելով՝ ստանան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի օրհնութիւնը: Մեսրոպեան Վարժարանի աշակերտները այս իմաստով բացումը կատարեցին տօնական եղանակին: Չորրորդէն եօթներորդ կարգի աշակերտները, առաջնորդութեամբ իրենց տնօրէնին՝ Տիար Դաւիթ Ղուկասեանի եւ ուսուցիչներու, Ազգ. Առաջնորդարան ժամանեցին եւ դիմաւորուեցան Առաջնորդ Սրբազանին կողմէ, որ իր կողքին ունէր Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիւանեանը: «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ աղօթքի պահէ մը ետք, բոլորը անցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը, ուր իրագործուեցաւ աշակերտներուն պատրաստած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրը:

Բացման խօսքը արտասանեց եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց վերին կարգի աշակերտներէն Ալեքս Մանուկեան: Ան վարժարանի տնօրէնին, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն ողջոյնները եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ Տէր Հօր, կանգ առաւ աւանդական այս այցելութեան իմաստին վրայ, նշելով, որ Սփիւռքի մէջ հասակ առնող սերունդներ կարիքը ունին առաջնորդող ձեռքերու:

Գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ Ս. Ծննդեան տօնին յատուկ շարականներով ու երգերով, զոր կատարեցին աշակերտները, դաշնակի ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցչուհիին՝ Տիկին Անահիտ Խաչիկեանի: Յայտագիրը զարգացաւ պարերով, արտասանութիւններով ու երգերով, ինչպէս նաեւ բարի մաղթանքներու արտայայտութիւններով:

Յայտագիրի աւարտին, հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, որպէսզի ուղղէ իր պատգամը. ան յանուն վարժարանին՝ տնօրէնին հետ միասին տօնին յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Առաջնորդ Սրբազանին:

Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութեամբ ողջունեց բոլորը, իր կարգին շնորհաւորեց ներկաները՝ տօնական օրերուն առիթով եւ մաղթեց, որ լիցքաւորուին Աստուծոյ շնորհքներով: Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ Յիսուս Մանուկը ծնաւ համեստ մսուրի մը մէջ, ցուրտ գիշեր մը, սակայն անոր ծնունդով, աշխարհը լուսաւորուեցաւ սքանչելի խորհուրդներով, մարդուն կեանքը վերանորոգուեցաւ յոյսով. Յիսուս աշխարհ եկաւ իբրեւ փրկիչ, որպէսզի մեղաւոր մարդը փրկուի իր մեղքերէն, անոր ծնունդով՝ Աստուծոյ փառքին լոյսը ծագեցաւ մարդուն կեանքին մէջ, մարդիկ զարդարուեցան նոր շնորհքներով, նոր լոյս ունեցան. ամանորը ուրախութեան եւ վերանորոգումի առիթ է բոլորիս համար, կը թելադրէ մանաւանդ ապրիլ խաղաղութեամբ, հոգիի հանգստութեամբ. ու եթէ պատահի, որ առօրեայ դժուարութիւններ տխրութիւն պատճառեն, պէտք է դիմել երէցներուն՝ տնօրէնին, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն, ու անոնց բացուելով՝ վերագտնել հոգիի խաղաղութիւնը, որովհետեւ, ինչպէս հրեշտակներու երգին մէջ կը տեսնուի, Ս. Ծննդեան առիթով՝ խաղաղութիւնը Աստուծոյ կողմէ մարդկութեան տրուած մեծագոյն պարգեւն է: Ան աշակերտները յորդորեց սիրել զիրար եւ ապրիլ խաղաղ հոգիով: Վերջապէս, ան գոհունակութիւն արտայայտեց, որ Մեսրոպեան Վարժարանի աշակերտները եղած են Ս. Ծննդեան ու ամանորեան աւետիսը Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին տակ հնչեցնող առաջին խումբը, օրհնեց բոլորը եւ մաղթեց, որ անոնք վայելեն Աստուծոյ շնորհքները:

Հանդիպումը վերջ գտաւ աղօթքով, ապա, բոլորը խմբային լուսանկար մը ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի մուտքին, ստացան յուշանուէրներ՝ խաչեր:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022