Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիսապետեց Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Միջինքի Արեւագալի Արարողութեան


Ընդառաջելով Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Հոգեւոր Տեսուչին, Հովիւին, Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց Միութեան հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 22 Մարտ 2017ին հանդիսապետեց Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Միջինքի արարողութեան ու անոր յաջորդած պահքի ճաշկերոյթին:

Առաւօտուն, տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն. Առաջնորդ Սրբազանին աղօթակից էին Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան ու Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան: Հաւատացեալներուն կողքին, ներկայ էին Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի տնօրէնը՝ Տիար Դաւիթ Ղուկասեան, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ:

Իր հոգեւոր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաջին հերթին ողջունեց ներկայ հաւատացեալներն ու Ս. Խաչ Մայր Տաճարի մեծ ընտանիքի անդամները, ապա ներկայացուց Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեանն ու Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանը, որոնք Լոս Անճելըս ժամանեցին մեր Թեմին մէջ հոգեւոր ու վարչական ծառայութիւններ մատուցելու համար։

Վեր առնելով Մեծ Պահոց եւ Միջինքի օրուան խորհուրդը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նշեց, որ Միջինքը Մեծ Պահոց 24րդ օրն ըլլալով՝ հոգեւոր ճանապարհորդութեան կէսն է եւ լաւագոյն առիթը ինքնաքննարկումի, ինքնասրբագրութեան եւ ինքնաքննութեան, տեսնելու համար, թէ որքանո՞վ կրցած ենք անսալ խոնարհութեան, բարեսրտութեան եւ հոգեւոր վերանորոգութեան թելադրանքներուն:

Խօսելով Մեծ Պահոց շրջանի անցնող Կիրակիներուն եւ անոնց խորհուրդներուն մասին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ «Մեր Եկեղեցւոյ հայրերը Մեծ Պահոց իւրաքանչիւր Կիրակին օժտած են խորհուրդով մը, որոնք արթնութեան եւ զգօնութեան ղօղանջներ են եւ Աստուծոյ կամքին հնազանդութեամբ՝ առաքինութեան, ներողամտութեան ու երախտագիտութեան յորդորներ: Եթէ երբեք Մեծ Պահոց առաջին կիսուն թուլութիւններ, տկարութիւններ եւ խարխափումներ ունեցած ենք, ապա Միջինքը լաւագոյն առիթն է հաւատքի եւ ուխտի վերանորոգութեան», ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ մաղթեց, որ Մեծ Պահոց երկրորդ կէսը կարենանք ապրիլ ուխտի վերանորոգման ոգիով, որպէսզի արդար հոգիով, մաքուր սրտով եւ տոկուն հաւատքով դիմաւորենք Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը:

ՃԱՇԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը կազմակերպած էր Պահքի հիւրընկալութիւն մը՝ հովանաւորութեամբ Տիկին Անուշ Մարթայեանի եւ ներկայութեամբ եկեղեցւոյ բարերարներուն ու բարեկամներուն։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հոգեւոր դասուն հետ միասին կատարեց սեղանի օրհնութիւնը։ Բացման ու բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Տիկնանց Միութեան անդամներէն Տիկին Էլիզապէթ Խանճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկին Ա. Մարթայեանին։ Ապա, յանուն Տիկնանց Միութեան՝ ծաղկեփունջ մը յանձնուեցաւ հովանաւորին, որ իր կարգին իր սրտի խօսքը արտասանեց:

Ճաշի պահուն, Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը եւ իրենց երգերով ու ասմունքներով ճոխացուցին մթնոլորտը:

Փակման իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս անդրադարձաւ Միջինքի խորհուրդին եւ Մեծ Պահոց շրջանին հաւատացեալ քրիստոնեայի պարտականութիւններուն, մաղթելով, որ յառաջիկայ շաբաթները ըլլան Ս. Յարութեան տօնին հոգեպէս պատրաստութեան շրջան մը, այնուհետեւ օրհնեց ու գնահատեց աշակերտներն ու ձեռնարկի կազմակերպիչները՝ բարձր գնահատելով եկեղեցւոյ նուիրեալ ծառայողները։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022