Հինգշաբթի, 9 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ազգային Վարչութեան անդամ՝ Տիար Կարպիս Պեզճեան (Սան Ֆրանսիսքօ) հեռաձայնային կապ մը հաստատեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ եւ յանուն իր Տիկնոջ՝ Մայտա Պեզճեանի ու Պեզճեան ընտանիքին, բեղուն գործունէութիւն մաղթեց նորընտիր Առաջնորդին՝ իր քրիստոսանուէր առաքելութեան մէջ։ Այս առիթով, Պեզճեան ամոլը առ ի զօրակցութիւն Առաջնորդ Սրբազան Հօր գործունէութեանց՝ 10 հազար տոլար կը նուիրէ Ազգային Առաջնորդարանին։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Օրհնութեան Եւ Գնահատանքի Խօսքը
Սկիզբ իմաստութեան երկիւղ Տեառն է (Առակ 1.7) Պատուարժան Տնօրէնութիւն, Գոհութիւն եւ փառք կը վերառաքենք առ Հայրն մեր Աստուած, Որուն մաքուր... [...]