Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչունեան Տօնին Առթիւ


Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնը Թեմիս համար ուրախութեան առիթ է, որովհետեւ անիկա Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ օրն է:

Աւանդութիւն դարձած քաղցր սովորութեան համաձայն, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ ծխական մեծ ընտանիքը այս տարի եւս, Կիրակի 17 Յունուար 2016-ին, մեծաշուք հանդիսութեամբ, ժամերգութեամբ, եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով, յաւուր պատշաճի քարոզով ու սիրոյ սեղանի շուրջ տօնախմբութեամբ ապրեցաւ այս տօնը:

Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պատարագեց ու տօնին խորհուրդը վեր առնող իր պատգամը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն: Ան նաեւ ներկայացուց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հայրապետական պատգամը, որ 2016ը կը հռչակէ «Ծառայութեան Տարի»: Ս. Սեղանին կը սպասարկէին մեր Թեմին մէջ ծառայութեան կոչուած՝ Մեծի Տանն կիլիկիոյ միաբանութեան երկու անդամները՝ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան եւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, եկեղեցւոյ սարկաւագներ ու դպիրներ: Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներ՝ Տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան ու Դոկտ. Գալուստ Յակոբեան, հոգաբարձական ու երեսփոխանական կազմերու նախկին եւ այժմու անդամներ, Հ.Յ.Դ.ի «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Տիար Զոհրապ Մահտեսեան, եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարն ու օծման կնքահայրը՝ Տիար Վահէ Կարապետեան, եկեղեցւոյ Ս. Խորանի բարերարը՝ Տէր եւ Տիկ. Յակոբ եւ Հայկուհի Տաղլեան, Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի Տնօրէնուհին՝ Դոկտ. Ալինէ Դուրեան, Տիկնանց Միութեան, Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի, Հայ Դատի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, Հ.Օ.Մ.ի, Տարօն Տուրուբերան Հայրենակցական Միութեան, Րաֆֆի Ռումանահայ Մշակութային եւ Հայրենակցական Միութեան, Հայց. Առաքելական Եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան, գաղութի զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներ ու բարերարներ:

Սրբազան Հայրը իր պատգամը սկսաւ փառք տալով Աստուծոյ, որ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան այս տօնին ի մի խմբուած ենք վերանորոգելու մեր ծառայական ուխտը: Ան ողջունեց շաբաթ մը առաջ, Անթիլիասէն մեր Թեմը ժամանած երկու միաբան հայրերը, որոնք կը ծառայէին Ս. Սեղանին, եւ իբրեւ հոգեւոր հովիւներ՝ պիտի պաշտօնավարեն Ֆրեզնոյի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի մեր ծխական համայնքներուն: Ան նաեւ ողջունեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանը, Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները, Երեսփոխանները, Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց Միութեան անդամները եւ բոլոր ծառայողներն ու բարերարները, գնահատելով անոնց նուիրումը:

Մեկնելով Յովհաննէս Մկրտիչի մասին շարականագիր Հայրապետին բառերէն, ուր կը յիշուի թէ Մեծ Կարապետը Աստուծոյ ընտրեալն էր՝ Անոր խօսքը քարոզելու եւ Արդարութեան Արեգակին ճամբան պատրաստելու, Առաջնորդ Սրբազանն ալ աղօթք բարձրացուց, որ Մեծ Մարգարէն հաւատացեալներուն համար բարեխօս ըլլայ Աստուծոյ մօտ: Ան անդրադարձաւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի հրաշալի ծնունդին եւ անուանակոչութեան պայմաններուն, վեր առաւ անոր նկարագրային գիծերը՝ իբրեւ օրինակ համեստութեան, ծառայութեան եւ խոնարհութեան, նշելով, որ 2016 տարին «Ծառայութեան Տարի» հռչակելու Վեհափառ Հայրապետին պատգամը լաւագոյն ձեւով կ’արձագանգէ Յովհաննէս Մկրտիչի ծառայական կեանքին: Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ Յովհաննէս Մկրտիչ ամէնէն մեծ մարգարէն էր, Աստուծոյ կողմէ ընտրուած էր յատուկ առաքելութեան մը համար, որպէսզի քարոզէ Աստուծոյ խօսքը, պատրաստէ Աստուածորդւոյն առաքելութեան ուղին: Ան իր առաքելութիւնը կատարեց համբերութեամբ, համեստութեամբ եւ խոնարհութեամբ, գիտնալով ու քարոզելով՝ որ իրմէ ետք եկողը պիտի աճէր ու պիտի դասուէր իրմէ բարձր, իսկ ինք պիտի մեղմանար: Առաջնորդ Սրբազանը հաւատացեալները յորդորեց որ հետեւին Յովհաննէս Մկրտիչի օրինակին, մեր եկեղեցւոյ, ազգին ու ժողովուրդին ծառայեն համեստութեամբ, խոնարհութեամբ, եսը մէկդի դնելով, եւ թող տօնական այս օրը ըլլայ ծառայական ուխտի ու նուիրումի վերանորոգութեան առիթ:

Սրբազան Հայրը իր պատգամին երկրորդ բաժինով ներկայացուց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրապետական պատգամը, որ 2016ը կը հռչակէր «Ծառայութեան Տարի», կոչ ուղղելով, որ պատգամին ոգին կենսաւորուի ծառայական մեր կեանքին մէջ:

Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ եւ մատաղի օրհնութիւն. «Ամէն, Ալէլուիա»ի երգեցողութեամբ օրհնուեցաւ նուիրաբերուած մատաղը, եւ աղօթքներու ընդմէջէն խնդրանք բարձրացուեցաւ առ Աստուած, բժշկութիւն եւ մեղքերու թողութիւն շնորհուի զայն ճաշակողներուն ու նուիրատուներուն: Սրբազանը իր ձեռքին ունէր Ս. նահատակներուն աճիւնները պարունակող նորաօծ ճաճանչաւոր խաչը, որ Ս. Ծննդեան ընթրիքի երեկոյին, յանձնուած էր հոգեւոր հովիւին: Ան արձակման աղօթքով օրհնեց ներկաները եւ յայտնեց թէ ինչ խորհուրդ կը պարունակէ այդ խաչը։ Ապա, հաւատացեալները երկիւղածութեամբ համբուրեցին ճաճանչաւոր խաչը:

ՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական սիրոյ ճաշի հաւաքոյթը։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ սեղանի օրհնութենէն ետք, եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ ներկայացուց յայտագիրը, շնորհակալութիւն յայտնելով Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի եւ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի տնօրէնութեան եւ աշակերտութեան, որոնք ամէն տարի գեղարուեստական յայտագիրով կը ճոխացնեն ճաշի մթնոլորտը:

Աշակերտներ հրամցուցին Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի մասին վկայութիւններ, հայրենասիրական արտասանութիւններ ու ազգային պարեր:

Այս հանդիսութեան առիթով, եկեղեցին ունի նաեւ բարի աւանդութիւն մը՝ գնահատել եկեղեցւոյ բազմավաստակ անդամներ: Այս տարի, պատիւի արժանացաւ եկեղեցւոյ եւ ազգային կեանքի վաստակաւոր ծառայողներէն եւ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանի մարզադաշտի նուիրատու ընտանիքի ներկայացուցիչ՝ Տիար Աբրահամ Թաշճեան:

Տէր Հայրը հակիրճ կերպով ներկայացուց մեծարեալին կենսագրական գիծերն ու ազգանուէր վաստակը, ապա հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներու հետ նուիրեց գնահատանքի յուշատախտակ մը, Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանի տնօրէնուհին Դոկտ. Ալինէ Դուրեան, իր կարգին, վարժարանին անունով յուշատախտակ մը յանձնեց մեծարեալին. գնահատագրեր յանձնուեցան նաեւ պետական անձնաւորութիւններէ, որոնք փոխանցուեցան Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներու կողմէ: Ապա Տէր Հայրը բեմ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, իր գնահատանքի խօսքը փոխանցելու։

Սրբազան Հայրը գնահատեց մեծարեալը, գնահատանքի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ կնքահայր՝ Տիար Վահէ Կարապետեանին եւ թելադրեց որ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի օրինակին հետեւինք։ Ան նաեւ գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութիւնը, երեսփոխանական կազմը, տիկնանց միութեան անդամները, Կիրակնօրեայ եւ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարաններու անձնակազմերը՝ իրենց նուիրեալ աշխատանքին համար:

Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը յատուկ կերպով գնահատեց օրուան մեծարեալը եւ յայտնեց, որ յանուն Ազգային Վարչութեան ու անձնապէս, ուրախութիւնն ունի շնորհելու գնահատագիր եւ օրհնութեան գիր մը, զոր Տէր Հայրը ընթերցեց։

Տիար Աբրահամ Թաշճեան, խորապէս զգացուելով իրեն ընծայուած պատիւներէն, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ բոլոր ներկաներուն։

Տօնական այս ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով ու «Կիլիկիա» մաղթերգով:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022